Ռաֆայէլ Լեմքին


Ռաֆայէլ Լեմքին

  • 02-05-2011 19:56:47   | Հայաստան  |  Յօդուածներ
«Ցեղասպանութիւն» բառը ինքնին կը նշանակէ «Ոճիրներու Ոճիրը», միջազգային ոճրագործական դատարանի որոշումով եւ իւրացուած Միացէալ Ազգերու կազմակերպութէան կողմէ, 1948-ին, լեհ հրէայ, Ռաֆայէլ Լեմքինի ներկայացուած առաջարկով: Լեմքին, ուսանողական իր շրջանին, Թալէաթ Փաշայի սպանութէան հարցով հետաքրքրուած, սկսած էր տեղեկագրութիւն պատրաստել տուէալ սպանութէան եւ անոր պատճառներուն մասին: Ուսումնասիրելով Թալէաթ փաշայի կազմակերպած կոտորածները, ան եայտնաբերեց թէ, այն ժամանակ, որեւէ միջազգային օրէնք գոյութիւն չունէր նման արարքի համար դատապարտելու ոեւէ ոճրագործ: 1933-ին հրապարակուած ծաւալուն ուսումնասիրութէան մը մէջ, Լեմքին նման կոտորածները անուանեց «Ոճրագործութիւն Միջազգային Օրէնքի Դէմ», սակայն նախքան շօշափելի որեւէ արդիւնքի հասնիլը, ան բանակ մեկնեցաւ 1939-ին, գերմանական եւ լեհական պատերազմին Ռաֆայէլ Լեմքին իբրեւ հետեւանք: Սակայն երբ գերմանական Նացի բանակը գրաւեց Լեհաստանը, Լեմքին ապաստանեցաւ Միացէալ Նահանգներ, ծնողները թողելով Լեհաստան: Միացէալ Նահանգներու մէջ ան, որպէս խորհրդատու աշխատակցեցաւ Նիւրէմպուրկի դատավարութէանց ընթացքին, երբ տեղեկացաւ իր ծնողներուն մահուան մասին, կեդրոնացման ճամբարներու (concentration camps) մէջ: 1944-ին հրատարակուած իր «Axis rule in Occupied Europe» գիրքին մէջ, ան ցեղասպանութիւնը կը սահմանէր որպէս` «նպատակադրուած վայրագութիւն եւ կոտորած» ամբողջ ազգ մը կամ ցեղ մը բնաջնջումի ենթարկելու արարք, եւ վերջապէս եանգելու համար հանրածանօթ եզրին` իւնական «genos», ցեղ, եւ լատիներէնի «cide», (սպանութիւն) բառերուն միացումով, նման կոտորածներ կոչելու համար «Genocide» - Ցեղասպանութիւն, առարկելով հանդերձ թէ` ցեղասպանութիւն մը պայման չէ որ ուղղակի գործադրութէան մը արդիւնքը ըլլայ: 1946-ին, Միացէալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը միաձայնութէամբ ընդունեց ցեղասպանութիւնը որպէս ոճիր եւ անոր դատապարտութիւնը վաւերացուց որպէս միջազգային օրէնք: Լեմքին սակայն շատ կը փափաքէր եաւելում մը կատարել նոյն այդ օրէնքին վրայ, արգիլելու եւ պատժելու համար ցեղասպանութէան հեղինակները: Այդ փափաքը իրականացաւ 1948 թուին երբ Միացէալ Ազգերու կազմակերպութիւնը վաւերացուց այդօրինակ օրէնք մը եւս: Լեմքին, 59 տարիքին եւ աղքատ վիճակով մահացաւ Նիւ Էորքի պանդոկներէն մէկուն մէջ 1959 թուին: Սակայն գոնէ իր շիրիմնաքարը չզլացաւ յիշատակելու «Ցեղասպանութէան Համագումարի Հայրը» վերտառութիւնը: Ռամկավար Մամուլ Մայիս 2, 2011 Թարգմանութիւն` Եակոբ Մարտիրոսէանի
  -   Յօդուածներ