ՅՈՒՆԱԿԱՆ ԿԻՊՐՈՍԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՀԱՅԱԶԳԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ «ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ» ՃԱՆՉՆԱԼՈՒ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵՑ


ՅՈՒՆԱԿԱՆ ԿԻՊՐՈՍԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՀԱՅԱԶԳԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ «ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ» ՃԱՆՉՆԱԼՈՒ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵՑ

  • 23-11-2010 21:22:10   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Յունական Կիպրոսի մայրաքաղաքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին մասնակցցած է երկրի Նախագահ Խրիսթոֆիաս եւ յանձնած է հայերու ուղղեալ գրաւոր հաղորդագրութիւն մը, ուր կը քննադատէր Թուրքիան եւ կը նշէր թէ յոյներ միշտ հայերու կողքին են։ «Մենք 1982ին ճանչցանք Հայոց ցեղասպանութւիը եւ դարձանք զայն ճանչցած առաջին եւրոպական պետութիւնը»,- կ’ըսուէր ուղերձին մէջ։ Պատարագէն ետք ելոյթով հանդէս եկաւ Յունական Կիպրոսի Խորհրդարանի նախագահ Մարիոս Կարոյեան, որ կոչ ուղղեց որ միջազգային հանրութիւնը ճանչնայ հայոց ցեղասպանութիւնը։ Կարոյեան պնդեց թէ «Թուրքիա պէտք է պատժուի իր գործած յանցանքներուն համար եւ շեշտեց որ վերջին շրջանին Թուրքիոյ ջանքերը՝ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու ուղղութեամբ, բոլորովին վստահելի չեն, քանի որ անոնք կը հետապնդեն յետին նպատակներ»։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը