ՍՏԵՓԱՆ ԱԼԱՋԱՋԵԱՆԻ «ՎԵՐՋԻՆ ՀՈՒՆՁՔ»ԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ


ՍՏԵՓԱՆ ԱԼԱՋԱՋԵԱՆԻ «ՎԵՐՋԻՆ ՀՈՒՆՁՔ»ԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ

  • 25-11-2010 16:54:08   | ԱՄՆ  |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Ռամկավար Մամուլ Նոյեմբեր 24, 2010 ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ, Ուրμաթ, Նոյեմբեր 5, 2010-ի երեկոյեան ժամը 8.00-ին, Կլէնտէյլի Հանրային գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ վաստակաւոր գրագէտ, արձակագիր, Ռամկավար Ազատական Կուսակացութեան բազմամեայ, հաւատաւոր անդամ եւ Հայաստանի գրողներու Միութեան նախկին քարտուղար ընկ. Ստեփան Ալաջաջեանի «Վերջին Հունձք, 2005-2009» հատորին ներկայացումը։ Օրուան հանդիսավարն էր ընկ. Վաչէ Սեմերճեան։ Նախքան Հանդիսութեան բացումը, ան հրաւիրեց ներկաները յոտնկայս յարգելու յիշատակը Թէքէեան Մշակութային Միութեան հաւատարիմ վաղամեռիկ անդամ Յարութիւն Երէցեանին, որ իր մահով մեծ բաց կը թողուր գաղութիս մէջ հայ մշակոյթի տարածման աշխատանքներուն, մանաւանդ նկատի ունենալով ան միշտ ներկայ գտնուած էր հանրային գրադարանի սրահին աջակողմեան անկիւնի` մշակոյթի յատկացեալ գրասեղանին վրայ, առանց որեւէ μացառութեան։ Ընկ. Վաչէ Սեմերճեան հանդիսութեան ներկայ մշակութասէր հասարակութեան ներկայացուց գրագէտ Ստեփան Ալաջաջեանը, հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ ունեցած գրական իր աշխատութիւններով եւ վաստակով: Ապա, այդ մասին հանգամանօրէն անդրադարձան օրուան երեք զեկուցողները։ Առաջին զեկուցողը, բանաստեղծ Գէորգ Քրիստինեան, ներկայացուց «Պատմուածքներ» հրատարակութիւնը, ողջունելով մեծարեալը պատմողական եւ նկարագրական իր իւրայատուկ տաղանդին համար, որ կը բացայայտուէր «Պատմուածքներ» ժողովածուին մէջ։ Խորհրդային Միութեան շրջանէն սկսեալ, Ստեփան Ալաջաջեան հայ ժողովուրդին ներկայացուցած է, լեզուական իր առանձնայատկութեամբ, 22 պատմուածքներ, որոնք կը կրեն ազգային, անձնական, մարդկային եւ քաղաքական ներկայացումներ, զինք յստակօրէն առանձնացնելով այլ գրողնէ։ Արշակ Տիգրանեան վարժարանի ուսուցչուհի, օրդ. Ալվարդ Ուզունեան կարդաց «Պատմուածքներ» հատորէն «Արծիւն ու Հովիւը» պատմուածքը, ուր ակներեւ էին գրողին միտքերն ու նկարագրութիւնը, յստակօրէն պարզելով նաեւ իր ուղղած պատգամը։ Սարգիս Մահսէրեճեան, «Ասպարէզ» օրաթերթի աշխատակից, տեղական, ազգային եւ քաղաքական քննարկումներու ներկայացումով, հասարակական եւ ազգային գործունէութիւններով բեղուն հրապարակագիր, ներկայացուց Ալաջաջեանի «Յորձանուտ» գիրքի բովանդակութիւնը, ուր հեղինակը կը յուշագրէր սովետական միութեան իշխանութեան շրջանի պատահարներ, որոնք նկարագրուած էին գրական պատկերազարդ արտայայտութիւններով, բոլորովին հեռու չոր ու ցամաք նկարագրութիւններէ։ Այս գիրքին մէջ, Ալաջաջեան կը ներկայացնէ նաեւ այլախոհական շարժումներ որոնք ծիլ կ’առնէին Խորհրդային Միութեան մէջ, եւ որոնք ապագային պատճառ դարձան անոր տապալումին։ Մեծ շարժումներ, ինչպէս Չեխոսլաւաքիոյ յեղափոխական շարժումը իր բազմազան հետեւանքներով, բանաստեղծ Պարոյր Սեւակի կեանքն ու անոր դէմ տարուած աշխատանքները, ազգային ղեկավարներու գործունէութիւնները - Ստալինեան իշխանութեան տիրապետական տակաւին շարունակուող ազդեցութեան այդ շրջանին, Սիպերիա աքսորուածները, եւ Յովհաննէս Թումանեանի ու Կոմիտասի ծննդեան 100ամեակի տօնակատարութիւններու շրջանին պատահած իրադարձութիւնները։ Հեղինակը իր նիւթերը ներկայացուցած է նկարչական հսկայ պաստառի մը նման, զանազան գոյներով, յաճախ մէջբերելով աւելի փոքր պատահարներու նկարագրութիւններ, նման փոքր պաստառիկներու, որո համընկնին մեծ պաստառին - խայտաμղէտ գունազարդարումներով։ Հ.Բ.Ը.Մ-ի Մանուկեան-Տէմիրճեան վարժարանի ուսանողներ, փոքրիկներ՝ Նանոր եւ Փիթըր Տէր Պետրոսեաններ գեղարուեստական բաժնին մէջ, դաշնամուրի վրայ գեղեցկօրէն կատարեցին Արամ Խաչատուրեանի երաժշտական ստեղծագործութիւն- ներէն: Ընկ. Վաչէ Սեմերճեան կարդաց ընկ. Արամ Սեփեթճեանի ուղերձը ղրկուած Պէյրութէն, նուիրուած Ստեփան Ալաջաջեանի հայ մտքի եւ գիրի առաջնորդութեան եւ վաստակին։ Ուղերձը լոյս տեսած էր «Նոր Օր» շաբաթերթիս Նոյեմբեր 4 թիւին մէջ։ Ապա հրաւիրուեցաւ կրտսեր Սեփեթճեան, գրականագէտ ընկ. Հրաչ Սեփեթճեանը, որ կը պաշտօնավարէ Հ.Բ.Ը.Մ-ի Մանուկեան-Տէմիրճեան վարժարանին մէջ որպէս հայագիտական բաժնի ղեկավար, կ’աշխատակցի «Նոր Օր» շաբաթաթերթին, որպէս խմբագրական կազմի անդամ, «Մայր Եկեղեցի» հրատարակութեան` որպէս աշխարհական թղթակից, եւ կը տանի ազգային եւ հասարակական բազմազան գործունէութիւններ։ Ընկ. Հրաչ Սեփեթճեան ներկայացուց Ստեփան Ալաջաջեանի 326 էջերէ բաղկացած «Հայ Մամուլի Էջերէն»ը։ Գիրքը, իր քննարկումներով եւ քննադատումներով, հաւաքածոյ մըն է 21 հայ գրողներու հեղինակութիւններու մասին Ալաջաջեանի կատարած քննարկումներուն, լոյս տեսած հայկական թերթերու եւ հրատարակութիւններու մէջ։ Ալաջաջեան երկար տարիներով վարած է Հայաստանի գրողներու միութեան քարտուղարի պաշտօնը, ուր ան իր յանդուգն գրութիւններով կարողացած է ներկայացնել իր քննադատութիւնները։ Ան խօսած է նաեւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի շրջանին տեղի ունեցած պատահարներուն մասին, ակնարկելով օտար մեծ պետութիւններու միջամտութեանց եւ անոնց ծանրակշիռ հետեւանքներուն։ Ալաջաջեան ունի նաեւ անտիպ էջեր, որոնց մէջ կան գրաքննութիւններ, ինչպէս նաեւ վերլուծողական մտորումներ համաշխարհային երկրորդ պատերազմին, Հայոց Ցեղասպանութեան եւ անոր հանդէպ Անգարայի պահած աններելի կեցուածքին, ազգասիրութեան եւ ազգապահպանման մասին։ Յատկանշական է իր խօսքը հայրենասիրութեան մասին, երμ ան կ’ըսէ թէ հայրենիքէն հեռու ապրիլ չի նշանակեր հեռու մնալ, եթէ սրտով կը սիրես, իսկ եթէ ոչ, այն ժամանակ է որ չես սիրեր հայրենիքը։ Ալաջաջեան խօսած է նաեւ երկու եկեղեցիներու բաժանման իրավիճակի, սփիւռքի եւ հայրենիքի փոխադարձ յարաբերութիւններու եւ գործունէութիւններու մասնակցութեան եւ մանաւանդ հայրենիքի ներկայ կացութեան եւ բարոյական իրավիճակին մասին։ Գեղարուեստական բաժնի վերջին մասով Խաչիկ Նահապետեան ներկայացուց «Մեր Հայոց Լեզուն» երգը (խօսք եւ երաժշտութիւն Արմէն Մանդակունեանի), արժանանալով ներկաներու ջերմ գնահատանքին։ Վերջին խօսքով հանդէս եկաւ մեծարեալը, ընկ. Ստեփան Ալաջաջեան, շնորհակալութիւն յայտնելով հայ գրականութեան եւ պատմութեան ջատագովներուն, ԹՄՄ-ի, եւ ձեռնարկի կազմակերպիչ մարմնին։ Ձեռնարկը փակեց Հայց. եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի ներկայացուցիչ Դոկտ. Զաւէն Աւագ Քհնյ. Արզումանեան, իր սրտի խօսքով եւ պահպանիչ աղօթքով։ Յակոբ Մարտիրոսեան
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը