Յարութ Սասունեան.Թրամփի Հետ Թուրքիոյ Դժուարութիւններու Առաջին Ազդանշանները


Յարութ Սասունեան.Թրամփի Հետ Թուրքիոյ Դժուարութիւններու Առաջին Ազդանշանները

  • 06-07-2016 11:14:49   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

 
Հանրապետական եւ Դեմոկրատական կուսակցութիւնները Յուլիսի վերջին պիտի իրականացնեն իրենց համագումարները՝ համապատասխանաբար Տանըլտ Թրամփն ու Հիլըրի Քլինթընը իրենց նախագահական թեկնածուն ընտրելու նպատակով:
 
Կուսակցութեան հաւատարիմ անդամներու համար ընտրութիւնը շատ պարզ է. քուէարկել իր կուսակցութեան թեկնածուի օգտին: Այսուհանդերձ, միլիոնաւոր այլ ընտրողներ կանգնած են որոշում կայացնելու աւելի բարդ խնդիրի առջեւ: Ոմանք՝ դժգոհ երկու գլխաւոր կուսակցութիւններէն, կը պատրաստուին քուէարկելու անկախ երրորդ թեկնածուի մը օգտին, իսկ ուրիշներ մտադրած են ընտրութիւններուն ընդհանրապէս չմասնակցիլ:
 
Ամերիկահայ ընտրողները եւս անորոշութեան մէջ կը գտնուին ընտրութեան հարցով: Հիլըրի Քլինթընի պարագային շատեր խիստ հիասթափուած են անկէ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ տուած խոստումը դրժելուն պատճառով, երբ ան պետական քարտուղար եղած ատեն զայն անուանեց «պատմական բանավէճի հարց»՝ հակառակ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու իր բազմաթիւ խոստումներուն, նախ իբրեւ Միացեալ Նահանգներու ծերակուտական եւ ապա՝ նախագահի թեկնածու, ութ տարի առաջ:
 
Թրամփ հանելուկ է բազմաթիւ ամերիկահայերու համար: Անոնք, ովքեր պատրաստ են անտեսելու անոր վիճայարոյց դիրքորոշումները եւ պարզապէս իրենց  քուէն տալ զուտ հայկական հարցերու հիման վրայ, վստահ չեն, թէ արդեօք ան, իր իսկ խօսքերով ըսած՝ «բարեկա՞մ, թէ՞ հակառակորդ» է, քանի որ գործարար Թրամփ հանրային դիրքորոշում չունի բազմաթիւ քաղաքական հարցերու, այդ շարքէն՝ հայկականինվերաբերեալ:
 
Ի հարկէ, լաւագոյն տարբերակը պիտի ըլլար դէմ առ դէմ հանդիպիլ հանրապետական թեկնածուին հետ եւ առաջին հայեացքով պարզել, թէ ինչպիսին են անոր մօտեցումները հայութիւնը հետաքրքրող հարցերու վերաբերեալ: Սակայն, նման հնարաւորութեան մըբացակայութեան պայմաններուն, ընտրողները պէտք է ապաւինին Թուրքիոյ մասին վերջերս անոր կողմէ կատարուած քանի մը կարճ արտայայտութիւններու:
 
Թրամփ անցեալ տարուան Դեկտեմբերին քննադատեց Թուրքիան՝ իսլամիստ ահաբեկիչներուն աջակցելուն համար: Ան ըսաւ Breitbart News Daily-ին. «Թուրքիա կարծես թէ ԻԼԻՊ-ի կողմէ է, քիչ թէ շատ քարիւղի հետ կապուած»: Ան աւելցուց, որ շահերու բախում ունեցած է Թուրքիոյ մասին խօսելով՝ Սթամպուլի մէջ գտնուող  «Թրամփ Թաուըր» երկնաքերներու համալիրին պատճառով: Թէեւ շէնքը իրեն չի պատկանիր, սակայն ան իր անունը շնորհած է պանդոկի սեփականատէրերուն եւ մակնիշային շահութաբեր վճարումներ կը ստանայ: Ան նման համաձայնութիւն մը ունի նաեւ Trump International Hotel & Tower-ի հետ, Պաքուի մէջ: Իր գործարարական յարաբերութիւնները չվնասելու համար, Թրամփ արագօրէն հաստատեց հարցազրոյցի ընթացքին. «Ես Թուրքիան շատ լաւ կը ճանչնամ. թուրքերը զարմանալի եւ հրաշալի մարդիկ են, անոնք ուժեղ ղեկավար ունին»:
 
Հակառակ Էրտողանի մասին Թրամփի արտասանած ջերմ խօսքերուն՝ Թուրքիոյ նախագահը երկու շաբաթ առաջ յարձակեցաւ անոր վրայ,զայն մեղադրելով իսլամատեացութեան մեջ եւ կոչ ընելով անյապաղ հանել Թրամփի անունը Սթամպուլի «Թաուըր»-էն…: Գործարարներու մեծ խումբի մը առջեւ Էրտողան յայտարարեց, որ Թրամփ «անհանդուրժողական է Միացեալ Նահանգներու մէջ ապրող մահմետականներու հանդէպ, եւ այսքանէն ետք անոր անունը իբրեւ մակնիշ կ՛օգտագործուի Սթամպուլի մէջ: Անոնք, ովքեր այդ մակնիշըդրած են իրենց շէնքին վրայ, պէտք է անյապաղ հանեն զայն»: Էրտողան նաեւ ըսաւ, թէ կը զղջայ, որ մասնակցած է «Թրամփ Թաուըր» համալիրի բացման արարողութեան, 2012 թուականին, երբ վարչապետ էր. «Ես նաեւ սխալած եմ եւ բացած [«Թրամփ Թաուըր» համալիրը]»: Պանդոկի թուրք սեփականատէրը յայտարարեց, որ ան կը վերանայի իր գործարարական կապերը Թրամփի հետ:
 
Սթամպուլի մէջ «Թրամփ Մոլ» առեւտրական կեդրոնի վերակացու Պիւլենթ Քուրալ եւս քննադատեց Թրամփը. «Մենք կը ցաւինք եւ կըքննադատենք Թրամփի խտրական արտայայտութիւնները: Նման յայտարարութիւններ անարժէք են եւ արգասիքը մտքի մը, որ չի հասկնար իսլամութիւնը, խաղաղութեան կրօնքը: Մեր արձագանգը ուղղակիօրէն յայտնած ենք Թրամփի ընտանիքին: Մենք կըվերանայինք մեր իրաւական յարաբերութիւնները Թրամփ մակնիշի հետ»:
 
Հանրապետական թեկնածուն անպատրաստական մէկ այլ մեկնաբանութիւն ըրաւ Թուրքիոյ մասին Յուլիս 1-ին, Տենվըրի մէջ ունեցած ելոյթի մը ընթացքին: Երբ ան կը թուարկէր անունները շարք մը երկիրներու, որոնք ռազմական պաշտպանութիւն կ՛իրականացնեն Միացեալ Նահանգներու հաշուոյն, դահլիճէն մէկը գոռաց՝ «Թուրքիա»...: Թրամփ ընդհատեց իր խօսքը եւ հարցուց այդ մարդուն՝ արդեօք ան «բարեկա՞մ, թէ՞ հակառակորդ» է: Հանրապետական թեկնածուն աւելցուց. «Եւ Թուրքիան, որ, ի դէպ, պէտք է պայքարի ԻԼԻՊ-ի դէմ: Ես յոյսով եմ, որ Թուրքիա կը պայքարի ԻԼԻՊ-ի դէմ, քանի որ ԻԼԻՊ-ը, որոշակի իմաստով, շատ լուրջ առաւելութիւններ ունի Թուրքիոյ մէջ: Թուրքիա ինք պէտք է արմատախիլ ընէ ԻԼԻՊ-ը: Ես կը փափաքէի տեսնել այդ»:
 
Կը մնայ տեսնել, թէ արդեօ՞ք Էրտողան կը սրէ իր աճող թշնամանքը Տանըլտ Թրամփի հետ՝ պնդելով հանել վերջինիս անունը Սթամպուլի «Թաուըր»-ներէն: Զարմանալի չէ, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ մինչեւ այսօր կ՛անտեսէ Թրամփի բացասական մեկնաբանութիւնները իսլամութեան մասին՝ նախընտրելով պաշտպանել իր սեփական գործարքի շահերը Պաքուի «Թրամփ Թաուըր»-ներու առնչութեամբ…
 
 
Յարութ Սասունեան 
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
 
 
 
 
 
  -   Յօդուածներ