ՉԱՆԱՔՔԱԼԷԻ ՀԻՆ ՀԱՅՈՑ ԵԿԵՂԵՑԻԻՆ ՄԷՋ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ


ՉԱՆԱՔՔԱԼԷԻ ՀԻՆ ՀԱՅՈՑ ԵԿԵՂԵՑԻԻՆ ՄԷՋ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ

  • 15-11-2010 18:07:56   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Աղթամարի եկեղեցիի մէջ կատարուած արարողութենէն ասդին շատերու ուշադրութիւնը կեդրոնացած է հոս հոն մնացած հին հայկական եկեղեցիներու վրայ։ Ասոնցմէ մէկն ալ հիմա Չանաքքալէի հայոց եկեղեցին է։ »Պիրկիւն« թերթի մէջ Ատնան Թէօնէլի ստորագրութեամբ հրատարակուած է յօդուած մը, ուր յօդուածագիրը ցաւ կը յայտնէ թէ Չանաքքալէի հայոց հին եկեղեցին հիմա կը գործածուի սխալ նպատակներով, մինչդեռ պէտք է որ ան վերանորոգուի ու պաշտամունքի բացուի, կամ գոնէ թանգարանի վերածուի։ Այս շէնքը 2006 թուականէն ի վեր համալսարանական դասընթացքներու յատկացուած է։ Յօդուածագիրը դիտել կուտայ որ Թուրքիոյ հողերուն վրայ Քրիստոնեաներու համար շատ կարեւոր սրբատեղիներ կան։ Ասոնք մզկիթներու ու սինակոկներու հետ շատ գեղեցիկ ներդաշնակութիւն մը կը կազմեն։ Միայն թէ Թուրքիա տկարութիւններ ունի այսպիսի սրբատեղիները պահել-պաշտպանելու խնդրին մէջ։ Օրինակներէն մէկը Չանաքքալէի հայոց եկեղեցին է որ հիմա Համալսարանին յանձնուած է։ Իրականութեան մէջ այս շէնքը շարունակ ձեռք փոխեր է վերջին շրջաններու պատմութեան մէջ։ 1890-ին հայոց եկեղեցի էր, 1985-ին ուզեր են զայն վերածել Հնագիտական Թանգարանի մը։ Բայց քաղաքին մէջ նոր թանգարան մը կառուցուեր է, ուստի Հայոց եկեղեցին այս անգամ վերածուեր է թատրոնի։ Բայց երկար ատեն թատերական ներկայացում չէ սարքուեր հոն, ուստի Մշակոյթի Նախարարութիւնը ուզեր է զայն վերանորոգել ու կրկին յատկացնել հնագիտական թանգարանի։ Այս ուղղութեամբ տարուած աշխատանքը արդիւնք չէ տուեր, կարելի չէ եղեր բանալ հնագիտական թանգարան, ուստի շէնքը այս անգամ յանձնուեր է Չանաքքալէի »18 Մարտ« Համալսարանին։ Հոս թատերական արուեստի ու դերասանութեան դասընթացքներ կը սարքուին ներկայիս։ Յօդուածագիրը այս բոլորը պատմելով կը գրէ որ իր տեսակէտով սխալ է եկեղեցիի նման շէնքերը արուեստի կամ այլ նպատակներու յատկացնել, որովհետեւ ասիկա դէմ է ուրիշ կրօնքներու նկատմամբ ցուցաբերուած յարգանքին ու լայնախոհութեան։ Հին եկեղեցին պէտք է վերանորոգուի ու դարձեալ պաշտամունքի բացուի, կամ գոնէ թանգարանի վերածուի։ Ուրիշ ո՛չ մէկ նպատակ կրնայ արդարացնել հին եկեղեցիի մը գործածութիւնը։ Յօդուածագիրը տակաւին զարմանք կը յայտնէ թէ Մշակոյթի Նախարարութիւնը Համալսարանի նոր շէնք չի կառուցաներ ու հին եկեղեցի մը համալսարանի իբր սրահ կը գործածէ։ Աղթամարի եկեղեցին լաւ օրինակ մը եղաւ այս ուղղութեամբ, կը գրէ յօդուածագիրը։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը