Թուրքիա Գաղտնի Համաձայնութիւն Կնքած Է «Իսլամական Պետութեան» Հետ՝ Սուրիա Իր Խաբուսիկ Ներխուժման Վերաբերեալ. ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ


Թուրքիա Գաղտնի Համաձայնութիւն Կնքած Է «Իսլամական Պետութեան» Հետ՝ Սուրիա Իր Խաբուսիկ Ներխուժման Վերաբերեալ. ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ

  • 09-09-2016 12:03:09   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Սուրիա եղած է միջազգային ռազմական եւ քաղաքական տարաբնոյթ դաւադրութիւններու կեդրոն, 2011 թուականի «քաղաքացիական պատերազմ»ի սկիզբէն ի վեր: Զանազան հակամարտող կողմերու շարքին են «Հըզպալլա»ն, Իրանը, «Իսլամական պետութիւն»ը, Իսրայէլը, Յորդանանը, քիւրտ զինեալները, Լիբանանը, Քաթարը, Ռուսիան, Սէուտական Արաբիան, այլազան ահաբեկիչներ աշխարհի չորս կողմէ, Սուրիան, սուրիական ընդդիմադիր խումբերը, Թուրքիան, Միացեալ Նահանգները եւ ՆԱԹՕի այլ պետութիւններ:
Վերջին չարագուշակ զարգացումը թրքական ներխուժումն էր Սուրիոյ սահմանամերձ Ճարապլուս քաղաք, որ գրաւուած էր «Իսլամական պետութեան» կողմէ: Սակայն, հակառակ թրքական քարոզչութեան, Թուրքիոյ զինուժը Սուրիա չէր ներխուժած «Իսլամական պետութիւն»ը դուրս մղելու համար, իսկ ամերիկեան ռազմաօդային ուժերը Ճարապլուսի վրայ ռումբեր չեն նետած թրքական զօրքերու յառաջխաղացումը ապահովելու համար, ըստ Քոլումպիա համալսարանի Մարդկային իրաւունքներու ուսումնասիրութեան հիմնարկի Խաղաղաշինութեան եւ իրաւունքներու ծրագիրի ղեկավար Տէյվիտ Ֆիլիփսի: Ֆիլիփս՝ իբրեւ աւագ խորհրդական եւ արտաքին հարցերով մասնագէտ, աշխատած է Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան բաժանմունքին մէջ, նախագահներ Քլինթընի, Պուշի եւ Օպամայի պաշտօնավարութեան ընթացքին:
Թուրքիոյ իսկական ծրագիրներն էին կանխել հետագայ յառաջխաղացումը՝ Սուրիոյ հիւսիս-արեւմտեան հատուածէն ներս YPG-ի («Ժողովրդական ինքնապաշտպանական ջոկատներ») քիւրտ զինեալներու, որոնք Միացեալ Նահանգներու ամէնէն վստահելի ռազմական դաշնակիցներն էին «Իսլամական պետութեան» դէմ մղած պայքարին մէջ, մինչդեռ Էրտողան YPG-ը կ՛անուանէ «ահաբեկիչներ»:
Ֆիլիփս Huffington Post-ի իր յօդուածով բացայայտած է, որ «Թրքական աջակցութիւն վայելող ծայրայեղական իսլամները երբեք չեն բախած «Իսլամական պետութեան» հետ, այսպէս կոչուած՝ Ճարապլուսի համար մղուող մարտին մէջ: Ներխուժումէն առաջ, Անգարա գործարքի մէջ մտած է «Իսլամական պետութեան» հետ: Դիմադրելու փոխարէն, «Իսլամական պետութեան» զինուած ուժերը պարզապէս փոխած են իրենց հանդերձանքը «Սուրիական ազատ բանակ»ի (FSA) համազգեստով: Ճարապլուս «Իսլամական պետութենէն» «ազատագրուեցաւ» գրեթէ առանց կրակոց»ի: «Իսլամական պետութիւն»ը, նախքան թրքական ուժերու ներխուժումը, Ճարապլուսէն տարհանած էր բոլոր քաղաքացիները, որովհետեւ չէր ցանկար, որ «խաղաղ բնակիչները ճանչնային FSA-ի անդամներու հանդերձանքով «Իսլամական պետութեան» աշխոյժ զինեալները», գրած է Ֆիլիփս:
«Զարմանալի չէ, որ Էրտողան եւ «Իսլամական պետութիւն»ը գործարք կնքած են: «Իսլամական պետութիւն»ը եւ Էրտողանի Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութիւնը գաղափարակիցներ են», կը պնդէ Ֆիլիփս, «քանի որ երկուքն ալ «Իսլամ եղբայրներ» կազմակերպութեան ճիւղերն են: Հակառակ պաշտօնական հերքումներուն՝ մեծ թիւով ապացոյցներ կան, որ Թուրքիա 2014 թուականէն ի վեր զէնք եւ դրամական ու կազմակերպչական աջակցութիւն կը տրամադրէ ծայրայեղ իսլամներուն, Սուրիոյ մէջ: Թուրքիա նաեւ նիւթապէս ապահոված է «Իսլամական պետութիւն»ը՝ փոխադրելով անոր քարիւղը եւ զայն վաճառելով միջազգային շուկայի մէջ: Ամէն ամիս մօտաւորապէս 500 իսլամ ծայրայեղական զինեալներ կը շարունակեն Թուրքիոյ տարանցիկ ճամբով փոխադրուիլ Սուրիա»:
Թուրք ղեկավարները երբեք չեն թաքցներ իրենց իրական նպատակը: Էրտողան յայտարարած է, որ կը ձգտի հետապնդել YPG-ը եւ «մեր երկրին սպառնացող ահաբեկչական խումբերը»: Արտաքին գործոց նախարար Մեվլութ Չաւուշօղլու խոստացած է, որ Անգարա կ՛ընէ «անհրաժեշտ ամէն բան», որպէսզի քիւրտ զինեալները հեռու պահէ Թուրքիոյ սահմաններէն:
Ուաշինկթըն գոհ չէ Սուրիոյ հիւսիսը սխալ ուղղութեամբ ընթացող Թուրքիոյ ռազմական գործողութիւններէն: Փենթակոնի բարձրաստիճան պաշտօնեայ Պրէտ ՄաքԳըրք ըսած է CNN-ին. «Թուրքերուն երբեք չէ հետաքրքրած Ճարապլուսը՝ մինչեւ որ քիւրտերը ուզեցին հասնիլ հոն»: Թրքական յարձակումները քիւրտերու վրայ ՄաքԳըրք անուանած է «անընդունելի եւ խոր մտահոգութեան աղբիւր», Միացեալ Նահանգներու համար:
Veterans Today-ի խմբագիրը եւս խստօրէն քննադատած է թրքական ներխուժումը Սուրիա, ինչպէս արտացոլուած է անոր ծաղրական բացատրութեան մէջ. «Թրքական զօրքերը, որոնք տարիներ շարունակ եղած են Սուրիոյ մէջ «Իսլամական պետութեան» հանդերձանքով, պարզապէս գացեր էին տուն՝ Թուրքիա, լաւ մը լոգցեր, սափրուեր, հագեր իրենց թրքական համազգեստը, ապա վերադարձեր՝ Սուրիա»:
Սուրիացի զինեալ Սաատետտին Սոմաան, որ միացած էր թրքական ներխուժման Սուրիոյ մէջ, իր հիասթափութիւնը արտայայտած է «Նիւ Եորք Թայմզին»՝ «Իսլամական Պետութեան» եւ Սուրիոյ կառավարութեան փոխարէն քիւրտերու դէմ պայքարի մէջ մոլորութեամբ ներքաշուելու համար: «Բոլորը կը հետապնդեն իրենց սեփական շահերը, այլ ոչ թէ Սուրիոյ», դժգոհած է Սոմաան:
«Նիւ Եորք Թայմզ»ի յօդուածին մէջ կ՛ընդգծուի, որ ապստամբ խումբերը ներքին պայքարներու պատճառով «կրնան ուժեղ քննադատութեան ենթարկուիլ, որ անոնք, լաւագոյն պարագային, թրքական կամ ամերիկեան գործակալներ են, իսկ յոռեգոյն պարագային՝ «Իսլամական պետութեան» դաշնակիցներ»: Բացի այդ, «Թուրքիոյ օդային հարուածներէն սպաննուած էին 35 խաղաղ բնակիչներ, քիւրտ զինեալներու հսկողութեան տակ գտնուող գիւղերու մէջ: Իսկ համացանցի վրայ տեղադրուած տեսահոլովակէն կ՛երեւէր, թէ ինչպէս ապստամբները ոտքերով կը հարուածէին քիւրտ զինեալ բանտարկեալները»: Որոշ զինեալներ, որոնք Սուրիա ներխուժման ժամանակ ուղեկցած էին թրքական զօրքերուն, ինչպէս՝ Նուրետտին Ալ-Զինքի անդամները, «մեղադրուեցան «Քայիտա»ի հետ առնչութիւն ունեցող խումբերու հետ կապեր ունենալու մէջ եւ խստօրէն դատապարտուեցան, երբ խումբ մը զինեալներ տեսագրած էին իրենց կողմէ երիտասարդ բանտարկեալի մը գլխատումը… Անոնց մասնակցութիւնը Ճարապլուսի գործողութեան կը վկայէ, որ անոնք երբեք չէին մեկուսացուեր, առնուազն Թուրքիոյ կողմէ»:
Տէյվիտ Ֆիլիփս եզրափակած է իր Huffington Post-ի մերկացնող յօդուածը հետեւեալ կանխատեսումով. «Սուրիան կ՛ըլլայ Էրտողանի Ուոթըրլոն: Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը պէտք չէ ինքզինքը շղթայէ Թուրքիոյ խորտակուող նաւուն»:
 
 
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
 
  -   Յօդուածներ