ՂԱՐԱՊԱՂ ԱՆՋԱՏ ՏԱՂԱՒԱՐՈՎ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ


ՂԱՐԱՊԱՂ ԱՆՋԱՏ ՏԱՂԱՒԱՐՈՎ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ

  • 11-11-2010 15:46:48   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Հակառակ այն հրապարակումներուն, ըստ որոնց Ատրպէյճան կը բողոքէր ու կը փորձէր ձախողութեան մատնել Ղարապաղի մասնակցութիւնը՝ Լոնտոնի զբօսաշրջութեան միջազգային հեղինակաւոր ցուցահանդէսին, այնուամենայնիւ Ղարապաղ, Հայաստանի տաղաւարի կողքին կը մասնակցի ու իր անջատ տաղաւարը ունի ցուցահանդէսի մէջ։ Ինչպէս արդէն հաղորդած էինք, անցեալ տարի 11-12 Նոյեմբերին, Հայաստան ու Ղարապաղ մասնակցած էին ցուցահանդէսին, անջատ տաղաւարներով։ Այս տարի, ազերիներ հարիւրաւոր նամակներ ղրկուած էին ցուցահանդէսի վարիչներուն եւ նշած էին թէ »Ղարապաղ գրաւուած է հայկական ուժերու կողմէ եւ ցարդ կը գտնուի Հայաստանի հսկողութեան տակ«։ Բացի ատկէ, ազերիներ իրենց նամակներով ազդարարած էին որպէսզի Մեծն Բրիտանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիները Ղարապաղ չայցելէին։ Թրքական կայքէջերէն մէկուն մէջ ներկայացուած է հրապարակում մը որու հեղինակը կարծիք յայտնած է թէ ղարապաղեան տաղաւարը լաւ ձեւաւորուած է, գեղեցիկ, յարմարաւէտ, տաք ու աւելի հետաքրքրական է, քան Հայաստանի ու Ատրպէյճանի տաղաւարները։ Միակ բանը, զոր հեղինակը չէ հաւնած, Ղարապաղ բառի տառերուն մէջ եղած փոքրիկ խաչերն էին։ »Ցուցահանդէսի մէջ Ղարապաղի անկիւնը տեղ մըն է, ուր կրնաս բաժակ մը սուրճ, թէյ կամ գինի խմել ու ընկերաբար զրուցել։ Այստեղ իրօք տաք է, յարմարաւէտ ու հիւրընկալ։ Հիասքանչ է. ահա այն զգացումը, զոր ունեցայ տաղաւարը տեսնելուն պէս», կը գրէ թուրք յօդուածագիրը ու կ’աւելցնէ. »Հայաստանի տաղաւարի մէջ պատուիրակութեան անդամները մօտիկ հետաքրքրութիւն ցոյց տուին, ուրախ եւ ախոյժ։ Սակայն արդի Հայաստանէն ոչի՛նչ կար տաղաւարի մէջ։ Ամէնը եկեղեցիներ են ու ազգային բաներ։ Ատրպէյճանի տաղաւարը սովորական էր, ներկայացուած էր մեծ քարտէս մը, ուր ազերիներ յիշած են »Հայաստանի կողմէ գրաւուած« տարածքներու մասին։ Հարաւային Կովկասի երկիրներու տաղաւարներէն ներկայանալի էր նաեւ Վրաստանի տաղաւարը, ուր արդիականութիւն կար»։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը