Յարութ Սասունեան.Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Քննադատութեան Առարկայ՝ Կլէնտէյլի Մէջ


Յարութ Սասունեան.Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Քննադատութեան Առարկայ՝ Կլէնտէյլի Մէջ

  • 21-03-2016 11:22:45   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ
Միացեալ Նահանգներու հայկական համայնքներ կատարած իր շրջագայութեան ընթացքին, Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլզ 10 Մարտին ելոյթ ունեցաւ Քալիֆորնիոյ Լա Քրեսենթա քաղաքին մէջ գտնուող Ազգային Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ՝ ամերիկահայերուն տեղեկացնելով Հայաստանի մէջ իր կատարած դիւանագիտական աշխատանքին մասին: 
 
Իր ողջոյնի խօսքին մէջ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ, արքեպիսկոպոս Մուշեղ Մարտիրոսեան յոյս յայտնեց, որ «Միացեալ Նահանգներ՝ իբրեւ արդարութեան եւ մարդու իրաւունքներու առաջամարտիկ, կը միանայ բազմաթիւ պետութիւններու շարքին, որոնք պաշտօնապէս ընդունած են Հայոց Ցեղասպանութեան անվիճելի ճշմարտութիւնը»: 
Դեսպան Միլզ խօսեցաւ վերջին երկու տասնամեակի ընթացքին Հայաստանի ձեռք բերած յաջողութիւններուն մասին եւ ներկայացուց այն չորս առաջնահերթութիւնները, որոնց իրագործման հետամուտ կ՛ըլլայ Ամերիկայի դեսպանատունը. 
 1) Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ գործարար եւ առեւտրական յարաբերութիւններու խորացում.
2) Կաշառակերութեան դէմ պայքար.
3) ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու եւ քաղաքացիական հասարակութեան ամրապնդում, 
4) Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան նպատակներու աւելի լաւ ըմբռնում:
 
Դեսպանը պարզաբանեց, որ Միացեալ Նահանգներ կը քաջալերէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ հաշտութիւնը՝ շարունակելով աջակցիլ 2009 թուականին ստորագրուած, սակայն ցարդ չվաւերացուած  հայ-թրքական արձանագրութիւններուն: Խօսելով Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի մասին, դեսպան Միլզ նշեց, որ «Հայերը կոտորուեր եւ աքսորուեր են Օսմանեան կայսրութեան կողմէ»՝ զգուշօրէն խուսափելով «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրէն: 
Պատիւը ունեցայ առաջին հարցումը ես ուղղելու դեսպանին՝ զեկոյցէն անմիջապէս ետք՝ յարգալից սա դիտողութիւնը ընելով. 
«Գիտեմ, որ դեսպանները չեն, որ կ՛որոշեն Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութիւնը: Դուք պարզապէս պատգամաբեր էք: Կը փափաքէի հրապարակաւ յայտարարել, թէ հայ համայնքի համար խիստ վիրաւորական է, որ Դուք հոս գալով, չէք օգտագործեր «ցեղասպանութիւն» բառը՝ նկարագրելու համար այն, ինչ որ տեղի ունեցած է հայ ժողովուրդին հետ, 1915-ին: Ես Ձեզ չեմ մեղադրեր, այդ Ձեր մեղքը չէ…: Դուք գիտէք, թէ ի՛նչ պատահած է, եւ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը գիտէ՛, թէ ինչ պատահած է: Սկսած 1951 թուականէն, ամերիկեան պաշտօնատար անձինք բազմիցս ընդունած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ես գրած եմ վաւերագրական գիրք մը, որ կը հաստատէ Ամերիկայի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը, եւ ուրախ կ՛ըլլամ՝ օրինակ մը նուիրելով Ձեզի: Ամբողջ աշխարհի տարածքին եւ ոչ միայն հայերու համար անհասկնալի մնացած է այն, թէ ինչո՞ւ Ամերիկայի կառավարութիւնը ներկայիս չ՛ուզեր օգտագործել բառ մը, որ կը նկարագրէ այն, ինչ որ տարիներ առաջ ի՛նք ընդունած է: Այս դժկամութիւնը Միացեալ Նահանգները կը դնէ այնպիսի բացասական փաստի մը առջեւ, երբ մէկ կողմէ անոր պաշտօնեաները Հայաստանի ժողովուրդին կը քարոզեն ժողովրդավարութիւն, բարոյականութիւն եւ արդարութիւն, սակայն, միւս կողմէ, չեն յարգեր իրենց սեփական սկզբունքները: Մինչդեռ Ամերիկայի կառավարութիւնը պէտք է օրինակ ծառայէ աշխարհին...: Ես պարզապէս կը փափաքիմ Ձեզ նկատել պատգամաբեր: Կը տեսնեմ, որ Ձեզի հետ հոս ներկայ է Պետական Քարտուղարութեան Ձեր գործընկերներէն մէկը: Յոյսով եմ, որ ուղերձս կը փոխանցեք Ձեր վերադաս պաշտօնատարին, Ուաշինկթընի մէջ»: 
Դեսպան Միլզ տուաւ հետեւեալ հակիրճ պատասխանը. «Իմ միակ պատասխանը կ՛ըլլայ՝ կրկնել նախագահ Օպամայի նպատակը, որ ան շարադրած է Ապրիլի 24-ի իր ուղերձին մէջ. «Մենք կը ցանկանք պատահածի լիարժէք, անկեղծ եւ արդարացի ճանաչում՝ Թուրքիոյ կառավարութեան եւ թուրք ժողովուրդին կողմէ»»: 
Ցաւօք, Ամերիկայի դեսպանը պարզապէս կը հետեւէր նախագահ Օպամայի՝ «Հայոց Ցեղասպանութիւն» բառերը չօգտագործելու դատապարտելի դժկամութեան, հակառակ վերջինիս՝ թեկնածուութեան շրջանին Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով տուած բազմաթիւ խոստումներուն: 
Անկախ անկէ, թէ նախագահ Օպաման եւ անոր ստորադասները կ՛օգտագործե՞ն «ցեղասպանութիւն» եզրը, թէ՞ ոչ, փաստը կը մնայ փաստ, որ Միացեալ Նահանգներ բազմիցս ընդունած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ նախագահի եւ Քոնկրէսի մակարդակով: 
Այսուամենայնիւ, ամերիկահայ համայնքը եւ համայն հայութիւնը պարտաւոր են դիմակայելու եւ մերժելու՝ Հայոց Ցեղասպանութեան պատշաճ բնութագրումը նսեմացնելու կամ խեղաթիւրելու իւրաքանչիւր փորձ: Նման դատապարտելի բառապաշար լսելու պահուն լուռ մնալը վիրաւորանք է հայ նահատակներու յիշատակին, յատկապէս, երբ այդ անընդունելի մեղմասացութիւնները կը հնչեն Հայոց Եկեղեցւոյ սրահներու թէ համայնքային կեդրոններու մէջ:
 Դեսպան Միլզ հաւանաբար զարմացաւ լսարանի բացասական արձագանգին ի լուր՝ ոչ միայն Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ իր յայտարարութեան, այլեւ իր այն կեղծ պնդումին առիթով, թէ Թուրքիա կը պայքարի «իսլամական պետութեան» դէմ...
Ցաւօք, մենք չենք կրնար ակնկալել, որ իւրաքանչիւր ամերիկացի դեսպան զոհաբերէ իր դիւանագիտական ասպարէզը՝ ճշմարտութիւնը ըսելով իր իշխանութեան, ինչպէս որ ըրաւ Հայաստանի մէջ Ամերիկայի նախկին դեսպան Ճան Էվընզ: Ան անձնական մեծ զոհողութիւններու գնով համարձակօրէն ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ Միացեալ Նահանգներու հայկական համայնքներ կատարած նմանատիպ շրջագայութեան մը ընթացքին: 
Անտարակոյս, դեսպան Միլզ պէտք է գնահատանքի արժանանայ Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան յարաբերութիւններու բարելաւման ուղղուած իր ջանքերուն համար: Սակայն, Ուաշինկթընի մէջ անոր բարձրաստիճանները պէտք է գիտակցին, որ Միլզի տարած գնահատելի աշխատանքը ահա եւ կը վարկաբեկուի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ իրենց խայտառակ բառախաղերով...
 
 
Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէն թարգմանութիւնը՝ Ռուզաննա Աւագեանի
 
 
 
 
 
 
 
 
  -   Յօդուածներ