Գայթակղութիւնները իրարու կը յաջորդեն


Գայթակղութիւնները իրարու կը յաջորդեն

  • 22-03-2017 12:49:00   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը

Ֆրանսայի մէջ, վերջին շրջանին, քաղաքական անձնաւորութիւններու վերաբերող գայթակղութիւններու լուրերը զիրար կը հրմշտկեն: 
 
Մինչ երկիրը կը պատրաստուի նախագահական ընտրութեան, նշեալ գայթակղութիւնները առիթ չեն տար, որ հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը կեդրոնանայ Ֆրանսայի համար անկիւնադարձային այդ իրադարձութեան վրայ: 
Արդէն Աջի թեկնածու Ֆիյոնի պարագան ծանօթ է: Թէեւ անոր կացութիւնը կրնայ ա՛լ աւելի բարդանալ, ոստիկանութիւնը իր գրասենեակին մէջ յայտնաբերած ըլլալով շարք մը փաստաթուղթեր, որոնց վաւերականութեան մասին կասկած կայ. արդարեւ, կը կարծուի, որ Ֆիյոն ամոլը գայթակղութեան բացայայտումէն ետք զանոնք պատրաստած է արդարացնելու համար տիկին Փենելոփ Ֆիյոնի՝ երեւակայածին աշխատանքները: Այս կասկածներու հաստատումը կրնայ շատ ծանր հետեւանքներ ունենալ պահ մը ինքզինք արդէն նախագահի աթոռին տեսած թեկնածուին համար: 
Անդին, գլխաւոր հինգ թեկնածուներէն ուրիշի մը՝ Ազգային ճակատի ղեկավար Մարին Լը Փէնի դէմ եւս ապօրինի գործողութիւններու վերաբերեալ լուրջ մեղադրանքներ կան եւ հետաքննութիւն կը կատարուի (այն ալ ուրիշ հարց, թէ Մարին Լը Փէն, ի տարբերութիւն սովորական քաղաքացիի՝ պաշտօնապէս յանդգնած է մերժել՝ քննիչին ներկայանալ): Անոր յարուցուած մեղադրանքն ալ այն է, որ իր կուսակցութեան համար աշխատող անձեր վճարած է Եւրոպական խորհրդարանի պիւտճէէն: Արդէն վերջինս կախակայած է զինք՝ եւրօերեսփոխանուհիի հանգամանքէն: 
Այս պայմաններու մէջ եւ հակառակ բոլոր այս բացասականներուն՝ երբ Ֆրանսա կը պատրաստուէր վերջապէս մտնել նախընտրական հունի մէջ՝ Մարտ 20-ի երեկոյեան ծրագրուած ըլլալով գլխաւոր հինգ թեկնածուներուն միջեւ առաջին վիճարկումը հեռատեսիլէն, այս անգամ ալ ի յայտ եկաւ Ներքին գործոց նախարար Պրիւնօ Լը Ռուին վերաբերող գայթակղութիւն մը: Կը պնդուի, թէ երբ ան երեսփոխան էր՝ երկար տարիներ իր դուստրերուն ամառնային աշխատանքի պայմանագրեր ապահոված է Ազգային ժողովին կողմէ, յարաբերաբար լաւ վարձատրութիւններով, երբ անոնք դեռ չափահաս իսկ չէին: Աւելին՝ կը խօսուի փաստերու մասին, ըստ որոնց՝ պարմանուհիները այդ աշխատանքները չէին կրնար ապահովել իսկ, քանի որ զուգահեռաբար այլ աշխատանքներ կամ զբաղումներ ունէին: 
Այս բացայայտումէն նուազ քան 24 ժամ ետք Լը Ռու յայտարարեց, թէ կը հրաժարի նախարարի իր պաշտօնէն: Ինք կը պնդէ, թէ պարկեշտ է եւ վճիռի կայացումը կը թողու արդարադատութեան: 
Զինք փոխարինեց 39-ամեայ, հանրութեան անծանօթ դէմք մը՝ Մաթիաս Ֆեքլ: Այս նշանակումն ալ իր կարգին դժգոհութիւններու պատճառ դարձաւ, քանի ենթական զուտ քաղաքական խմորում ունի, մինչ ոստիկանութիւնը կը պահանջէ, որ Արտակարգ իրավիճակի այս օրերուն Ներքին գործոց նախարարի աթոռը գրաւէ ոստիկանութեան աւելի մօտիկ անձնաւորութիւն մը: 
Ամէն պարագայի, նախընտրական ճակատագրական նման շրջանի մը՝ Ֆրանսա խղճալի վիճակ կը պարզէ: Եւ դեռ, երբ ընկերութիւնը հազար ու մէկ տագնապ կը դիմագրաւէ ու անոնց լուծում կը սպասէ եւ երբ ժողովուրդը իր վրդովումը կը յայտնէ ի տես այս բոլորին՝ որպէս արդարացում կը տրուի այն բացատրութիւնը, թէ իւրաքանչիւր 6 երեսփոխանէ մէկը առնուազն հարազատ մը աշխատցուցած է կամ կ՚աշխատցնէ (աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել՝ տուեալ անձին վարձատրումը կ՚ապահովէ) Ազգային ժողովին մէջ (հաշուոյն): 
Իսկապէս աննախադէպ է այս ընտրապայքարը եւ քաղաքացիները բոլորովին շփոթ վիճակի մատնուած են: Կը սպասուի ձեռնպահութեան մրցանիշերու:
 
Աւանդական Աջն ու Ձախը կատարելապէս պառակտուած են: 
Թէ՛ Հանրապետականներու թեկնածուն՝ Ֆիյոնը, թէ՛ ալ Ընկերվարականներու թեկնածուն՝ Համոնը շա՜տ հեռու են իրենց շարքերուն ամբողջական նեցուկը վայելելէ: 
Եթէ մինչեւ վերջերս Ֆիյոնի առընչուող գայթակղութիւններուն պատճառով՝ ուշադրութիւնները առաւելաբար կեդրոնացած էին Հանրապետականներու ներկուսակցական խնդիրներուն վրայ, ներկայիս կը պարզուի, որ Ընկերվարականներու վիճակը աւելի փայլուն չէ, ընդհակառակն: Նախկին վարչապետ Վալսէն սկսեալ՝ բազմաթիւ ընկերվարականներ կը զլանան իրենց զօրակցութիւնը Համոնին եւ կը նախընտրեն միանալ իրենց կողմէ իսկ ատենին «դաւաճան» յորջորջուած Մաքրոնին: 
 
ՆՅ
 
 
 
 
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը