«Ազդակ»-ը Հիւրընկալեց ԱՀ Նախագահի Մամլոյ Բանբերը


«Ազդակ»-ը Հիւրընկալեց ԱՀ Նախագահի Մամլոյ Բանբերը

  • 14-04-2017 20:48:23   |   |  Մամլո հաղորդագրություն

Երէկ յետմիջօրէին «Ազդակ»-ի հիւրերն էին Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբեր Դաւիթ Բաբայեան, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ եւ Արցախի խորհրդարանի անդամ Դաւիթ Իշխանեան եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեան:
 
Տնօրէնութեան եւ խմբագրակազմին հետ հանդիպումը առիթ ծառայեց, որ հիւրերը մօտէն ծանօթանան «Ազդակ»-ի աշխատանքներուն եւ  90-ամեակի ծրագիրներուն: Դաւիթ Բաբայեան բարձր գնահատեց «Ազդակ»-ի դերը յատկապէս արցախեան տագնապը լուսաբանելու եւ զինուորաքաղաքական իրադարձութիւնները վերլուծելու առումով:
 
Հանդիպում` Երիտասարդական Հարթակի Անդամներուն Հետ
 
Երեկոյեան Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցան «Ազդակ»-ի հովանիին տակ գործող նորաստեղծ Երիտասարդական հարթակի անդամներուն հետ: Հանդիպումը առիթ եղաւ, որ Դաւիթ Բաբայեան եւ Դաւիթ Իշխանեան պատասխանեն Արցախի վերջին իրադարձութիւններուն վերաբերեալ խումբի անդամներուն ուղղած հարցումներուն:
 
  -   Մամլո հաղորդագրություն