Կոչ՝ տէր կանգնելու Ֆրանքեւհայկական կարեւորագոյն ժառանգութեան


Կոչ՝ տէր կանգնելու Ֆրանքեւհայկական կարեւորագոյն ժառանգութեան

  • 10-04-2017 18:13:44   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը

ԻՆԱԼՔՕ-ի հայկական բաժնի ուսանողուհի Ֆանի Պուսքէ Պալեան Ֆրանսայի մէջ հայերէնի, հայկական մշակոյթի մտահոգիչ ապագայի նիւթով «Կոչ՝ մշակութային դիմադրութեան» խորագրեալ գրութիւն մը ստորագրած է։ Որքան դիպուկ, որքան սուր ու տեղին։ Այո, լուրջ հարց է, ինչո՞ւ հայ նոր սերունդը կ՚անտեսէ ԻՆԱԼՔՕ-ի մէջ ջամբուած հայկական ուսմունքը։ Ժառանգութեան մը ստանձնումի լուրջ հարց մը գոյութիւն ունի։ Ցեղասպանութիւնը ունի իր դատապաշտպանները, մեծէն մինչեւ փոքրը՝ ամբողջ Հայութիւնը, որ սակայն կ՚անտեսէ հայերէն լեզուի, հայկական մշակոյթի, պատմութեան գիտական ուսմունքը՝ ԻՆԱԼՔՕ-ն։ 
 
Ֆրանսահայ համայնքը այն հազուագիւտ բախտաւորներէն է, որ կրնայ պետական համալսարանի մը մէջ հետեւիլ հայկական ուսմանց, գրեթէ անվճար։ Եւ երբ կը հետեւինք Ֆանի Պուսքէի կոչին տրամաբանութեան, շատ պարզ կը դառնայ նաեւ այլ կարեւոր երեւոյթ մը, որ հայերէնի ուսուցումը հիմքը հանդիսացած է ԻՆԱԼՔՕ-ի հաստատման։ Պատասխանատւութիւնը կրկնակի է ե՛ւ իբր Հայ ե՛ւ իբր Ֆրանսացի՝ տէր կանգնելու ազգային ժառանագութեան։ Կոչը որքան որ կ՚ուղղուի նոր սերունդին, նոյնքան ալ կ՚ուղղուի հայկական կազմակերպութիւններուն, որոնց մնայուն մտասեւեռման առարկան, գործունէութեան գերագոյն նպատակը պէտք է դառնայ հայերէնի, հայկական մշակոյթի ուսումնասիրութեան նկատմամբ սէրը, քաջալերանքը։
 
***
 
Կոչ՝ Մշակութային դիմադրութեան
 
Համաշխարհայնացման, յետարդիականութեան, մշակոյթի՝ մատչելի գիներով տարածման մեր ժամանակաշրջանին, գիտութիւնը երբեք չէր եղած այսքան հասանելի, եւ որքան ալ հակասական թուի՝ չէր եղած նաեւ այսքան թերագնահատուած: Մեր տրամադրութեան տակ է ամէն ինչ. այնքա՜ն դիւրին է գիրք մը ձեռք ձգել՝ կը բաւէ մեկնել մեր թեւը, սակայն ընթերցե՛լը շատ երկար կը տեւէ: Քայլ մը նետել ու գրատուն մը մտնելը յաճախ կը հանգստացնէ մեր խիղճը: Սակայն, վճռակամօրէն գրադարան մը մտնելը այլեւս դարձած է ժամանակավրէպ քայլ, զոր կը կատարենք ոչ թէ հաճոյքի համար, այլ՝ միայն ուսումնական պարտաւորութեամբ կամ մեր արհեստին բերմամբ: Կ՚ըմբոստանա՞ք ի տես յոռետես այս հաստատումին: Անկասկած, մաս կը կազմէք այն վերջին կարօտախտաւորներուն, որոնք կը սիրեն վերադառնալ փառաւոր անցեալի աւերակներուն վրայ, քալել ձեր պապերու մշակութային ժառանգութեան հետքերով, առանց սակայն նախաձեռնելու որեւէ միջոցի՝ փրկելու համար ան, որ կը խամրի, ի բաց առեալ՝ մահացող այդ ժառագութեան մասին օր մը վկայելու համեստ իղձը:
Սթափեցէք ձեր ժամանակավրէպ մելամաղձոտութենէն: Ձեր պաշտպանած արժէքներուն իր երեսը կը դարձնէ օգտակարութեան, արագութեան, ազդուութեան, բարենպաստութեան մեր դարը, սակայն դո՛ւք ալ նպաստեցիք անոր կերտման: Ինքնաշխատ սարքերը պիտի փոխարինեն շինարարները: Գործիքներու խելքը սկսած է գերակայել մարդոց խոհերուն եւ սկսած՝ զանոնք ճզմելու: 
Եթէ Հանս Ժոնաս ի տես բնապահական տագնապին՝ քարոզած է «պատասխանատւութեան սկզբունքը»՝ բնութեան նկատմամբ, մենք ալ պատասխանատւութիւն ցուցաբերենք մեր մշակոյթին նկատմամբ —Փասքալ զայն նկատած է իբրեւ «երկրորդ բնութիւն» մը,— որպէսզի չայլափոխուի ան: Եւրոպան կ՚ապրի կրօնական տագնապ մը եւ կողմնորոշող արժէքներու կորուստը պատճառ դարձած է, որ կրօնական մոլեռանդութիւնները սաստկանան: Անզիջող միտքը եկած է փոխարինելու քննադատ միտքը: Եթէ համալսարաններու մէջ ուսման որոշ ճիւղեր դեռ կը շարունակեն հետաքրքրութեան առարկայ դառնալ, բազմաթիւ ուրիշներ ալ ջնջուած են՝ ուսանողներու չգոյութեան հետեւանքով: Եթէ մարդկութեանց ապագան վտանգուած է, ԻՆԱԼՔՕ-ի (Արեւելեան լեզուներու եւ մշակոյթներու ազգային հիմնարկ) մէջ դասաւանդուող հազուագիւտ շատ մը լեզուներու ճակատագիրը ա՛լ աւելի վտանգուած է: Ամբողջ քաղաքակրթութիւններու ներկայացուցիչ այդ լե-
զուները, որոնք անցեալին կը փայլէին, այսօր շիջելու վտանգին դէմ յանդիման են. որոշ լեզուներ արդէն իսկ թեւակոխած են այդ փուլը՝ ի չգոյութեան խօսողներու. այլեւս գոյութիւն ունին լոկ գրաւոր եւ լռած են: 
Քրիստոնեայ առաջին երկիրը՝ Հայաստան կը թուի ըլլալ հիմը մեր քաղաքակրթութեան, որ կը կոչուի «յուդայա-քրիստոնէական»: Մինչդեռ, շատ քիչեր բարձր կը պահեն այդ արժանիքը: ԻՆԱԼՔՕ-ի ամենէն բազմամարդ դասարաններուն մէջ, երբ բոլորն ալ ներկայ են, ուսանողներու թիւը չի գերազանցեր ութը: Յաճախ, կը ստացուի անձնական դասի երեւոյթներ. կը պատահի, որ միայն երկու հոգի արձանագրուած ըլլան: Քանի մը ազատ ունկնդիրներու շնորհիւ՝ աւելի բազմամարդ ըլլալու պատրանքը կը ստացուի: Ո՞րն է հայկական դասընթացքներու ուսանողին ընդհանուր տիպարը: Ցեղասպանութեան շառաւիղ՝ հանգստեան կոչուածներ են, որոնք իրենց աշխատանքի կեանքի աւարտին հոն կ՚արձանագրուին, որպէսզի 1915-ին գործուած ֆիզիքական ջարդերուն չհետեւի նաեւ Լեզուի, մշակոյթի ջարդը՝ «լեզուասպանութիւնը», որ աւելի նենգ է քան՝ առաջինը, անկասկած աւելի ծանրակշիռ, եւ որ տեղի կ՚ունենայ ընդհանուր անտարբերութեան մէջ: 
Կը գտնուինք 2017 թուականին. Արեւելեան լեզուներու հիմնարկի հայերէնի բաժինը իր գոյութիւնը կը պահպանէ 1811-էն ի վեր, երբ ան՝ Պոնափարթի նախաձեռնութեամբ հիմնուեցաւ Յակոբ Շահան Ջրպետեանի համար: Վարժարանը գոյատեւեց ցայսօր: Մերժեցէ՛ք անոր փակումի վտանգին ձե՛ր ուսերուն ալ բարդուելու ամօթը: 1669 թուակիր վճիռով մը Գոլպէռ խրախուսեց արեւելեան լեզուներու սերտումը, վեց Ֆրանսացիներու՝ երեք տարին անգամ մը Զմիւռնիոյ եւ Կոստանդնուպոլսոյ գափիւսիններու վանքերու մէջ կեցութիւններով: Այդպէսով, ո՛չ միայն հայագէտներ, այլ նաեւ արեւելագէտներ կը պատրաստուէին, որոնք կ՚անուանուէին «Լեզուներու երիտասարդներ»: 1700-ին, Լուտովիկոս ԺԴ. արքան հրամանագրեց Արեւելքէն 12 երիտասարդ քրիստոնեաներու Փարիզ ժամանումը՝ ուսանելու համար Լեզուներու երիտասարդաց վարժարանին մէջ, որ միացած էր Յիսուսեաններու գոլէժին եւ որ այնուհետեւ պիտի դառնար Մեծն Լուտովիկոս երկրորդական վարժարանը: Թէեւ, անկեղծ ըլլալու համար պէտք է նշել, որ հայերէնի նկատմամբ ֆրանսական այդքան մեծ շահագրգռութեան պատճառը կաթոլիկ միսիոնարական քաղաքականութիւնն էր, որ կը հետապնդէր Արեւելքի մէջ կալվինական մարդորսութեան դիմադրելու, ինչպէս նաեւ ֆրանսական առեւտրականութիւնը աշխարհի չորս ծագերուն տարածելու նպատակները: Հետեւաբար, մշակոյթը մասամբ գործիք մը դարձած էր քաղաքականութեան եւ ենթակայ էր ըստ պատշաճի՝ տնտեսական կարիքներու: Ներկայիս, ան այլեւս կը հանդիսանայ ո՛չ միջոց, ո՛չ ալ նպատակ. բրածոյ դառնալու վրայ է եւ ԻՆԱԼՔՕ-ն ալ որպէս հետաքրքրասիրութիւններու դահլիճ մը՝ զայն կը պատսպարէ:
Յիշեցէք անունները հետեւեալ արեւելագէտներուն, որոնք հայերէնը վերածեցին գիտական էական ճիւղի մը.- Փօլ-Էմիլ Լը Վայան տը Ֆլորիվալ (1799-1862), որ ծանօթ էր իր պատմական ստուգաբանութիւններով եւ Մովսէս Խորենացիի «Պատմութիւն Հայոց»-ի թարգմանութեամբ: Էտուար Տիւլօռիէ (1807-1881), որ ուսումնասիրեց ղպտիերէնը, եգիպտական նշանագրերը, ճաւայերէնը: Ան ձեռք ձգած էր մալայերէնի ամպիոն մը, նախքան ստանձնելը հայերէնի ամպիոնը եւ փոխարինելը Փ.-Է. Լը Վայան տը Ֆլորիվալը, որ 1864-ին կը դառնար Գրականութեան ակադեմիայի անդամ: Վիքթոր Լանկլուա (1820-1869), որու թարգմանութիւնները եւ Կիլիկիոյ նուիրուած աշխատասիրութիւնները պիտի մնան յիշատակելի: Օկիւսթ Գառիէռ (1838-1902), աւետարանական մը, քաղդէերէնի եւ ասորերէնի ուսուցիչ. եբրայերէնի ամպիոնի վարիչ՝ նախքան ստանձնելը հայկականը. Գառիէռ առաջին հրահրողներէն եղած է այն բանավէճը, ըստ որուն Մովսէս Խորենացի ոչ թէ Ե. դարուն ապրած է ինչպէս ընդունուած է, այլ՝ Ը. կամ Թ. դարուն: Անթուան Մեյէ (1866-1936). իր աւարտաճառը յանձնած է հին սլաւերէնի մէջ սեռական-հայցական հոլովի գործածութեան նիւթով: Փոխարինած է Ֆ. Սոսիւռը բաղդատական քերականութեան դասընթացքներուն. այս ճիւղին նուիրուած ամպիոն մը ձեռք ձգած է Ֆրանսայի գոլէժին մէջ նախքան անցնիլը հայկական ամպիոնին գլուխը: Մարդկութեանց եւ հնդեւրոպական լեզուներու քաջ հմուտ, 1924-ին մուտք գործած է Ակադեմիա: Իր աշակերտներէն եղած է երեւելի լեզուաբան Էմիլ Պենվենիսթ: Եւ վերջապէս՝ Ֆրետերիք Մաքլեր (1869-1938), որ նաեւ ձեռնհաս էր եբրայերէնի, ասորերէնի եւ նշանակուեցաւ հայերէնի ամպիոնի վարիչի պաշտօնին: Նշենք նաեւ Ֆրետերիք-Արման Ֆեյտին (1908-1991), որ անոր յաջորդեց նշեալ ամպիոնին, հայերէնը ուսումնասիրելէ ետք շնորհիւ իր դրացիներուն կողմէ իրեն տրուած երկու հատորներու: Ֆեյտի հրատարակեց նաեւ քերականութեան եւ Սասունցի Դաւիթի դիւցազնավէպի թարգմանութեան հատորներ, զորս կարելի է գտնել գրատուներէն: 
Ապագայ սերունդը մոռցաւ զանոնք: Մեծարենք: Հայերէնի բաժնի ներկայի դասախօսները շարունակեցին անոնց եռանդով եւ յանձն առին զայն փոխանցել: Դժբախտաբար, այսօր ապահովուած չէ փոխարինումը: 
Փիլիսոփայութենէ, դասական գրականութենէ, ղպտիերէնէ, վրացերէնէ եւ հայերէնէ վկայեալ Ժան-Փիէր Մահէ, որ այսօր Գիտութեան եւ գրականութեան ակադեմիայի անդամ դարձած է, հայերէնի ամպիոնը ղեկավարեց 1977-էն 1991, երբ լեզուաբան, Հայաստանի Գիտութեանց ակադեմիայի անդամ Անհիտ Տօնապետեան յաջորդեց իրեն: ԻՆԱԼՔՕ-ի կայքէջին միջոցաւ՝ անո՛ր պէտք է դիմել հայերէնի դասընթացքներու սկսելու եւ անհետացման վտանգի շեմին հասած ամպիոնը փրկելու համար: Դասախօսներու աշխատասիրութիւնները, թարգմանութիւնները, գրական ակնարկները, փաստագրական հատորները —մեծ մասամբ— կարելի է ճարել գրատուներէն: 
Անոնք, որոնք դեռ կը հաւատան մշակոյթին՝ թող գիտակցին անոր մաշումին, թող դադրի՛ հիւծումը: Հայեր եւ Ֆրանսացիներ, եթէ ձեր իրական կամ երազած ծագումը ձեզ կը կանչէ, իմաց տուէք անոնց հառաչանքին, վերջ տուէք անոնց հոգեվարքին: 
Դիմադրութիւնը մշակոյթո՛վ կ՚ըլլայ նախ. յանձնառու եղէք, արձանագրուեցէք, երա՛նգ տուէք քրիստոնեայ Արեւելքին, կեա՛նք տուէք մեռնողին: Մի՛ փճացնէք չորսդարեայ հայագէտներու աւանդը, այն պահուն երբ կը գովերգուի բազմազանութեան հարստութիւնը: 
 
ՖԱՆԻ ՊՈՒՍՔԷ ՊԱԼԵԱՆ 
 
***
ԽՄԲ. «ՆՅ»-ի.- Նոյնքան տագնապալի է Փրովանս — Էքս-Մարսիլիա 1 համալսարանի հայերէնի եւ հայկական քաղաքակրթութեան բաժնի պարզած վիճակը։ Ֆրանսական համալսարանէ մը ներս գոյութիւն ունեցող հայերէնի միակ բաժինը լրջօրէն վտանգուած է, փակման լրջագոյն վտանգի դէմ յանդիման կը գտնուի։ Այս մասին ահազանգ կը հնչեցնէ բաժնի դասախօս Փաթրիք Տօնապետեան։ 
 
ՆՅ
 
 
 
 
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը