ԻՐԱՔԻ ՄԷՋ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐ ԻՐԵՆՑ ՃԱՄՊՐՈՒԿՆԵՐԸ ԿԸ ԿԱՊԵՆ


ԻՐԱՔԻ ՄԷՋ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐ ԻՐԵՆՑ ՃԱՄՊՐՈՒԿՆԵՐԸ ԿԸ ԿԱՊԵՆ

  • 10-11-2010 17:54:44   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Վերջերս Իրաքի քրիստոնէական եկեղեցիներէն մէկուն մէջ իրականացած ահաբեկչութենէն ետք, որու ընթացքին ահաբեկիչները սպաննած էին 52 պատանդներ, Իրաքէն քրիստոնեաներու հեռացումը մեծ համեմատութիւններու հասաւ։ Նկատի ունենալով այդ միջադէպը, ասորի քահանայ մը ըսաւ. »Մենք այլեւս տեղ չունինք այս երկրի մէջ։ Եկեղեցւոյ մէջ աղօթքի պահուն անմեղ մարդիկ սպաննուեցան։ Կարգ մը ուժեր կ’ուզեն որ մենք հեռանանք այս երկրէն, իսկ իշխանութիւններն ալ որեւէ միջոցի չեն ձեռնարկեր։ Բոլորն ալ պիտի հեռանան։ Պարզապէս կը սպասեն որ ուսումնական տարին աւարտի«։ Ի դէպ, Իրաքի դէմ սանձազերծուած պատերազմէն առաջ երկրի մէջ 800 հազար քրիստոնեաներ կը բնակէին։ Այդ ցուցանիշը 2003ին կրճատուեցաւ 500 հազարի։ Երկրի մէջ 60 հազար ասորիներէն մնացին ընդամէնը 20 հազարը։ Հարկ է սակայն նշել որ քրիստոնեաներու թիւի կրճատումը սոսկ Իրաքով չի սահմանափակուիր, այլ իւրայատուկ է նաեւ 365 միլիոն բնակչութիւն ունեցող Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքին, ուր ներկայիս ընդամէնը 20 միլիոն քրիստոնեաներ մնացած են։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը