Յարութ Սասունեան. Հայերը Պէտք Է Կապ Հաստատեն Թրամփի Հետ՝ Գոնկրեսի Մէջ Իրենց Հանրապետական Կողմնակիցներու Միջոցով


Յարութ Սասունեան. Հայերը Պէտք Է Կապ Հաստատեն Թրամփի Հետ՝ Գոնկրեսի Մէջ Իրենց Հանրապետական Կողմնակիցներու Միջոցով

  • 17-11-2016 13:43:47   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

 
Միացեալ Նահանգներու նախագահական աննախադէպ ընտրութիւնները աւարտեցան Տանըլտ Թրամփի անսպասելի յաղթանակով... 
 
Նոյեմբեր 8-ի ընտրութիւններէն ետք, ինքնակոչ հայ վերլուծաբանները բազմաթիւ ենթադրութիւններ ըրին նորընտիր նախագահի՝ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ գործարար կապերու մասին, սխալմամբ եզրակացնելով, որ ան Հայաստանի թշնամիներու կողմը կը բռնէ...:  Քանի որ Թրամփ որեւէ մեկնաբանութիւն չէ ըրած հայկական հարցերու վերաբերեալ, ուստի, իրականութեան մէջ, ոչ ոք չի կրնար գիտնալ, թէ ինչ պիտի ըլլայ անոր դիրքորոշումը... 
 
Բացի Թրամփի քարոզարշաւի յախուռն խոստումներէն՝ «չորցնել Ուաշինկթընի մէջ առկայ ճահիճը» եւ «Ամերիկան կրկին դարձնել հզօր», ոչ ոք չի կրնար կանխատեսել, թէ ան ինչ պիտի ընէ ներքին կամ արտաքին քաղաքականութեան բնագաւառէն ներս: Ասկէ բացի, ոչ մէկ երաշխիք կայ, որ ան կառչած պիտի մնայ այն դիրքորոշումներուն, զորս արտայայտած է նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին: Վերջին ամիսներուն եւ յատկապէս ընտրութենէն ետք, Թրամփ մեղմացուցած է իր տեսակէտները շարք մը գլխաւոր հարցերու վերաբերեալ, ինչպէս՝ բոլոր մահմետականներու մուտքի արգելումը Միացեալ Նահանգներ, պատի կառուցումը Մեքսիքայի սահմանին, 11 միլիոն ապօրինի ներգաղթեալներու արտաքսումը եւ Obamacare-ի ջնջումը: Ինչպէս նախագահ Օպամա բացատրեց 14 Նոյեմբերի իր մամուլի ասուլիսին, Թրամփ գործնական մարդ է եւ կայուն հայեացքներու գաղափարախօս չէ: 
 
Հետեւաբար, շահարկելու փոխարէն, թէ ինչ կ՛ընէ Թրամփ իբրեւ նախագահ, եկէք հետեւինք Հիլըրի Քլինթընի իմաստուն խորհուրդին՝ ըլլալ «ողջախոհ» եւ Տանըլտ Թրամփի «հնարաւորութիւն տալ ղեկավարելու»... 
 
Քանի որ նորընտիր նախագահը տակաւին յստակ դիրքորոշում չունի հայկական հարցերու վերաբերեալ, հիմա իսկական ժամանակն է, որ ամերիկահայերը խնդրեն Գոնկրեսի հանրապետական կողմնակից անդամներէն՝ համայնքի հիմնական մտահոգութիւնները փոխանցել Թրամփի եւ իր խումբին: Նման շփումներ աւելի դժուար կ՛ըլլան Յունուարին, երբ նախագահը իր երդմնակալութենէն ետք ուղղութիւններ տայ իր նոր անձնակազմին: Իսկ մինչ այդ, թուրք եւ ատրպէյճանցի պաշտօնեաները, Ուաշինկթընի իրենց հզօր լոպիիստներուն միջոցով, զբաղած են սեփական կապերու հաստատմամբ՝ Թրամփի անցումային խումբի եւ Գոնկրեսի հետ...: Աւելին,  մինչ բազմաթիւ պետութիւններու ղեկավարներ, որոնց շարքին՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները, շնորհաւորական ուղերձներ յղած են նորընտիր նախագահին, Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան անձամբ հեռաձայնած է Թրամփի՝ կոչ ընելով անոր աւելի սերտացնել յարաբերութիւնները իրենց երկիրներուն միջեւ... 
 
Արդէն անհանգստացնող նշաններ կան, որ Թրամփի երկու մերձաւոր օգնականները, որոնք, հնարաւոր է, որ բարձր պաշտօններ ստանան նոր վարչակազմին մէջ, կատաղի թրքամոլներ են.  
 
1) Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Պալատի նախկին խօսնակ Նեութ Կինկրիչ իր հիացմունքը բազմիցս արտայայտած է ժամանակակից Թուրքիոյ հայր՝ Քեմալ Աթաթուրքի մասին, զայն դիտարկելով իբրեւ հերոս:
 
2) Պաշտօնաթող հրամանատար-լեյտընէնթ Մայքըլ Ֆլին անցեալ շաբաթ յօդուած գրած էր The Hill թերթին մէջ՝ կոչ ընելով Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան՝  «կարգաւորել մեր արտաքին քաղաքականութիւնը՝ Թուրքիան ճանչնալով իբրեւ  առաջնահերթութիւն: Մեզի համար կարեւոր է աշխարհին նայիլ Թուրքիոյ տեսանկիւնէն»: 
 
Մինչ նորընտիր նախագահի հետ հայկական կապեր գործնականին մէջ գոյութիւն չունին, համայնքը բարեբախտաբար մշակուած գերազանց յարաբերութիւններ ունի Գոնկրեսի բազմաթիւ վերընտրուած անդամներու հետ՝ թէ՛ դեմոկրատներու, թէ՛ հանրապետականներու, որոնք կրնան Հայաստանի եւ հայերու համար կարեւոր նշանակութիւն ունեցող օրինագիծեր ընդունիլ եւ բանաձեւեր անցընել: 
 
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կողմէ հաւանութեան արժանացած Գոնկրեսի թեկնածուներու աւելի քան 90 տոկոսը ընտրուած է 8 Նոյեմբերին: Ներկայացուցիչներու Պալատի մէջ Հայ Դատի յանձնախումբի աջակցութիւնը վայելող 122 թեկնածուներէն 117-ն յաղթած են, ներառեալ Քալիֆորնիայէն ամերիկահայ դեմոկրատ գոնկրեսականներ ճեքի Սփայըր եւ Աննա Էշու: Ցաւօք, Իլինոյ նահանգէն հանրապետական գոնկրեսական, Գոնկրեսի Հայաստանի աջակցութեան խումբի  համանախագահ  Ռապըրթ Տոլտ չէ վերընտրուած, նաեւ չէ շահած Ներկայացուցիչներու Պալատի թեկնածու Տենի Թարխանեան (հանրապետական, Նեւատա):  
 
Ծերակոյտի ընտրութիւններու մէջ՝ Հայ Դատի յանձնախումբի կողմէ հաւանութեան արժանացած 11 թեկնածուներէն եօթն յաղթած են 8 Նոյեմբերին: Հայաստանի Աջակցութեան խումբի անդամ, գոնկրեսական Վան Հոլըն (դեմոկրատ, Մերիլենտ) ընտրուած է ծերակուտական՝ նախընտրական փուլին Թուրքիոյ Աջակցութեան խումբի անդամ, գոնկրեսական Տոննա Էտուըրտզին յաղթելէ ետք: Շատ ցաւալի է, որ չէ վերընտրուած հայկական հարցերու ջատագով, ծերակուտական Մարք Քիրք (հանրապետական, Իլինոյ): 
 
Հարկ է նշել, որ մինչ Գոնկրեսի Հայաստանի Աջակցութեան խումբի 11 անդամները չեն վերադառնար Ներկայացուցիչներու Պալատ՝ պարտուելու, թոշակի անցնելու, արձակուելու կամ այլ պաշտօն ստանձնելու կապակցութեամբ, Թուրքիոյ Աջակցութեան խումբը աւելի մեծ կորուստ ունեցած է. 19 անդամներ չեն վերադառնար Ներկայացուցիչներու Պալատ, ներառեալ համանախագահ Էտ Ուիթֆիլտ (հանրապետական, Քընթաքի), որ այս տարուան սկիզբը հրաժարական տուած էր Բարոյական Արժէքներու Յանձնաժողովի ստուգումներու պատճառով: 
 
Ընտրութիւններու մէջ հայ համայնքի գոնկրեսական կողմնակիցներու ձեռք բերած բաւականին մեծ յաջողութիւնները լաւ նախանշան են Գոնկրեսի մէջ հայկական հարցերու հետապնդման համար: Հաշուի առնելով, որ Հանրապետական կուսակցութիւնը պիտի վերահսկէ Գոնկրեսի երկու Պալատները եւ Սպիտակ Տունը, հանրապետական հայերու պարտքն է աւելի շատ անդամներ գրաւել մեծամասնութիւն ներկայացնող կուսակցութենէն, իսկ դեմոկրատ հայերը կրնան ամրապնդել իրենց երկարատեւ կապերը՝ փոքրամասնութիւն հանդիսացող կուսակցութեան հետ: Ի վերջոյ, Հայկական Հարցը, իբրեւ անկողմնակալ խնդիր, պետք է արժանանայ երկու կուսակցութիւններու աջակցութեան... 
 
 
Յարութ Սասունեան  
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
  -   Յօդուածներ