ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՌԷԿՊԻԻ ԲԱՐՁՐԱՑՈՂ ԱՍՏՂԸ. 16ԱՄԵԱՅ ՍԱՍՈՒՆ-ՏԻԳՐԱՆ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ


ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՌԷԿՊԻԻ ԲԱՐՁՐԱՑՈՂ ԱՍՏՂԸ. 16ԱՄԵԱՅ ՍԱՍՈՒՆ-ՏԻԳՐԱՆ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ

  • 23-11-2010 21:36:12   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Ռէկպի՝ ամերիկեան ֆութպոլ մարզաձեւը, որ »տղամարդոց մարզաձեւը« կը նկատուի շատերու կողմէ, վերջին շրջանին հետաքրքրութիւն ստեղծած է նաեւ Հայաստանի մէջ, որուն ազգային խումբի «հայրերը» եղած են ֆրանսահայերը։ Ռէկպիի ամենանշանաւոր ակումբը եղած է Սփիւռքի համար Կալկաթայի հայկական ակումբը, որ բազմիցս շահած է Պէնկալի նահանգի ախոյենութիւնը եւ որուն շարքերէն յատկապէս փայլած է հնդկական ռէկպիի հայազգի աստղ՝ Արշամ Սուքիասը։ Սասուն-Տիգրան Մոսկոֆեանի անունը հայկական մարզական շրջանակներէն ներս լսելի պիտի դառնայ յառաջիկայ տարիներուն։ 16ամեայ տաղանդաւոր մարզիկը Անգլիոյ ռէկպիի ֆէտէրասիոնի անդամ է, եզրային յարձակուող Հէրթֆորթշայրի գաւառի «Օլտ Ալպանիըն» խումբին։ Ան միաժամանակ խմբապետն է Հէրթֆորթշայըրի ռէկպիի դպրոցին, որ բազմաթիւ բաժակներու եւ մրցանակներու տիրացած է։ Անգլիոյ ռէկպիի դպրոց կը հրաւիրուին ամէնէն տաղանդաւոր մարզիկները, որոնք ապագային կը ղրկուին լաւագոյն ակումբներ։ Այս պատանի հսկան, որ 1.78 մեթր հասակ ունի, զաւակն է Հայաստանի ճարտարագիտական համալսարանի շրջանաւարտ Վարդան Մոսկոֆեանի եւ իրաւաբան Շողիկ Որբերեանի։ Իր նպատակն է խաղալ Հայաստանի ազգային խումբի կազմէն ներս։ Այս երազը իրականացնելու համար ան արդէն դիմում կատարած է Հայաստանի ռէկպիի ֆէտէրասիոնի մօտ, որուն շարքերէն ելոյթ կ’ունենան սփիւռքահայ բազմաթիւ մարզիկներ։ Ճիշդ է որ այսօր դժուար է մրցիլ Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի, Աւստրալիոյ ու Նոր Զելանտայի նման հեղինակաւոր երկիրներու ազգային խումբերու դէմ, սակայն այս խիզախներու մարզաձեւը արդէն իսկ մեծ ժողովրդականութիւն սկսած է վայելել ո՛չ միայն հնդկահայութեան ու ֆրանսահայութեան մօտ, այլ նաեւ Հայաստանէն ներս։ Բաւական «արիւնալի» խաղաձեւ մը, սեխաձեւ գնդակով, որուն աստղերը եւս ժողովրդականութիւն կը վայելեն ֆութպոլային կուռքերու նման։ Սասուն-Տիգրան Մոսկոֆեան Լոնտոնի մէջ ծնած է եւ փոքր տարիքէն արտակարգօրէն աշխոյժ, բնածին մարզիկ մըն է։ Ռէկպիի այս բարձրացող աստղը կրնայ իր ծննդավայրին եւ Հայաստանի յոյսերէն մէկը ըլլալ։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը