Յարութ Սասունեան. Աւելի Լաւ Է Զօրակցիլ Հայ Գործիչներուն, Քան Քննադատել Թուրք-Ատրպէյճանական Լոպիինկը


Յարութ Սասունեան. Աւելի Լաւ Է Զօրակցիլ Հայ Գործիչներուն, Քան Քննադատել Թուրք-Ատրպէյճանական Լոպիինկը

  • 30-03-2016 11:51:44   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

 
Տարիներ շարունակ բազմաթիւ քննադատական գիրքեր եւ յօդուածներ գրուած են օտարերկրացի եւ տեղական խումբերու մասին, որոնք լոպիիստական ​​ընկերութիւններ կը վարձեն կամ քարոզչական նուիրատուութիւններ կ՛ընեն պետական ​​պաշտօնեաներու վրայ ազդելու նպատակով: 
 
Անցեալ շաբաթ Լ. Մայքըլ Հեճըր նմանատիպ յօդուած մը հրապարակեց Foreign Policy Journal-ի մէջ՝ «AIPAC կրնայ գնել լաւագոյն Քոնկրեսը» վերնագրով: AIPAC Հանրային կապերու ամերիկա-իսրայէլեան կոմիտէի յապաւումն է: Յօդուածագիրը կ՛ընդունի, որ «անօրինական կամ բարոյապէս անընդունելի ոչինչ կայ Քոնկրեսի անդամներու կամ թեկնածուներու լոպիինկի մէջ: Իրականութեան մէջ անիկա  կրնայ ծառայել օգտակար նպատակի՝ ուսուցանելով անդամները եւ թեկնածուները որոշ հարցերու մասին: Խնդիրը ի յայտ կու գայ այն ժամանակ, երբ լոպիիստները գումարներ կ՛օգտագործեն առաջարկուող օրինագիծերու կամ բանաձեւերու ընդունումը ապահովելու կամ զօրակցութիւն գնելու համար»: Սակայն այս մեղմ նախաբանէն ետք, Հեճըր կ՛եզրակացնէ, որ «յանուն մեր ժողովրդավարութեան, պէտք է դադրեցուի շահագրգիռ խումբերու դրամներու հոսքը, որով կը կաշառուին մեր ընտրեալ օրէնսդիրները»:
 
Հեճըր կը նշէ, որ «ոչ մէկ տեղ քաղաքական լոպիի մը ազդեցութիւնը եւ իշխանութիւնը այնքան ակնյայտ են, որքան Հանրային կապերու ամերիկա-իսրայէլեան կոմիտէի (AIPAC) Քաղաքականութեան Հարցերով Ամէնամեայ Համաժողովէն ներս», որ այս տարի տեղի ունեցաւ 22-24 Մարտին, Ուաշինկթընի մէջ:
 
Համաժողովի բանախօսները ելոյթ ունեցան «աւելի քան 15 հազար իսրայէլամէտ ամերիկացիներու առջեւ (ներառեալ ներկայ Քոնկրեսի անդամներու 2/3-ը): Բանախօսներու շարքին էին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի 30 անդամներ, որոնցմէ 25-ը ստացած է 2016 տարեշրջանի նուիրատուութիւններ՝ իսրայէլամէտ քաղաքական աշխուժ խումբերէ եւ անհատներէ: Այս 25 անդամներէն իւրաքանչիւրը ստացած է միջին hաշուով 36 000 տոլար (ընդամէնը 908 000 տոլար): AIPAC նշեալ իւրաքանչիւր բանախօսէ կը ստանայ բարձր մակարդակի զօրակցութիւն Իսրայէլի համար»: 
 
Հեճըր կը հաղորդէ, որ AIPAC-ի համաժողովին հրաւիրուած էին մօտաւորապէս 400 բանախօսներ, ներառեալ՝  «փոխնախագահ Ճօ Պայտըն եւ նախագահական աթոռի  թեկնածուներ Տանըլտ Թրամփ, Հիլըրի Քլինթըն, Թետ Քրուզ եւ Ճան Քասիչ»: Հեղինակին խօսքերով՝ «AIPAC  212 հազար 927 տոլարի նուիրատուութիւն կատարած է Հիլըրի Քլինթընի եւ 203 հազար 850 տոլարի՝ Թետ Քրուզի համար: Մարքօ Ռուպիըն ստացած է 132 հազար 552 տոլար, իսկ Լինտզի Կրահամ՝ 74 հազար 200 տոլար: Զարմանալի չէ, որ այդ բոլոր թեկնածուները խոստացած են «լիակատար զօրակցութիւն» Իսրայէլի»: 
 
Հեղինակը «AIPAC-ի գլխաւորած իսրայէլեան լոպին» կը նկատէ «Ուաշինկթընի թերեւս ամէնէն ուժեղ, ամէնէն կազմակերպուած եւ առաւել արդիւնաւէտ լոպիիստական ցանցը: 2015-2016 թուականներու ընտրական փուլին իսրայէլամէտ ցանցը արդէն յատկացուցած է 4 միլիոն տոլարէն աւելի նուիրատուութիւններ: Ամէնէն մեծ գումարը (259 հազար 688 տոլար) տրամադրուած է Նիւ Եորքի ծերակուտական Չարլզ Շումերի»:
 
Հեճըր կը բացատրէ, որ «AIPAC ինքնին չի կատարեր քաղաքական նուիրատուութիւններ եւ, ըստ էութեան, այդ մէկը օրէնքով արգիլուած է:  Փոխարէնը՝ կ՛օգտագործէ իր ազդու միջոցները (3 միլիոն տոլարի լոպիիստական տարեկան նախահաշիւ)՝ Քոնկրեսի ներկայ եւ ապագայ անդամները կապելու համար իսրայէլամէտ նուիրատուներու հետ: AIPAC-ի անպարտելիութեան կանխատեսումը կը քաջալերէ քաղաքական թեկնածուներն ու պաշտօնեաները՝ ընդունելու իսրայէլամէտ նուիրատուութիւնները եւ կամ ռիսքի դիմելու՝ տեսնելու համար, թէ նիւթական այդ միջոցները ինչպէ՛ս բաժին կը դառնան իրենց հակառակորդներուն: Օրինակ՝ նախկին քոնկրեսական Փօլ Ֆինտլի եւ նախկին ծերակուտական Չարլզ Փըրսի կորսնցուցին իրենց աթոռները AIPAC-ի գիծին հաւատարիմ չմնալու պատճառով»:
 
Հեղինակին քննադատութիւնները կը բխին այն մտահոգութենէն, թէ «շահերու բախման երեւոյթը կը խարխլէ քաղաքացիներու վստահութիւնը իշխանութեան հանդէպ: Հաշուի առնելով գումարին մեծ կարեւորութիւնը վերընտրական քարոզարշաւներու՝ քաղաքական նուիրատուութիւնները, ինչպէս վերոնշեալ պարագան, կրնան փճացնել կամ ստեղծել տպաւորութիւն՝ ազնիւ պաշտօնեաներու կաշառակերութեան մասին»:
 
Հեճըր կ՛ընդունի, որ AIPAC «միայն մէկ մասն է աւելի լայն պատկերի մը, որ ըսուածը կը գերակշռէ քոնկրեսական դրամահաւաքի եւ լոպիիստական ​​նուիրատուութիւններու միջոցով», ինչպիսիք են՝ «Պաշտպանութեան, դեղագործութեան, Միացեալ Նահանգներու հրաձգային ազգային ընկերակցութեան (NRA) եւ այլ լոպիներ...»:
 
Իմ կարծիքով, լոպիիստական ​​ընկերութիւններու եւ անոնց պատուիրատուներու քննադատութիւնը կ՛արդարացուի այն ժամանակ, երբ անոնք  կը խախտեն Միացեալ Նահանգներու օրէնքները: Այսուհանդերձ, աւելի կարեւոր է ուժեղացնել լոպիիստական սեփական ​​ջանքերը, քան նսեմացնել ուրիշներու ըրածը: Թէեւ հայկական տեսանկիւնէ  դիտուած՝ անհրաժեշտ է ուշադրութեամբ հետեւիլ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի վարձած լոպիիստական ​​ընկերութիւններուն, սակայն հայերը պէտք է կեդրոնանան հիմնական այն կէտին վրայ, թէ Ուաշինկթընի մէջ ինչպէ՛ս պէտք է զօրակցին հանրային կապերու երկու կազմակերպութիւններու՝ Ամերիկայի Հայկական Համագումարին եւ Հայ Դատի յանձնախումբին: Հակառակ սահմանափակ թիւով աշխատակիցներու եւ նիւթական աղբիւրներու՝ ամերիկահայ այս երկու խումբերը յաջողութեամբ կը դիմակայեն Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ միլիոնաւոր տոլարներով վարձուած լոպիիստական ​​ընկերութիւններու գործունէութիւնը:
 
Բարեբախտաբար, Ամերիկայի հայկական խումբերը Ուաշինկթընի մէջ իրենց քաղաքական նպատակներուն հետամուտ ըլլալու համար, նման հսկայական գումարներու կարիք չունին, քանի որ շատ աւելի քիչ ծախսեր անհրաժեշտ են իրենց  արդար գործը ճշմարտացիօրէն ներկայացնելու համար, ի տարբերութիւն Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի, որոնք ստիպուած են ահռելի գումարներ ծախսել քաղաքական գործիչներն ու հանրութիւնը խաբելու համար…   
 
 
 
Յարութ Սասունեան 
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
 
 
 
 
 
  -   Յօդուածներ