ՅՈՒՆԱԿԱՆ ԿԻՊՐՈՍԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՀԱՅԵՐԷՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ


ՅՈՒՆԱԿԱՆ ԿԻՊՐՈՍԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՀԱՅԵՐԷՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ

  • 15-11-2010 18:05:24   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Կիպրոսի մէջ հրատարակուող »Գըպրըս« թերթը արձագանգ կ’ըլլայ Յունական բաժնի »Ֆիլիէֆթէրոս« թերթի մէկ լուրին, ըստ որու Կիպրոսի համալսարանին մէջ հայերէն դասընթացքը սկսած է։ Ասիկա արդիւնք է Կիպրոսի հայ համայնքի ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի նախաձեռնութեան։ Համալսարանի դասընթացքին շնորհիւ երկու տարուան մէջ ուսանողները գրելու ու խօսելու չափ հայերէն պիտի կարենան սորվիլ։ Մահտեսեան յիշեցուց որ 2002 թուականէն ի վեր հայերէնը ընդունուած է որպէս փոքրամասնութեան լեզու ու պաշտպանութեան տակ առնուած լեզու։ Յունական Կիպրոսի մէջ մօտաւորապէս 3500 հոգի հայերէն կը խօսի։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը