ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ՀԵՐՔԵՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԵՏ »ԼՈՒՌ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ« ՎԱՐԵԼՈՒ ԼՈՒՐԸ


ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ՀԵՐՔԵՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԵՏ »ԼՈՒՌ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ« ՎԱՐԵԼՈՒ ԼՈՒՐԸ

  • 15-11-2010 17:53:21   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Հնդկաստանի մայրաքաղաք Նիւ Տէլհիի մէջ, 12 Նոյեմբերին կայացած ասուլիսի մը ընթացքին Հայաստանի Արտաքին Նախարար Եդուարդ Նալպանտեան յայտնեց թէ Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ բանակցութիւնները աւարտեցան Փրոթոքոլներու ստորագրութեամբ։ Իր հաւաստիացումով, ո՛չ »լուռ դիւանագիտութիւն« կայ, ո՛չ Ցիւրիխի »երկրորդ փուլ« եւ ոչ ալ նոր բանակցութիւններ։ Կարգ մը թուրք քաղաքական գործիչներ եւ թրքական կարգ մը լրատուամիջոցներ կը խօսին այդ մասին, բայց ես չեմ գիտեր թէ որո՞ւ ուղղուած է »լուռ դիւանագիտութիւն«ը։ Կծու հեգնանքով արտայայտուելով Թուրքիոյ կողմէ հնչող յայտարարութիւններու մասին, Նախարարը ըսաւ. »Հռովմէացի կայսր-փիլիսոփայ Մարքոս Աուրէլիոսի յայտնի »Մտքեր«ը վերնագրուած էին »Ինքզինքիս միտքեր հասցէագրելով«, նշեց Նախարարը, եւ աւելցուց սակայն որ դիւանագէտները իրենց միտքերը կը հասցէագրեն այլ դիւանագէտներու, եթէ նպատակ ունին դիւանագիտական լուծումներ գտնել։ »Միակ քայլը, որ կը մնայ այս երկարատեւ գործընթացի մէջ Փրոթոքոլներու վաւերացումն ու իրականացումն է, առանց յաւելեալ ձգձգումներու։ Հայաստան պատրաստ է յառաջ ընթանալու, եթէ Թուրքիա առաջին քայլը առնէ՝ առանց նախապայմաններու«, ըսաւ Նալպանտեան։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը