Լոնտոն Ֆրի Փրէս. ՀԱՅ ԱՆՅԱՋՈՂԱԿ ՄԱՔՍԱՆԵՆԳՆԵՐԸ ՄԱՆՐԱԴՐԱՄ ԵՆ՝ ՎՐԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱՐ


Լոնտոն Ֆրի Փրէս. ՀԱՅ ԱՆՅԱՋՈՂԱԿ ՄԱՔՍԱՆԵՆԳՆԵՐԸ ՄԱՆՐԱԴՐԱՄ ԵՆ՝ ՎՐԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱՐ

  • 10-11-2010 17:51:50   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Հայաստանեան եւ միջազգային մամուլը կը շարունակէ օրակարգի վրայ պահել երկու հայ մաքսանենգներու նիւթը։ Ինչպէս երէկ հաղորդած էինք, այդ երկու հայերը ձերբակալուած էին Վրաստանի մէջ գերհարստացուած ուրանիում մաքսանենգելու յանցանքով եւ 8 Նոյեմբերին սկսած էր անոնց դատավարութիւնը։ Մաքսանենգներէն մէկը դատարանին մէջ յայտնեց թէ պատրաստ է տալու ուրանիումի առաքիչներու անունը՝ եթէ իր պատիժը մեղմացուի։ Ըստ վրացական իրաւապահներուն, Թիֆլիսի մէջ վստահ են որ ուրանիումը »ռուսական ծագում ունի«, եւ յայտնի է նաեւ թէ ո՞վ մաքսանենգներուն յանձնած է ուրանիումը, սակայն »առաջին աղբիւրը յայտնի չէ տակաւին«։ Հակառակ որ դէպքը պատահած է Մարտին, յանցագործութեան փաստը մէտիային արձագանգած է միայն նախընթաց օր՝ 8 Նոյեմբերին, երբ սկսած է մաքսանենգներու դատը։ Վրաստանի Նախագահը Ապրիլին յայտարարած էր թէ վրացական յատուկ ծառայութիւնները խափանած էին գերհարստացուած ուրանիումը իսլամական ծայրայեղ խմբաւորման մը վաճառելու դաւադիր արարք մը։ Միւս կողմէ, անգլիական »Լոնտոն Ֆրի Փրէս« թերթը հետաքրքրական մանրամասնութիւններ հրապարակեց հայ մաքսանենգներու մասին։ Յօդուածի հեղինակի խօսքով, այս պատմութիւնը կը ստիպէ, որպէսզի մարդիկ մտածեն աշխարհի մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վիճակի մասին։ »Գերհարստացուած ուրանիումի վաճառորդները՝ երկու միամիտ անյաջողակներ էին՝ 63ամեայ գործարար Սմբատ Տօնոյեան, որ իր ամբողջ հարստութիւնը կորսնցուցած է խաղատուներու մէջ եւ 59ամեայ բնագէտ Հրանդ Օհանեան, որ քրոնիկ հիւանդութենէ կը տառապի։ Ուրանիումը անոնց յանձնած էր Գարիկ Տատայեան անունով խաբեբայ մը որ մաքսանենգներուն ըսած էր թէ Ռուսաստանի մէջ ընկերներ ունի եւ անոնք կրնան չափազանց մեծ քանակութեամբ հարստացուած ուրանիում մատակարարել։ Սկիզբը, ան առաջարկած է գոնէ 100 կրամի համար գնորդ մը գտնել։ Սակայն Տատաեան այդ միջոցին կ’աշխատէր Վրաստանի յատուկ ծառայութիւններու մէջ եւ կասկածներ կան թէ ան ոստիկանութեան կողմէ պաշտօն ստանձնած էր, կը գրէ յօդուածի հեղինակը։ Թերթի համաձայն, Վրաստանի ակնկալութիւնները յստակ են։ Միխայիլ Սահակաշվիլի կը փորձէ վերականգնել Ամերիկայի հետ յարաբերութիւնները եւ ամէն ինչ կ’ընէ որպէսզի որեւէ կերպով օգտակար ըլլայ ամերիկեան Սի Այ Էյին։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը