Յարութ Սասունեան. Թուրքերու Հանդէպ Իրանցիներու Ատելութիւնը Հազարամեակի Պատմութիւն Ունի
24-02-2016 12:12:13 | ԱՄՆ | Յօդուածներ
Նախորդ հազարամեակի ընթացքին իսլամական երկու դրացի պետութիւններու՝ Պարսկաստանի եւ Օսմանեան կայսրութեան միջեւ յարաբերութիւնները տատանած են խաղաղ գոյակցութեան եւ բացայայտ պատերազմի միջեւ: Այս երկու պետութիւններու բնակիչները ոչ միայն ազգային եւ լեզուական տարբերութիւններ ունէին, այլեւ բաժնուած էին երկուքի` իրենց իսլամական հաւատքով. պարսիկները շիա էին, իսկ թուրքերը՝ սիւննի: Իրանի եւ Թուրքիոյ միջեւ այս բաժանումները կը շարունակուին մինչեւ այսօր:
Շատ ընթերցողներ ծանօթ են արեւմտեան գրողներու աշխատութիւններուն մէջ հակաթրքական յիշատակումներու, յատկապէս իրարու յաջորդող հայկական ջարդերէ եւ Ցեղասպանութենէ ետք, օրինակ՝ ֆրանսացի գրող Վիքթոր Հիւկոյի դատապարտող սա խօսքերը. «Հոսկէ անցած է թուրքը. ամէնուրեք սուգ է եւ աւեր»:
Այսուհանդերձ, միայն քիչերու յայտնի են թուրքերու մասին յիշատակումները պարսկական գրականութեան մէջ: Պարսկահայ Ռուբինա Օհանեան, որ ներկայիս կ՛ապրի Քալիֆորնիոյ Կլէնտէյլ քաղաքը, լրացուցած է այդ բացը իր՝ «Թուրք անուան եւ բառի մեկնաբանութիւնը իրանական գրականութեան մէջ» խորագիրը կրող գիրքով: Օհանեան մանրակրկիտ ուսումնասիրած եւ պարսկերէնէ հայերէնի թարգմանած է միջնադարեան քանի մը պարսիկ նշանաւոր բանաստեղծներու տասնեակ տողեր, որոնց ընդմէջէն անոնք արտայայտած էին իրենց խիստ բացասական տպաւորութիւնները թուրքերու մասին՝ այսպէսով բացայայտելով թուրքերու հանդէպ իրանցիներու հակակրանքի խոր արմատները:
Թուրքերի մասին պարսկական յիշատակումները մեզի հասած են մեծանուն պարսիկ բանաստեղծներ Ֆիրդուսիէն (10-րդ դար) եւ Հաֆէզէն (14-րդ դար): Առաջին անգամ 11-րդ դարուն էր, որ Պարսկաստան ներխուժեցին թրքական ցեղերը, որոնց յաջորդեցին սելճուքները: 13-րդ դարուն մոնկոլները նուաճեցին Իրանը, այնուհետեւ՝ թուրքմենական ցեղերը, որոնք վերջնականապէս պարտութեան մատնուեցան 1592-ին: Հետագայ դարերու ընթացքին բազմաթիւ պատերազմներ տեղի ունեցան Պարսկաստանի եւ Օսմանեան կայսրութեան միջեւ:
Օհանեան իր գիրքին մէջ ներկայացուցած է 13 պարսիկ բանաստեղծներու եւ գրողներու մէջբերումները: Մինչ հայերը իրենց ողբերգական սեփական յիշողութիւնները ունին թրքական բռնապետական իշխանութեան կապուած, հետաքրքրական է գիտնալ նաեւ այլ ազգերու մօտ թուրքերու հետ շփումէն յառաջացած նոյն բացասական փորձառութիւնները:
Ահա պարսիկ միջնադարեան բանաստեղծներու որոշ տողեր, զորս պարսկերէնէ հայերէնի թարգմանած է Ռուբինա Օհանեան.
Ֆիրդուսի (925 – 1020).
«Ոչ ոք թուրքերէ իմաստութիւն ունի,
Ոչ մէկ մարդ թուրքին կը հնազանդի»:
Ասատի Թուսի (11-րդ դար).
«Ոչ ոք երբեք տեսաւ թուրքէն հաւատարմութիւն,
Իրանցիներէն տեսած են միայն հաւատարմութիւն»:
Խաւաջա Ապտուլլահ Անսարի (1006 - 1088).
«Զարմանալի է, թէ թուրքը սէրէն բան հասկնայ,
Քանզի թուրքէն զարմանքը այն է՝ չթալանէ, չգողնայ»:
Նիզամի (1140 - 1203).
«Արքան անգամ չի գիտեր՝ հաւատարիմ թուրք չկայ»:
Անուարի (12-րդ դար)
«Քանի դեռ ճամբայ չես անցած ազնուազարմ նժոյգով,
Չերթաս, ճամբան լեցուն է արիւնարբու թուրքերով»:
Խաղանի (1120 - 1190).
«Բարեկամաբար արիւն ըմպելը աւանդոյթ է հին,
Թուրքը արիւնախում է ու չի ճանչնար բարեկամն իր»:
Սաատի (1184 - 1283).
«Այնժամ ղրկեցիր դուն ուսանող մը.
Թուրք, որմէ աւելի գէշը չկայ»:
Թուրքերու մասին պարսկական այս նկարագրութիւններէն շատերը այսօր կրնան դիտարկուիլ իբրեւ արմատական, քանի որ անոնք բոլոր թուրքերը միասին անարդարացիօրէն կը պիտակաւորեն միեւնոյն կարծրատիպով: Բոլոր ազգերու մէջ ալ կան լաւ ու վատ մարդիկ: Սակայն, իրական խնդիրը թրքական պետութեան բիրտ քաղաքականութիւնն է, որ դաժանօրէն ճնշած է ազգային փոքրամասնութիւններուն եւ նուաճած երկիրներ՝ յանգելով զանգուածային ոճրագործութիւններու եւ ցեղասպանութեան, ընդդէմ արաբներու, հայերու, ասորիներու, կիպրացիներու, յոյներու եւ իրանցիներու...