Արդի լրատւութիւնը հասկնալու համար


Արդի լրատւութիւնը հասկնալու համար

  • 22-03-2017 12:40:08   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը

Այս օրերուն տեղեկատուական, լրատուական դաշտը շատ զօրաւոր յարձակումի ենթարկուած է պետական մարդոց կողմէ։ 
 
Երեւոյթը ինքնին նորութիւն չէ։ Մամուլին եւ լրատու միջոցներուն գործն է քաղաքական մարդոց վարած քաղաքականութեան հակասութիւնները, հակադրութիւնները երեւան հանել, հանրային կարծիքին ներկայացնել։ Սակայն, ընկերային ցանցերու զարգացումով, լուր արտադրելու եւ տարածելու մենաշնորհը անոնցմէ եւ պետական մարմիններէն խլուեցաւ, իւրաքանչիւր անհատ դարձաւ լուր արտադրող եւ տարածող, որոնց շնորհիւ լրատուական ցանցերը բազմացան։ Տիրապետող դարձան ցանցերը տրամադրող ընկերութիւնները՝ Google, Facebook … տեղեկատուական այս նոր դրութիւնը մեծ պետութիւններու ընտրարշաւներու ռազմավարներուն կողմէ շատ հմուտ կերպով օգտագործուեցաւ՝ կողմնակի ցանցերու միջոցաւ տարածելու համար խեղաթիւրուած լուրեր, դէպքերու զարտուղի ընթերցումներ, որոնք շահագործելով ընթերցողներուն ազգայնական ջիղը, անապահովութեան զգացումը, օտարի վախը՝ կառուցեցին ընտրութիւնը շահելու ռազմավարութիւններ։ Լուրերու մշակման այս տեսակի մարտավարութիւնները ստացան նաեւ յատուկ անուանումներ ինչպէս՝ «Յետ-ճշմարտութիւն»(post-vérité), «այնընտրանքային դէպք» (fait alternatif) կամ «կեղծ լուրեր» (fake news)։
Այս նորաբանութիւններուն գործադրութեան ամենէն ցայտուն ու յաջող օրինակը Թրամփի ընտրութեան պարագան էր։ Նաեւ՝ ներկայիս Էրտողանինը, որ իր դէմ եղած յեղաշրջումի փորձը գործածեց մաքրագործելու համար ընդդիմադիր դաշտը։ Եւ աւելին՝ ան իր ընտրական քարոզարշաւին առթիւ չվարանեցաւ գերման, հոլանտացի եւ այլ պետական ղեկավարներու վրայ յարձակում գործելու, իբրեւ ազատ արտայայտութեան խափանարարներ, նացիներ … պարզապէս որովհետեւ անոր քարոզարշաւը խանգարող տարրեր դարձան։ 
Թուրքիա դար մըն է, որ ժխտողականութեան, ապատեղեկատւութեան յաջող քաղաքականութիւն կը վարէ։ Եթէ երեւոյթը բռնատիրական վարչակարգերու մէջ շատ բնական է, ինչպէս էր Սովետական Միութեան պարագային ալ, հարցը այլ հանգամանք կը ստանայ երբ «ազատ» կոչուած արեւմտեան պետութիւններ մուտք կը գործէ տեղեկատուական նորարար ծրագրերու միջոցաւ՝ հասարակութեան լայն խաւերը թիրախ առնելով, յանուն ազատութեան եւ ազատամտութեան։ 
Ուրեմն, կայ կրթական ու դաստիարակչական խնդիր մը։ Դպրոցներուն եւ մշակութային կեդրոններուն մէջ երախաները այս խնդիրներուն իրազեկ դարձնելու հարցը, որպէսզի անոնք լրատւութեան մօտենան քննական ու քննադատական աչքով։ Դառնան ինքնավար ու հարցաքննող։ Մանաւանդ, որ անոնք ալ Դիմագիրքի եւ խելախօսներու ընձեռած բազմազան առաւելութիւններուն առաջին թիրախներն են։ 
Այս առընչութեամբ, Մարտ 20-էն 25, Ֆրանսայի Կրթական նախարարութիւնը ծրագրած է՝ «Մամուլի եւ լրասփիւռներու շաբաթը դպրոցներուն մէջ» («Semaine de la presse et des médias dans l'école»), որուն նպատակն է դպրոցականներուն մէջ արթնցնել մամուլով եւ զանգուածային լրատու միջոցներով տարածուած լուրերու իրազեկութիւնը։ Գլխաւոր թեման է՝ «Ուրկէ՞ կու գայ լուրը» («D'où vient l'info»)։ Աղբիւրներու վստահելիութիւնը, լուրերուն վաւերականութիւնը ստուգել եւ լուրի պատրաստութեան տարբեր հանգրուաններուն ծանօթանալ։ Հինգ տարբեր ուսումնածրարներ տրամադրելի են, որոնք կ՚ընդգրկեն՝ լուրերու աղբիւրներու ստուգման բաժինը, անոնց ետին թաքնուած ծանուցումները, «դաւադրական» կարգի լուրեր, ընտրարշաւի ժամանակ յայտարարուած տուեալներու ստուգումը, լրատու միջոցներու պատկանելիութիւնը։ 
Տարուէ տարի աւելի լայն ընդունելութիւն գտնող դաստիարակչական շաբաթին, այս տարի կը մասնակցին 17 000 կրթական հաստատութիւններ, 213 000 ուսուցիչ եւ շուրջ 3 350 000 աշակերտներ, 1852 լրատու միջոց, որոնք 930 000 լրագրեր ու հանդէսներ տրամադրած են այս նախաձեռնութեան։ «Նոր Յառաջ» երկրորդ տարին է, որ կը մասնակցի անոր։ 
Յոյս ունինք, որ հայկական կրթական հաստատութիւնները եւս, Սփիւռքի եւ Հայաստանի տարածքին, մասնակցին նման նախաձեռնութիւններու, որոնք կ՚արթնցնեն երախաներու մէջ գիտութեան, ճշմարտութեան սէրը եւ կը զարգացնեն անոնց քննադատական միտքն ու հայեացքները։ 
 
Ժ.Չ.
ՆՅ
 
 
 
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը