Յարութ Սասունեան. Ինչպէ՞ս Կարելի Է Հարստանալ Քոնկրեսի Մէջ Եղած Ատեն եւ Նոյնիսկ Թոշակի Անցնելէ Ետք...


Յարութ Սասունեան. Ինչպէ՞ս Կարելի Է Հարստանալ Քոնկրեսի Մէջ Եղած Ատեն եւ Նոյնիսկ Թոշակի Անցնելէ Ետք...

  • 25-03-2016 16:38:15   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Երկու շաբաթ առաջ գրած էի, որ նախկին Քոնկրեսական Տէն Պըրթըն հրաժարական տուած է Ուաշինկթընի մէջ գործող ատրպէյճան-ամերիկեան դաշինքի նախագահի պաշտօնէն, քանի որ մէկ տարիէ ի վեր չէին վճարած իրեն...
 
Դժուար է խղճալ մարդու մը, որ հաճոյքով անկողին մտած էր Իլհամ Ալիեւի բռնապետական վարչակարգին հետ, այնքան ատեն որ վճարումը չէր դադրեցուած...
 
Տարիներ շարունակ Քոնկրեսի բազմաթիւ անդամներ աջակցած են ամէն տեսակի ստուերային գործերու եւ օտար ու տեղական շահեր ներկայացնող խումբերու՝ ֆինանսական օգուտներ քաղելով ոչ միայն Քոնկրեսի մէջ իրենց  պաշտօնավարման ընթացքին, այլեւ, որ աւելի կարեւոր է, եկամտաբեր լոպիիստական աշխատանքի անցնելու պահուն՝ «հանրային ծառայութենէն» թոշակի անցնելէ ետք…
 
Անցեալ շաբաթ ընթերցողներէս մէկը ինծի ղրկեց հին յօդուած մը, որ կը բացայայտէր Քոնկրեսական Տէն Պըրթընի գործունէութիւնը Քոնկրեսէն ներս առաջին 18 տարիներու ընթացքին՝ տակաւին չհաշուած անոր վերջին 12 տարիները՝ պաշտօնէն հեռանալէն առաջ...: Դեկտեմբեր 2001ին հրապարակուած «Տէն Պըրթընի կեղծաւորութիւնը» վերնագրով յօդուածին հեղինակը American Prospect Online-ի լրագրող Լինծի Սոպըլն է:
 
Որքան ալ տարօրինակ թուի, երբ Պըրթըն նախագահած է Ներկայացուցիչներու Պալատի Պետական Բարեփոխումներու Յանձնախումբին, ան «մեծ ծառայութիւններ մատուցած է նուիրատուներուն՝ ըստ The Hill-ի համակողմանի հետաքննութեան եւ այլ հրապարակումներու՝ 1997 եւ 1998 թուականներուն», գրած է Սոպըլ: Պըրթըն «հովանաւորած է յայտնի ահաբեկիչներ, մարդկային իրաւունքները ոտնահարողներ եւ բռնակալ մը»: Իբրեւ օրինակ՝ Սոպըլ կը մեջբերէ Պըրթընի խնդրանքը «Պետական Բաժանմունքին՝ Զայիրի նախկին բռնապետ Մոպութօ Սեսէ Սեքոյի Միացեալ Նահանգներ մուտքի արտօնագիր տալու մասին՝ Մոպութոյի ուաշինկթընեան լոպիիստներէ հազարաւոր տոլարներու քարոզչական նուիրատուութիւններ եւ վարձատրութիւն ստանալէ ետք...:  Նուիրատուութիւններու ամբողջ ընթացքին Պըրթըն Ներկայացուցիչներու Պալատին մէջ հանդէս եկած է նաեւ Մոպութոն գովաբանող յայտարարութիւններով» :
 
Պըրթըն «նաեւ հազարաւոր տոլարներ վերցուցած է Թուրքիոյ մէջ գործառնական շահեր ունեցող մարդոցմէ՝ օրինական նուիրատուութիւններու անունով», հաղորդած է Սոպըլ: «Ատկէ ետք ան Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ հանդէս եկած է յայտարարութեամբ մը, զոր արտագրած էր թուրք պետական պաշտօնեայէ մը: Այդ յայտարարութիւնը կը պաշտպանէր Թուրքիան՝ ապացուցուած մեղադրանքներէ, ըստ որոնց,  թրքական կառավարութիւնը մարդու իրաւունքներու լուրջ խախտումներ կատարած է քիւրտերու հանդէպ: 1996-ին Պըրթըն հանդէս եկաւ մէկ այլ յայտարարութեամբ, որ ըստ The Los Angeles Times-ի, գրեթէ ամբողջութեամբ կը կրկնէր այն նիւթերը, զորս Թուրքիոյ լոպիիստական ընկերութիւնը բաժնած էր Քոնկրեսի անդամներուն: Պըրթըն ինքզինք կ՛անուանէ մարդու իրաւունքներու միջազգային պաշտպան, սակայն Թուրքիոյ դաշնակիցներէն վճարումներ ստանալէ ետք, ան բազմաթիւ առիթներով կը պաշտպանէր տուեալ երկրի կառավարութիւնը, հակառակ այն հանգամանքին, որ Միաւորուած Ազգերու Կազմակերպութիւնը, Պետական Բաժանմունքը եւ բազմաթիւ միջազգային իրաւապաշտպան խումբեր լուրջ մեղադրանքներ ներկայացուցած էին Թուրքիոյ կառավարութեան դէմ»: 
 
Սոպըլ նաեւ հաղորդած է, թէ Պըրթըն «Պահպանողական Ազատութեան Միջազգային Հիմնադրամի կողմէ իրականացուած ծրագրերուն մէջ ներգրաւուած է: Հետագային, հետաքննութիւնները ցոյց տուին, որ Հարաւային Ափրիկէի խտրականութեան կառավարութիւնը ֆինանսաւորած է Հիմնադրամը՝ խտրականութեան աջակցութիւնը արտերկրի մէջ ընդլայնելու եւ Նելսըն Մանտելայի Ափրիկեան Ազգային Քոնկրեսը վարկաբեկելու նպատակով»:
 
«Մէկ այլ պարագայի՝ Պըրթըն միջամտած է Կրթութեան Բաժանմունքի գործերուն մէջ քարոզարշաւի նուիրատուի մը օգտին, որ ըստ Roll Call-ի, բժշկական դպրոց ունի Քարիպեան կղզիին մէջ: Ծառայութիւնը մատուցելէ անմիջապէս ետք, Պըրթըն հարցուցած էր իր նուիրատուին, թէ արդեօ՞ք իր դուստրը կրնայ դիմել նշեալ դպրոցին առընթեր անասնաբուժական ծրագրին»:
 
Սոպըլի հետազօտութիւնը Պըրթընի մասին ցոյց կու տայ, որ վերջինս «գտնուած է նաեւ այլ խառն գործերու մէջ: Օրինակ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հետաքննութիւններու Դաշնակցային Բիւրոն (FBI) հետաքննած է մեղադրանքները այն մասին, որ Պըրթըն Փաքիստանի մէկ լոպիիստէ պահանջած է կա՛մ վճարել 5 հազար տոլար՝ իր կատարելիք քարոզարշաւին համար, կա՛մ հեռանալ Պըրթընի գրասենեակէն: (Պըրթըն խոստովանած է լոպիիստին հետ ունեցած հանդիպման մասին, սակայն հերքած է զայն ճնշելու փաստը): Բացի այդ, The Hill կը տեղեկացնէ, որ Պըրթըն իր քրէական գործերով զբաղող փաստաբանին 25 հազար տոլար վճարած է ոչ թէ անձնական, այլ իր քարոզարշաւի գումարներէն: Նաեւ, ըստ The Hill-ի, Պըրթըն ապօրինի նուիրատուութիւններ ստացած է խումբէ մը, որուն հինգ հիմնադիր կազմակերպութիւնները Պետական Բաժանմունքի կողմէ ընդունուած են իբրեւ սիխական ահաբեկչական խումբեր: Պըրթըն պաշտպանած է խումբին նպատակը՝ Հնդկաստանի մէջ սիխական ինքնավար հայրենիք հաստատելը»:
 
Ցաւօք, Պըրթըն բացառութիւն չէ Ուաշինկթընի մէջ: Անոր նման շատեր կան Քոնկրեսի մէջ եւ անկէ դուրս: Հետեւաբար, խիստ կարեւոր է ստեղծել ամերիկահայ դիտորդական խումբ մը, որ  պիտի հետապնդէ դրամական հաշիւները այն բոլոր ընտրուած պաշտօնեաներուն, որոնք հետեւողականօրէն դէմ կը քուէարկեն հայկական հարցերուն եւ կը սատարեն Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ: Այս երկու երկիրները մարդկային իրաւանց բնագաւառէն ներս այնքան վատ համբաւ ունին, որ զանոնք պաշտպանելու միակ դրդապատճառը դրամ շահիլն է քաղաքական գործիչներու համար, Քոնկրեսէն ներս ծառայութեան մէջ գտնուած ընթացքին կամ թոշակի անցնելէ ետք, իսկ աւելի յաճախ՝ երկու պարագաներուն ալ... 
Յարութ Սասունեան 
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
  -   Յօդուածներ