Նոր զարգացումներ Հրանդ Տինքի սպանութեան դատաքննութեան մէջ


Նոր զարգացումներ Հրանդ Տինքի սպանութեան դատաքննութեան մէջ

  • 22-03-2017 12:43:28   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը

Նոր զարգացումներ արձանագրուած են Հրանդ Տինքի սպանութեան դատաքննութեան ծիրին մէջ:
Ըստ «Անատոլու» գործակալութեան` դատաւոր Կէօքալփ Քէօքչիւ ձերբակալման որոշում կայացուցած է 8 կասկածեալի նկատմամբ: Անոնք 2007-ին սպանութեան կասկածեալին ձերբակալուելէն ետք՝ Սամսունի ոստիկանատան մէջ, անոր հետ նկարուած էին թրքական դրօշին առջեւ: Այդ լուսանկարները հրապարակուած էին շարք մը լրասփիւռներու կողմէ:
 
Որոշումէն յետոյ 6 նահանգներու մէջ միաժամանակ կատարուած գործողութիւններով ձերբակալուած են լրագրող Մուամմէր Այ, ինչպէս նաեւ ոստիկաններ Մուրաթ Պայրաք, Եիւքսէլ Աւան, Պիրոլ Ուսթաօղլու, Եաքուփ Քուրթարան եւ Ահմէտ Չեթինէր:
Կ՚որոնուի երկու հոգի եւս, որոնց նկատմամբ նոյնպէս ձերբակալման որոշում կայացուած է:
Հետաքրքրական է, որ անցեալ Յուլիս 15-ին Թուրքիոյ մէջ կատարուած պետական հարուածի փորձէն ի վեր, որ վերագրուեցաւ կիւլէնականներուն, Տինքի սպանութեան դատաքննութեան մէջ եւս հետզհետէ յաճախ կ՚արծարծուի այդ շարժումին անունը: 
Այսպէս, դատախազութիւնը պահանջած է, որ Տինքի դատաքննութեան շրջանակին մէջ՝ «ահաբեկչական կազմակերպութեան պարագլուխ, ներկայիս հետախուզման մէջ գտնուող Ֆեթհուլլահ Կիւլէնի նկատմամբ՝ “ահաբեկչական զինեալ կազմակերպութիւն հիմնել”-ու եւ “դիտումնաւոր մարդասպանութեան” մեղադրանքներով, իսկ նախկին դատախազ Զեքերիյա Էօզի, լրագրողներ Ֆարուք Մերճանի, Էքրէմ Տումանլըի, Ատէմ Եաւուզ Արսլանի եւ անոր փաստաբան Իպրահիմ Քոճայի նկատմամբ ալ “ահաբեկչական զինեալ խումբի անդամակցութեան” եւ “դիտումնաւոր մարդասպանութեան” մեղադրանքներով ձերբակալութեան որոշում կայացուի»։
 
ՆՅ
 
 
 
 
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը