ԱՐՄԷՆ ԳԷՈՐԳԵԱՆ. «ՄԵԾԱՊԷՍ ՏՊԱՒՈՐՈՒԱԾ ԵՄ ԱՅՍ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵՆԷՆ»


ԱՐՄԷՆ ԳԷՈՐԳԵԱՆ. «ՄԵԾԱՊԷՍ ՏՊԱՒՈՐՈՒԱԾ ԵՄ ԱՅՍ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵՆԷՆ»

  • 11-11-2010 15:42:10   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Հայաստանի Փոխ-Վարչապետ Եւ Տարածքային Կառավարման Նախարար Արմէն Գէորգեան Հիւրընկալուեցաւ Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Երդիքին Տակ Մարմարա Երէկ երեկոյեան հայաստանաբոյր շունչ մը կը տիրէր մեր Գթութեան Տան՝ Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցէն ներս։ Այս անգամ մեր դարաւոր հիւանդանոցը իր հիւրընկալ դռները կը բանար եւ իր տաքուկ երդիքին տակ կ’ընդունէր Հայաստանի Փոխ-Վարչապետ եւ Տարածքային Կառավարման Նախարար Արմէն Գէորգեանը, որ երկօրեայ այցելութեամբ քաղաքս եկած էր Եւրոպայի Շրջանային Ասամպլէի տարեկան գլխաւոր ժողովին մասնակցելու համար։ Փոխ-վարչապետի Իսթանպուլեան այցելութիւններու օրակարգին վրայ համայնքային հանդիպումներու շրջագծով պատրաստուած էին երկու ձեռնարկներ. առաջինը Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոց այցելութիւնն էր, իսկ երկրորդը այսօր կէսօրէ ետք ժամը 15.00ին, Պատրիարքարանի մէջ սարքելի ընդունելութիւնը։ Երէկ Իսթանպուլ ժամանելէ անմիջապէս վերջ, Փոխ-Վարչապետ Գէորգեան, իր օգնականը՝ Սուրէն Ամիրբէկեան եւ թարգմանիչը, Սեւ Ծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան Իսթանպուլի մնայուն ներկայացուցիչ՝ Միքայէլ Վարդանեանի, օգնական՝ Արմէն Ոսկանեանի եւ մեր ազգայիններէն Պր. Տիգրան Ալթունի առաջնորդութեամբ ժամանեցին Ս. Փրկիչ Ազգ. Հիւանդանոց։ Հիւանդանոցի պատասխանատուները այս առիթով հրաւէրներ ղրկած էին մեր ազգային հաստատութիւններուն եւ գրեթէ բոլոր թաղերէն Թաղային Խորհուրդներու Ատենապետներ եւ Փոխ-Ատենապետներ, նաեւ քանի մը ազգային գործիչներ, մասնակցեցան այս մէկտեղման։ Ներկայ էր նաեւ Պոլսահայ մամուլը եւ »Մարմարա«էն հանդիպման հետեւեցան Նաիրա Սիւզմէ եւ Կարօ Համամճեան։ Հիւանդանոցի մուտքին, հիւր Փոխ-Վարչապետն ու ընկերակիցները դիմաւորուեցան Փոխ-Ատենապետներ Գրիգոր Տէօշէմէճեանի եւ Հերման Պալեանի )Ատենապետ Պր. Պետրոս Շիրինօղլու կը բացակայէր քաղաքէս_ եւ այլ հոգաբարձուներու, Բժշկապետ Տօքթ. Արտաշ Ագտաղի, Ընդհանուր Քարտուղարուհի Տիկին Սիլվա Թրիքայի կողմէ եւ նախ առաջնորդուեցան վարչական շէնք, ուր Արմէն Գէորգեան փոքր դադար մը առաւ ու առաջին իսկ վայրկեաններէն իր տաքուկ ու մտերմիկ վերաբերումով տպաւորեց ներկաները։ Յետոյ հիւրերը անցան Պիլէք հանգստարանի սրահը, ուր Տիկին Թրիքայի կազմակերպութեամբ քոքթէյլի ներկայանալի ու ընտիր սեղաններ սարքուած էին։ Հոս, յանուն Հոգաբարձութեան, բարի գալստեան խօսք արտասանեց Փոխ-Ատենապետ Գրիգոր Տէօշէմէճեան, որ ամփոփ տուեալներով համեմուած բացատրութիւններ տուաւ Փոխ-վարչապետին։ Նախ պատմական քանի մը տեղեկութիւններ փոխանցեց Հիւանդանոցի հիմնադրութեան մասին։ Յետոյ ընդգծեց որ Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցը երկրի յառաջադէմ առողջապահական հաստատութիւններէն մէկը կը հանդիսանայ եւ օժտուած է արդիական բժշկական սարքերով։ Բազմաբուժարանը օրական կ’ընդունի մօտաւորապէս 600-700 հիւանդներ, իսկ հանգստարաններուն մէջ կան 300 մնայուն բնակիչներ։ Փոխ-ատենապետը շեշտեց որ Հիւանդանոցի պատասխանատուները ո՛չ մէկ ջանք կը խնայեն հիւանդներուն բժշկական բարձրորակ սպասարկութիւն կատարելու ուղղութեամբ եւ այս հաստատութիւնը իրաւամբ համայնքին Գթութեան Յարկը կը հանդիսանայ։ Իր պատասխան ելոյթին մէջ, Փոխ-վարչապետը ըսաւ որ Իսթանպուլ այցելութեան նախապատրաստական աշխատանքներու ծիրէն ներս, երբ քննարկումներ կ’ունենար իր գործակիցներու եւ Սփիւռքի Նախարարութեան պատասխանատուներու հետ, բոլորն ալ յորդորած ու առաջարկած էին որ անպայմա՛ն այցելէր Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոց։ »Բազմաթիւ գաղթօճախներ այցելած եմ ու կրնամ վստահեցնել որ այսպիսի եզակի հաստատութիւններ հազուադէպ են հայ համայնքներու մէջ«, ըսաւ Արմէն Գէորգեան ու աւելցուց թէ առաւել գնահատելի է որ առողջապահական այդ կեդրոնը կը գտնուի Թուրքիոյ մէջ։ Փոխ-Վարչապետը որ լաւապէս ծանօթ էր Հիւանդանոցի պատմութեան, ուշագրաւ արտայայտութիւն մը ունեցաւ. »Հիմա հասկցայ որ 178ամեայ այս հաստատութեան մէջ մարդիկ կը ծերանան, բայց հաստատութիւնը չի ծերանար։ Քիչ վերջ առիթը պիտի ունենամ այցելելու զանազան յարկաբաժիններ ու վստահ եմ որ այստեղ մատուցուած առողջապահական ծառայութիւնները կրնան փորձի փոխանակման առիթ հանդիսանալ ձեր մասնագէտներու եւ հայաստանցի մեր բժիշկներու համար։ Գիտեմ նաեւ որ այս հաստատութիւնը կանգուն կը մնայ ձեր բոլորին համատեղ ջանքերով եւ կը ծառայէ ո՛չ միայն հայ համայնքին այլ նաեւ ամբողջ հաւաքականութեան«, ըսաւ Արմէն Գէորգեան ու Հիւանդանոցին մաղթեց անխափան գնացք ու պատասխանատուներուն ալ բեղուն գործունէութեամբ լեցուն պաշտօնավարութիւն։ Ներկաներէն Պր. Ալթուն անդրադարձաւ Սփիւռքի մէջ առկայ նահանջին՝ հայապահպանութեան բոլոր մարզերէն ներս եւ շեշտեց որ եթէ Հայաստան մշակութային գետնի վրայ ձեռք չերկարէ Սփիւռքահայ գաղթօճախներուն, այդ նահանջը տարուէ տարի աւելի մեծ աւեր պիտի գործէ։ Պր. Գէորգեան պատասխանեց որ անպայման այս առաջարկները պիտի քննարկէ պատկան մարմիններու, գլխաւորաբար Սփիւռքի Նախարարի ու միւս պատասխանատուներու հետ։ Հարցում ուղղուեցաւ թէ արդեօք Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կը պատրաստուէ՞ր Իսթանպուլ այցելելու։ Փոխ-Վարչապետը այս նիւթի շուրջ ըսաւ. »Գիտեմ որ կը սպասէք Սփիւռքի Նախարար Տիկին Յակոբեանի այցելութեան, բայց պէտք է որ յստակ ծրագիրներ մշակուին։ Այդ այցելութիւնը պարզ հանդիպման մը բնոյթը պէտք չէ ունենայ, այլ համագործակցութեան յստակ ծրագիրներ պէտք է պատրաստուին եւ այդ ծրագիրները պէտք է ներկայացուին ձեր համայնքի վարիչներուն«։ Այս խօսքերէն ետք, Պր. Տէօշէմէճեան մէկ առ մէկ ներկայացուց հանդիպման մասնակիցները, իսկ յետոյ բոլորը միասնաբար շրջեցան հիւանդանոցի զանազան յարկաբաժիններէն ներս։ Բժշկապետ Տօքթ. Արտաշ Ագտաղ բազմաբուժարանի, տարրալուծարանի, շողանկարումի եւ խտացեալ դարմանումի բաժիններու մէջ Հիւանդանոցի գործունէութեան մասին մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ Փոխ-Վարչապետին, շեշտեց թէ Սուրբ Փրկիչի մէջ կը կատարուէին ամէնէն դժուարին վիրահատական միջամտութիւնները, Հիւանդանոցը օժտուած էր բժշկական արդիական այնպիսի սարքով մը, որ միակն է ամբողջ երկրի մէջ եւ որ կը գործածուի թերածին մանուկներու տեսողութիւնը դարմանելու համար, շողանկարումի բաժնին մէջ ալ սպառիչ տեղեկութիւններ փոխանցեց եւ պատասխանեց հիւր քաղաքագէտի հարցումներուն։ Փոխ-վարչապետը մեծապէս տպաւորուած Հիւանդանոցէն ներս պարզուած խիստ գնահատելի տեսարանէն, իր հիացումը արտայայտեց շնորհաւորութեան տաքուկ խօսքերով։ Յետոյ առաջնորդուեցաւ Ս. Փրկիչ մատուռ, Կիւլպէնկեաններու դամբարանը եւ »Պետրոս Շիրինօղլու« թանգարան, ուր Օր. Սօնիա Ալկանի կողմէ հիւրերուն ներկայացուեցան թանգարանին մէջ ի պահ դրուած պատմական իրերն ու ցուցանմոյշները։ Հոս Փոխ-Վարչապետը, ի յիշատակ այս այցելութեան, Հայաստանի կառավարութեան շէնքի նկարով զարդարուն փոքրիկ յուշանուէր մը յանձնեց Ատենապետներ Տեարք Տէօշէմէճեանին ու Պալեանին, իսկ Պր. Տէօշէմէճեանն ալ Հիւանդանոցի պատմութեան զոյգ Յուշամատեանները նուիրեց Արմէն Գէորգեանին։ Տաքուկ ու մտերմիկ մթնոլորտի մէջ կայացած այս հանդիպման աւարտին, Պր. Պալեան նշեց թէ միշտ ուրախ պիտի ըլլան Հիւանդանոցի երդիքին տակ հիւրընկալելու Փոխ-վարչապետը, »բայց ո՛չ թէ որպէս հիւանդ, այլ որպէս թանկագին հիւր«։ Փոխ-վարչապետն ալ հրաժեշտ առնելէ առաջ դարձեա՛լ գնահատալից արտայայտութիւններ ուղղեց Հիւանդանոցի պատասխանատուներուն եւ թանգարանի պատուոյ տոմարին մէջ արձանագրեց իր յիշատակի խօսքը. »Մեծապէս տպաւորուած եմ այս հաստատութիւնից։ Բոլորիդ մաղթում եմ նորանոր յաջողութիւններ ու բարի երթ«։ Մօտաւորապէս երկու ժամ տեւողութեամբ այս յիշարժան հանդիպումը վերջացաւ այսօր Պատրիարքարանի մէջ դարձեալ մէկտեղուելու ակնկալութեամբ։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը