Յարութ Սասունեան.Նախկին Քոնկրէսականը Ուաշինկթընի Մէջ Կը Դադրեցնէ Ատրպէյճանի Շահերու Պաշտպանութիւնը


Յարութ Սասունեան.Նախկին Քոնկրէսականը Ուաշինկթընի Մէջ Կը Դադրեցնէ Ատրպէյճանի Շահերու Պաշտպանութիւնը

  • 10-03-2016 12:11:28   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Ահա նորութիւն մը, որ դժուար թէ ամէն օր տեսնէք լուրերու մէջ. նախկին քոնկրէսականը կը դադրեցնէ իր աշխատանքը օտարերկրացի յաճախորդի մը համար … մէկ տարուան վարձատրութիւն չստանալուն պատճառով: 
 
Ճիշդ այս տեղի ունեցաւ քոնկրէսական Տէն Պըրթընի (հանրապետական, Ինտիանա նահանգ) հետ, որ անցեալ շաբաթ դադրեցուց իր աշխատանքը՝ իբրեւ ատրպէյճանա-ամերիկեան դաշինքի՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ ատրպէյճանական քարոզչական հզօր խումբի նախագահ՝ վարձատրութեան համար ամբողջ մէկ տարի սպասելէ ետք: 
 
Ի՞նչ կը մտածէին անոր ատրպէյճանցի տէրերը: Ինչպէ՞ս կրնային խաբել իրենց Ուաշինկթընի գործակալներէն մէկը: Սա լաւ միջոց է ձեր լապիիստը ձեր դէմ հանելու համար... 
 
Լապիիստները կը նպաստեն յաճախորդի շահերուն ոչ թէ անոր համար, որ կը հաւատան անոր նպատակներուն, այլ՝ գումար շահելու համար: Միակ պատճառը, որ քոնկրէսական Պըրթըն կը սատարէր աշխարհի ամէնէն ճնշող եւ ամէնէն փտախտաւոր կառավարութիւններէն մէկուն, իր նիւթական անձնական շահն էր: Երբ վարձատրութիւնը դադրեցաւ, ան այլեւս պատճառ չունէր աջակցելու նախագահ Ալիեւի բռնապետական ​​վարչակարգին: 
 
Ատրպէյճանա-ամերիկեան դաշինքը հիմնադրուած է մեծահարուստ, 34-ամեայ միլիառատէր, կնամոլ (փլէյպոյ) Անար Մամետովի կողմէ: Հետաքրքրական է, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահի հանրապետական թեկնածու Տանըլտ Թրամփ բաւական մեծ գումարի մը դիմաց թոյլ տուած է, որ իր անունով կոչուի Մամետովի ընկերութեան կառուցած շքեղ մէկ հիւրանոցը Պաքուի մէջ: 
 
Թղթակից Քարլ Շրէք եւ «Ազատ Եւրոպա/Ազատութիւն» ռատիոկայանը ձեռք բերած են քոնկրէսական Պըրթընի 1 Մարտի 2016 թուակիր ելեկտրոնային նամակի պատճէնը, զոր ան ուղարկած է ատրպէյճանա-ամերիկեան դաշինքի համար լապիիստական գործունէութիւն ծաւալող ուաշինկթընեան ընկերութեան ղեկավար Ճէյմս Ֆապիանիի: «Քանի որ արդէն մէկ տարի է՝ ո՛չ Դուք, ո՛չ Անարը կապ չէք հաստատած հետս, եւ ես չեմ վարձատրուած ամբողջ մէկ տարի, ուստի կը խնդրեմ այս ելեկտրոնային նամակը ընդունիլ իբրեւ հրաժարական՝ ատրպէյճանա-ամերիկեան դաշինքի նախագահի իմ պաշտօնէս»: 
 
Ահա լրացուցիչ մանրամասներ՝ «Ազատութիւն» ռատիոկայանի բացայայտած աղմկայարոյց գործէն. 
 
«Պըրթընի հրաժարականը հետեւեցաւ ատրպէյճանա-ամերիկեան դաշինքի ճակատագրի շուրջ ամիսներ տեւած շահարկումներուն, որոնք Միացեալ Նահանգներու մէջ ատրպէյճական լապիիստական արշաւի յենասիւնն են՝ Արեւմուտքի համար Ատրպէյճանը իբրեւ ուժանիւթի կայուն եւ անվտանգ գործընկեր ներկայացնելու իմաստով: Լապիինկը կ՛ընդգրկէ թէ՛ անձնական, թէ՛ պետական գումարներ»: 
 
«Պաքուի քննադատները կը մեղադրեն նախագահ Իլհամ Ալիեւի կառավարութիւնը եւ անոր վստահուած անձերը՝ մարդու իրաւունքներու ամէնէն կոպիտ խախտումները «ձկնկիթի դիւանագիտութեամբ» լուծելու մէջ՝ օգտագործելով նուէրներ, արձակուրդներ եւ այլ թանկարժէք խթաններ՝ բարեկամներ ձեռք բերելու եւ արտասահմանեան պաշտօնեաներու բարեհաճութիւնը շահելու համար»:
 
«Վերջերս Ալիեւ ջնջեց Մամետովի հօր ղեկավարած երթեւեկութեան նախարարութեան լայն լիազօրութիւնները, ինչ որ կը նշանակէ, թէ ընտանիքի ազդեցութիւնը կառավարութեան մէջ սկսած է  թուլնալ»:
 
«Օգոստոս 2015-էն ի վեր ատրպէյճական որոշ լրատուական միջոցներ յղում կատարելով անյայտ աղբիւրներու յայտնած էին, որ Մամետով կը պատրաստուի փակել ատրպէյճանա-ամերիկեան դաշինքը՝ ուժանիւթ ներկրող ընկերութիւններու գիներու կտրուկ անկման հետեւանքով, Ատրպէյճանի տնտեսական ընդհանուր ճգնաժամին մէջ ստեղծուած ֆինանսական դժուարութիւններու պատճառով»: 
 
«Ըստ Opensecrets.org կայքէջի՝ վերջին հինգ տարիներու ընթացքին ատրպէյճանա-ամերիկեան դաշինքը ընդհանուր առմամբ ծախսած է 12.3 միլիոն տոլար ամերիկեան լապիիստական ​​ջանքերու վրայ՝ կազմակերպելով հիւրասիրութիւններ Ուաշինկթընի վերնախաւի համար եւ առաջ մղելով Պաքուի շահերը՝ Քոնկրէսի բարձրաստիճան անդամներու հետ հանդիպումներուն»:
 
«Կազմակերպութիւնը, որ պաշտօնապէս չի համարուիր ատրպէյճանական պետութեան առընթեր կառոյց, սակայն սերտօրէն կապուած է Ալիեւի կառավարութեան հետ, շարունակած է այս ծախսերը՝ ամերիկեան լապիիստական ծառայութիւններու համար 2015 թուականին վճարելով 1.46 միլիոն տոլար, որուն մեծ մասը գացած է Fabiani & Co ընկերութեան՝ ըստ լապիինկի հասարակական բացայայտումներու»:  
 
«Խումբը 430 հազար տոլար ծախսած 2012-ի իր ճաշկերոյթին համար, որուն մասնակցած են Ներկայացուցիչներու պալատի օրուան խօսնակ Ճոն Պէյնըր եւ Քոնկրէսի 15 այլ անդամներ, ներառեալ Պըրթըն՝ ըստ «Օտարերկրեայ գործակալներու արձանագրութեան մասին» ամերիկեան օրէնքի (FARA) 2013 թուականի լրացման»: 
 
«Փետրուար 2013-ին Պըրթըն նշանակուեցաւ ատրպէյճանա-ամերիկեան դաշինքի նախագահ՝ Քոնկրէսէն ներս իր 30-ամեայ գործունէութիւնը դադրեցնելէն մէկ ամիս անց։ Այս շաբաթ, «Ազատութիւն» ռադիոկայանին» ան ըսած է, որ Ֆապիանին զինք  ներկայացուցած է Մամետովին՝ շինարարական ընկերութիւններու, հիւրանոցներու եւ ապահովագրական ընկերութիւններու միաւորման «Կարանթ» հոլտինկի նախագահին: 
 
«Նախապէս «Ազատութիւն» ռատիոկայանի իրականացուցած հետաքննութիւնները բացայայտած էին, որ Անար Մամետովի գործառոյթի շահերը կապուած են անոր հօր՝ Զիա Մամետովի ղեկավարած երթեւեկութեան նախարարութեան հետ»:
 
«Պըրթըն ըսաւ, որ ատրպէյճանա-ամերիկեան դաշինքի մէջ եղած ժամանակ ինք չէ զբաղած լապիինկով, սակայն ժամանակ առ ժամանակ հրաւիրած է Քոնկրէսի անդամները դաշինքի «հաւաքոյթներուն»: Ան նաեւ կարծիք արտայայտող յօդուածներ հրապարակած է ի պաշտպանութիւն Ատրպէյճանի կառավարութեան»:
 
Անցեալ տարուան Մայիսին ես հանդիպեցայ քոնկրէսական Պըրթընի՝ Նիւ Եորքի մէկ հիւրանոցի մուտքին եւ բողոքեցի Ատրպէյճանի օգտին իր շարունակական ջանքերուն դէմ, ինչպէս նաեւ՝ իր պաշտօնավարութեան ընթացքին Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւերու դէմ քուէարկելու համար Քոնկրէսի մէջ: Ան տուաւ իր այցեքարտը եւ խնդրեց կապ հաստատել հետը...: Ես այդ չըրի եւ հիմա ալ մտադրութիւն չունիմ, երբ ան այլեւս չի գործեր իբրեւ Ատրպէյճանի գործակալ:
 
 
Յարութ Սասունեան 
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
 
 
 
 
  -   Յօդուածներ