Գեղեցիկ երեկոյ մը նէոս Գոզմոսի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ


Գեղեցիկ երեկոյ մը նէոս Գոզմոսի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ

  • 15-11-2010 15:27:01   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
«Ազատ օր» Չորեքշաբթի 10 Նոյեմբեր 2010-ը արկածախնդրական օր մըն էր կարծէք։ Կէսօրուան ժամերէն սկսած շարունակական ելեկտրականութեան անակնկալ անջատումները, Նէոս Գոզմոսի շրջանի զանազան թաղամասերէն ներս, տարօրինակ կացութիւն մը ստեղծած էին մարդոց առօրեային վրայ։ Յայտնի չէր թէ երբ հոսանք պիտի ունենայինք եւ երբ ոչ, որքան պիտի տեւէր անջատումը, շատ թէ քիչ։ ս. Կարապետ եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի եւ Տիկնանց Մարմնոյ կողմէ կազամակերպուած տեսաերիզի ցուցադրութիւնն ու թէյասեղանը ծրագրուած եւ յայտարարուած էր երեկոյեան ժամը 6։00-ին համար։ Այդ ժամուն եկեղեցի ժամանող ժողովուրդը զարմանքով կ'անդրադառնա՛ր որ հոսանք չկար։ Առաջին տագնապը անցընելէ ետք սակայն, սրահ իջնողները գեղեցիկ ու տաքուկ մթնոլորտի մը մէջ կը գտնէին իրենք զիրենք. շատ կոկիկ եւ վայելուչ ձեւով դասաւորուած էր սրահը, թէյասեղանի պատշաճ սարքերով եւ գեղեցիկ մոմերով, որոնք հիւրասէր գիրկ մը կը բանային ժամանողներուն։ Բոլորը կ'իջնէի՛ն ու կը տեղաւորուէին, յուսալով որ հոսանքը պիտի միանայ շուտով եւ որ այդքան սպասուած Ս. Տաթեւի վանական համալիրի մասին պատրաստուած տեսաերիզը պիտի ցուցադրուի։ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը եւ Թաղային Խորհուրդի անդամները կ'աշխատէի՛ն ծայր մը գտնել ու ելեկտրականութեան հաստատութենէն տեղեկութիւն մը ունենալ թէ երբ արդեօք հոսանք պիտի տրուէր թաղին։ Յայտնի էր թէ լուրջ վնաս մը հասած էր, աննախատեսելի հետեւանքներով։ սրահը բերնէ-բերան լեցուեցաւ։ Ներկայ գտնուեցան Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչը, Գոգինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Վարագ Աւ. քհնյ. Յովսէփեանը եւ Տիկնանց Մարմնոյ անդամուհիները, շրջանիս «Արամ Մանուկեան» կոմիտէութեան ներկայացուցիչը, Հ. Կ. Խաչի Շրջանային վարչութեան եւ Ֆիքսի «Ռուբինա» մասնաճիւղի անդամուհիները, Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհին եւ մօտ հարիւր տարբեր տարիքի ներկաներ։ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Նարեկ քհնյ. Շահինեանը խօսք առաւ, յանուն Թաղային Խորհուրդին եւ Տիկնանց Մարմնոյ ողջունելու համար բոլոր ներկաները եւ շնորհակալութիւն յայտնելու իրենց ներկայութեան համար։ Նաեւ փոխանցեց թեմիս Առաջնորդ՝ Տ. Խօրէն եպս. Տողրամաճեանի ողջոյնը եւ յաջողութեան մաղթանքները։ Ապա ներկաներուն բաժնեց իր կողմէ պատրաստուած յատուկ թերթիկ մը, Ս. Տաթեւի վանական համալիրի եւ Ս. Գրիգոր Տաթեւացիի մասին։ տիկնանց Մամնոյ անդամուհիները սկսան հիւրասիրել, իրենց ձեռքով պատրաստուած եւ շատ կոկիկ ձեւով ներկայացուած ուտելիքները, թէյն ու սուրճը, եւ ներկայները սկսան ուտել ու խմել խորհրդաւոր բայց արտակարգ ջերմիկ մթնոլորտի մը մէջ, մոմերու պլպլացող լոյսերուն տակ… ժամանակը կ'անցնէ՛ր եւ հոսանք չկար. սակայն սրահին մէջ տիրող դրական ներգործութիւնը կարծէք շրջապատած էր մեզ բոլորս։ Այդ պահուն, առանց նախապէս ծրագրուած ըլլալու, Տէր Վարագ քահանայ հայրը հրաւիրուեցաւ օրուան նիւթին շուրջ տեղեկութիւններ փոխանցելու ներկաներուն։ Տէր հայրը շատ հետաքրքրական եւ լուսաբանական ներկայացում մը ըրաւ Ս. Տաթեւի վանական համալիրին անցեալին եւ ներկային, թուելով անոր դարաւոր ճանապարհը, կրօնական եւ մշակութային հսկայ կարեւորութիւնը, նաեւ անոր վերակառուցման եւ վերակենդանացման աշխատանքներու նշանակութիւնը ամբողջ հայութեան համար։ Բացատրողական, գիտական ու հայաշունչ էր իր խօսքը, որուն համար բոլոր ներկաները շատ շնորհակալ եղան։ ու ապա…առանց հոսանք ունանալու կարողացանք տեսաերիզը դիտել, շնորհիւ մեր եկեղեցւոյ երիտասարդ ծխականներէն մէկուն ազնիւ ջանքերուն, որ ժամանակ եւ յոգնութիւն չխնայեց եւ Տէր հօր ու Թաղային Մարմնոյ անդամներու օգնութեամբ հոսանք բերին սրահին մէջ ու վերջապէս…պաստառը լուսաւորւեցաւ եւ մենք բոլորս կրցանք դիտել շատ յուզիչ այս տեսաերիզը, որուն մէջ տեսանք Ս. Տաթեւի վանքի շրջանին մէջ կատարւած հսկայ շինարարական աշխատանքը, որ կեանքի կոչած է թէ վանքը եւ թէ շրջակայքը ամբողջ, յուսադրիչ ապագայ մը խոստանալով տեղացի ժողովուրդին։ Յուզուեցանք եւ հրճուեցանք բոլորս։ վերջաւորութեան, Տէր Նարեկ քահանայ հայրը անգամ մը եւս շնորհակալութեան խօսքը ուղղեց բոլորին, ձեռնարկի յաջողութեան բոլոր դերակատարներուն, տեսաերիզն ու ցուցադրութեան սարքերը սիրայօժար տրամադրող եկեղեցւոյ բոլոր բարեկամներուն, Տիկնանց Մարմնոյ, իրենց պատրաստած հիւրասիրութեան համար, ինչպէս նաեւ բոլոր ներկաներուն, իրենց ցուցաբերած անսակարկ քաջալերանքին համար եկեղեցւոյ բոլոր ելոյթներուն։ մեկնեցանք դէպի մեր տուները երբ դեռ դուրսը մութ էր, բայց մեր հոգիները լուսաւորուած էին Աստուածային նախախնամութեան եւ ազգային հպարտութեան լոյսով։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը