Յարութ Սասունեան.Նախագահ Էրտողան Կը Ստիպուի Հրաժարական Տալ, Եթէ Պարզուի, Որ Իր Վկայականը Կեղծ Է


Յարութ Սասունեան.Նախագահ Էրտողան Կը Ստիպուի Հրաժարական Տալ, Եթէ Պարզուի, Որ Իր Վկայականը Կեղծ Է

  • 22-06-2016 13:59:07   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ
Կարծես թէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Էրտողանի գլխացաւերը քիչ էին, հիմա ալ ան կանգնած է նոր մեղադրանքի մը առջեւ՝ հնարաւոր է, որ ան կեղծած է իր բարձրագոյն կրթութեան վկայականը: Եթէ սա ճիշդ ըլլայ, ապա ան ստիպուած կ՛ըլլայ հրաժարիլ իր նախագահական պաշտօնէն եւ կրնայ ըլլալ, որ բանտարկուի կամ աքսորուի:
 
Որոշ ժամանակ առաջ լուրեր կը պտտէին, որ Էրտողան բարձրագոյն կրթութիւն չունի, ինչ որ կրնայ զայն զրկել նախագահի պաշտօնէն, քանի որ Թուրքիոյ Սահմանադրութեան 101-րդ յօդուածի համաձայն՝ կը պահանջուի, որ նախագահի թեկնածուները «աւարտած ըլլան ուսումնական բարձրագոյն հաստատութիւնը»:
 
Լրագրող Ճենկիզ Չանտար, Al-Monitor.com կայքի մէջ Յունիս 15-ին տեղադրուած՝ «Արդեօք Էրտողանի համալսարանական վկայականը կեղծուա՞ծ է» խորագիրը կրող յօդուածին մէջ լուրջ կասկածներ կը յարուցէ՝ Թուրքիոյ նախագահի բարձրագոյն կրթութեան վկայականի իսկութեան վերաբերեալ:
 
Ինչպէս կը բացատրէ Չանտար՝ «Էրտողան յաճախած է Իմամ Հաթիփ Դպրոցը՝ միջնակարգ դպրոցի մակարդակի հաստատութիւն մը, որ կը կրթէ կրօնական քարոզիչներ: 1970-80-ական թուականներու շրջանաւարտները կրնային շարունակել իրենց բարձրագոյն կրթութիւնը միայն աստուածաբանութեան բնագաւառէն ներս»: Այսուհանդերձ, երբ Օգոստոս 2014-ին Էրտողան թեկնածու էր նախագահի պաշտօնին, Բարձրագոյն Ընտրական Խորհուրդին ներկայացուցած է իր վկայականի լուսապատճէնը՝ պնդելով, որ ան Պսակաւոր Արուեստից աստիճան ստացած է 1981 թուականին՝ Մարմարայի համալսարանի տնտեսագիտութեան եւ կառավարման  բաժանմունքէն: 
 
Խնդիրը այն է, որ Մարմարայի համալսարանը հիմնադրուած է միայն 1982 թուականին, ուստի անկարելի էր, որ Էրտողան համալսարանը աւարտած ըլլար անոր հիմնադրումէն մէկ տարի առաջ: Քանի որ տնտեսագիտութեան բաժանմունքը  հիմնադրուած է միայն 1983 թուականին,  ապա Էրտողան չէր կրնար զայն աւարտել 1981-ին, ինչպէս որ ան կը պնդէ: Ցաւօք, այս կասկածելի մեղադրանքներէն ոչ մէկը Թուրքիոյ մէջ կրնայ մանրակրկիտ կերպով ուսումնասիրուիլ լրատուական միջոցներու կամ քաղաքացիական հասարակութեան կողմէ՝ Էրտողանի վարչակարգի բռնատիրական բնոյթին պատճառով, որ սովորաբար կը փակէ թերթերը եւ կը հետապնդէ բոլոր ընդդիմախօսները:
 
Նախագահի օգնականները անդրդուելի են. անոնք Էրտողանի դէմ մեղադրանքները կը համարեն անհիմն, քանի որ զանոնք կը տարածեն ընդդիմադիր կուսակցութիւնները: Առաջին բողոքը արձանագրեց նախկին դատաւոր Օմէր Ֆարուք Էմինաղաօղլու, որ իր կասկածները ներկայացուց Բարձրագույն Ընտրական Խորհուրդին՝ Էրտողանի բարձրագոյն կրթութիւն չունենալուն կապուած անոր վկայականի լուսապատճէնին մէջ առկայ անճշդութիւններու պատճառով: Ընտրական խորհուրդը կտրականապէս մերժեց դատաւորին դիմումը:
 
Երկրորդ մարտահրաւէրը նետեց թուրք ծայրայեղ ազգայնական Կէօքչէ Ֆիրաթ, որ մանրամասն փաստարկներ  ներկայացուց՝ պաշտպանելով այն պնդումը, որ Էրտողանի վկայականը կեղծ է: Ֆիրաթ պահանջեց նայիլ Էրտողանի վկայականի բնօրինակին, այլ ոչ թէ պատճէնին, զոր ան ներկայացուցած էր Բարձրագոյն Ընտրական Խորհուրդին: Թուրք ազգայնականը մեղադրեց Մարմարայի համալսարանի ուսումնական բաժնի ղեկավարն ու փոխ տնօրէնը՝ Էրտողանի վկայականը կեղծելու յանցագործութեան սատարելու մեղադրանքով: Ան պնդեց, որ Մարմարայի համալսարանի ուսումնական բաժնի ղեկավարի եւ փոխ տնօրէնի ստորագրութիւնները չեն համապատասխաներ նոյն համալսարանէն իր ստացած վկայականին մէջ առկայ ստորագրութիւններուն: Ան նաեւ կասկածի տակ առաւ Էրտողանի վկայականին մէջ յայտնաբերուած յաջորդական թիւի վաւերականութիւնը: Վերջապէս, Ֆիրաթ պնդեց, որ Թուրքիոյ նախագահի վկայականին  տեսքը կը տարբերի միւս շրջանաւարտներու ստացածներէն:
 
Այս ամսուան սկիզբը, քրտամէտ ԺԴԿ կուսակցութիւնը խորհրդարանական պաշտօնական հարցով ներկայացուց կրթութեան նախարար Իսմէթ Եըլմազը՝ պահանջելով «յստակացնել Էրտողանի համալսարանական վկայականի շուրջ ստեղծուած առեղծուածը»: Ի պատասխան Բարձրագոյն Ընտրական Խորհուրդ ուղարկուած համանման հարցի մը՝ ԺԴԿ-ն ստացաւ Թուրքիոյ նախագահի նօտարական կարգով հաստատուած վկայականին պատճէնը: Սակայն, ԺԴԿ-ն յայտարարեց, որ պիտի շարունակէ վիճարկել այդ վկայականի վաւերականութիւնը:
 
Ճենկիզ Չանտար իր յօդուածով լուրջ մտահոգութիւններ կը յարուցէ Էրտողանի՝ իբրեւ Թուրքիոյ նախագահի օրինականութեան մասին, եթէ հաստատուի, որ անոր վկայականը կեղծուած է. «Եթէ հարցին լրջօրէն մօտենանք, ապա Թուրքիոյ մէջ այս հակասութեան կը հետեւին հսկայական իրաւական հարցեր: Եթէ պարզուի, որ Էրտողան երբեք նախագահ ընտրուելու իրաւունք չէ ունեցած, ապա այդ ամէնը ինչ որ ան ստորագրած կամ իրականացուցած է, կը համարուի անվաւեր՝ զուտ իրաւական տեսանկիւնէ: Քաղաքական տեսանկիւնէ՝ այդ մէկը ամբողջ զինանոց մը կ՛ապահովէ՝ անոր քննադատներուն համար, որոնց թիւը արտերկրի մէջ արագօրէն կ՛աճի: Եւ եթէ Էրտողանի վկայականին կեղծ ըլլալը ապացուցուի, ապա ատիկա բնականաբար հնարաւորութիւն կու տայ Էրտողանի միջազգային հակառակորդներուն՝ յարուցելու անոր տիտղոսի օրինական ըլլալու հարցը»:   
 
Մինչ նախագահ Էրտողան ԴՆԹ հետազօտութիւն կը պահանջէ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ի նպաստ քուէարկած Գերմանիոյ խորհրդարանի 11 թուրք պատգամաւորներու ազգայնական ծագումը ստուգելու համար, շատ աւելի նպատակայարմար պիտի ըլլար քիմիական ստուգման ենթարկել իր վկայականը: Պէտք է նաեւ հոգեբանական հետազօտութեան ենթարկել Էրտողանը՝ անոր մշտապէս անհաւասարակշիռ հոգեվիճակը գնահատելու համար…  
 
 
Յարութ Սասունեան 
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
 
 
 
 
 
 
 
 
 
 
  -   Յօդուածներ