ՔԸԼԸՃՏԱՐՕՂԼՈՒ ՏԻՅԱՐՊԱՔԸՐԸ ՊԻՏԻ ՏԱՐԱԾՔԱՇՐՋԱՆԻ ՓԱՐԻԶԸ ԴԱՐՁՆԷ


ՔԸԼԸՃՏԱՐՕՂԼՈՒ ՏԻՅԱՐՊԱՔԸՐԸ ՊԻՏԻ ՏԱՐԱԾՔԱՇՐՋԱՆԻ ՓԱՐԻԶԸ ԴԱՐՁՆԷ

  • 22-11-2010 18:09:18   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Քէմալ Քըլըճտարօղլու, որ հակազդելու համար Վարչապետ Էրտողանի այն դիտողութեան թէ ասոնք Սվազէն անդին չեն կրնար անցնիլ, գնաց Տիյարպաքըր, եւ, խօսքը լռելեայն մասնաւորելով քիւրտ հայրենակիցներու մասին, հոն զինքը դիմաւորող ժողովուրդին ըսաւ. »Ահաւասիկ հոս ենք, մեր մեծ հայրերը միասին կռուեցան ազգային ազատագրումի պատերազմի ընթացքին, մենք ալ աւելի ժողովրդավար երկրի մը մէջ եղբայրաբար պիտի ապրինք«։ Քըլըճտարօղլու շռայլօրէն յայտնեց թէ իր կուսակցութեան ճիտին պարտքն է Տիյարպաքըրը տարածքաշրջանի Փարիզը դարձնել։ Քըլըճտարօղլու, որ ժողովրդական ղեկավարի պատկեր ստեղծել կը ջանայ վիզին շուրջ վզնոց մը ու գլխուն ալ բանուորական գլխարկ անցընլով, Տիյարպաքըրի օդակայնին մէջ հայրենակիցներուն պայրամը շնորհաւորեց, ապա հանդիպում ունեցաւ կուսակցութեան շրջանային վարիչներուն հետ, բայց կրկին ակնարկելով քրտական ծագումով հայրենակիցներու, ըսաւ. »Մենք կը յարգենք այս տարածքաշրջանի մէջ բնակող քիւրտ հայրենակիցներու էթնիք ինքնութիւնը։ Ան շրջեցաւ Արուեստի փողոցի մէջ ու տեսակցութիւններ ունեցաւ տեղւոյն քիւրտ երիտասարդներուն հետ եւ ականջ տուաւ անգործութեան, քրտերէն լեզուի ուսուցման ու քրտական հարցի մասին անոնց պահանջներուն։ Քըլըճտարօղլու, որ իր խոստումներուն մէջ շռայլ է, Տիյարպաքըրէն բաժնուելէ առաջ լրագրողներուն ըսաւ որ նոր Ճէ-Հէ-Փէն սոսիալ տէմօքրաթ իր քաղաքականութեամբ շուտով պիտի դառնայ տարածքաշրջանի ուժերէն մէկը։ Երբ հարցուեցաւ թէ Քիւրտերու հետ սիրոյ յարաբերութիւնները կը վերակենդանա՞ն այս կերպով, Քըլըճտարօղլու ըսաւ որ »Սէրը արդէն չի մեռնիր, եթէ իրական է«։ Տիյարպաքըրէն վերջ Քըլըճտարօղլու անցաւ Ուրֆա ու հոն անցաւ Սիվէրէկ, ուր ժողովուրդին խոստացաւ Սիվէրէկը նահանգի վերածել։ »Իմ խոստումը պաշտօնեայ Քէմալին, արհեստաւոր Քէմալին, բանուոր Քէմալին խոստումն է« ըսաւ Քըլըճտարօղլու։ Հիմա Սիվէրէկի ժողովուրդը պէտք է սպասէ որ Ճէ-Հէ-Փէ իշխանութեան գլուխ գայ, որպէսզի տեսնէ թէ այս խոստումը պիտի յարգուի՞ թէ ոչ։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը