ՆԱԽԱԳԱՀ ԿԻՒԼ ԿԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԱՍԻՆ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ


ՆԱԽԱԳԱՀ ԿԻՒԼ ԿԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԱՍԻՆ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ

  • 15-11-2010 18:02:45   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Բայց Կարեւոր Նորութիւն Չկայ Պատասխաններուն Մէջ Մարմարա »Պուկիւն« թերթի աշխատակիցը, որ Նախագահ Կիւլին ընկերակցեր է Թիւրքմէնստանի այցելութեան ընթացքին, վերադարձին, Հայաստանի վրայով թռելու ընթացքին Հայաստանի մասին հարցումներ ուղղեր է Նախագահ Կիւլին։ Կիւլ իր մտածումները յայտներ է Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու վերջին վիճակին մասին։ Լրագրողը դիտել տուած է որ այժմ կը թռին Հայաստանի վրայով, ուստի ժամանակն է հարց տալու թէ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւնները անելի՞ մատնուած են սա շրջանին։ Կարելի՞ է որեւէ յոյս սնուցանել գործընթացի ապագային մասին։ Նախագահ Կիւլ պատասխանելով ըսած է որ ինք այս մասին խօսած է արդէն Խորհրդարանին մէջ։ Այսօրուան կարգավիճակը ո՛չ մէկուն համար նպաստաւոր է։ Եթէ այս վիճակին իբրեւ այլընտրանք, լաւ գործակցութիւն մը ստեղծուի երկու երկիրներու միջեւ, եթէ հարցերը լուծուին ու փոխադարձ կասկածները անհետանան, ամէն ինչ կը փոխուի։ Տնտեսական մեծ գործակցութիւն մը ծնունդ կ’առնէ։ Կարճ ժամանակի մէջ Կովկասներու մէջ զարգացումի պայթում կ’արձանագրուի։ Այսպիսի կացութենէ մը զրկուած ըլլալը, բոլորին շահերուն ներհակ է։ Լաւ առաջին քայլ մը առնուեցաւ, քաջարի քայլ մը առնուեցաւ։ Ասիկա եղաւ իմ նամակիս շնորհիւ։ Լաւ, Նախագահ Կիւլ հիմա դարձեալ նոր նախաձեռնութիւն մը ձեռք կ’առնէ՞։ Նախագահ Կիւլ սապէս կը պատասխանէ այս հարցումին. »Ճիշդն ըսելու համար, աշխատանք կը տանինք։ Կովկասներու առընչութեամբ կազմակերպեալ աշխատանք կը տանինք։ Ասիկա մէկն է այն հարցերէն որոնց վրայ կանգ առած եմ։ Այս հարցով շահագրգիռ մարմիններուն հրահանգներ տուած եմ։ Կարգ մը Նախարարութիւններու ալ աշխատանքի շրջագծին մէջ կը մտնէ այս հարցը։ Ուսումնասիրութիւններ ընել կուտամ։ Սարգսեանի, Ալիյեւի, Փութինի եւ Մէտվէտեւի հետ շարունակ շփման մէջ ենք։ Նիւթը կը շարունակէ մնալ որպէս հրատապ խնդիր։ Իսկ Ռուսաստան իր նպաստը կը բերէ՞ այս գործընթացին։ Նախագահ Կիւլի կարծիքով այս խնդիրները պիտի լուծուին։ Գործընթացը մեռած չէ, կը շարունակուի։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը