ՆՈՊԷԼԵԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿԱՒՈՐ ՆԱԻՓՈԼԷՆ ԽՆԴՐՈՒԵՑԱՒ ՈՐ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼ ՉԳԱՅ


ՆՈՊԷԼԵԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿԱՒՈՐ ՆԱԻՓՈԼԷՆ ԽՆԴՐՈՒԵՑԱՒ ՈՐ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼ ՉԳԱՅ

  • 24-11-2010 20:40:31   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Հնդիկ ծագումով Նոպէլեան մրցանակաւոր գրագէտ Վ. Ս. Նաիփոլ, որ »Իսթանպուլ Եւրոպայի Մշակոյթի Մայրաքաղաք« փառատօնի շրջագծով Իսթանպուլ հրաւիրուած էր որպէսզի Եւրոպացի Գրագէտներու Խորհրդարանի հաւաքոյթին բացման ճառախօսութիւնը ընէր վաղը որպէս Պատուոյ Հիւր, պիտի չկարենայ գալ իր անուան շուրջ ստեղծուած բանավէճի հետեւանքով։ Անսովոր կացութիւն ստեղծուեցաւ երբ Քրոնիկագիր Հիլմի Եավուզ իր սիւնակին մէջ գրեց որ Նաիփոլ իր գրութիւններուն մէջ նախատած է իսլամ կրօնքն ու մահմետականները։ Կը պնդուի որ Նոպէլեան մրցանակաւոր գրագէտը իր գրութիւններուն մէջ մահմետականները տեսած է որպէս յետադիմական գլխով, ստեղծագործական կարողութենէ զուրկ, ամէն գործի մէջ անյաջողութեան դատապարտուած մարդոց վոհմակ մը։ Այս հրապարակումէն վերջ Նաիփոլ յանկարծ դարձաւ անբաղձալի մարդ եւ հակառակ որ իրեն հրաւէր կատարուած էր որպէս պատուոյ հիւր, եւ հակառակ որ ճամբորդութեանց կարգադրութիւններն ալ կատարուած էին, այդ հրաւէրը ետ առնուեցաւ ու խնդրուեցաւ որ Իսթանպուլ չգայ։ Կը սպասուի որ Նաիփոլ լուսաբանութիւն մը ընէ իր անուան շուրջ ստեղծուած այս աղմուկը փարատելու համար։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը