Յարութ Սասունեան .Ծեծելով Ցուցարարները՝ Էրտողանի Թիկնապահները Ամրապնդեցին «Սարսափելի Թուրք»ի Կերպարը


Յարութ Սասունեան .Ծեծելով Ցուցարարները՝ Էրտողանի Թիկնապահները Ամրապնդեցին «Սարսափելի Թուրք»ի Կերպարը

  • 24-05-2017 17:15:33   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Ինչպէս հայերը, այդպէս ալ օտարները վշտացած եւ վրդոված էին՝ դիտելով յարձակման տեսանիւթերը տասնմէկ ցուցարարներու վրայ, որոնք վիրաւորուած էին Մայիս 16-ին, Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ, նախագահ Էրտողանի ապահովութեան պաշտօնեաներու հարուածներէն, ծեծ ու ջարդէն եւ շնչահեղձութեան մատնուելէ ետք: Ցաւօք, հազարաւոր թուրքեր անամօթաբար մեկնաբանութիւններ տեղադրած էին թուիթըրի վրայ՝ արտայայտելով իրենց հրճուանքը թուրք յելուզակներու կողմէ հայեր, ասորիներ, քիւրտեր, յոյներ եւ եզիտիներ արիւնլուայ եղած ըլլալնուն համար…  
 
Այս դաժան ծեծկռտուքը աւելի մեծ վնաս հասցուց Թուրքիոյ վարկանիշին՝ Միացեալ Նահանգներու եւ ամբողջ աշխարհի մէջ, քան միւս գազանութիւնները, որոնք վերջերս իրականացուած էին Թուրքիոյ ներսը՝ թուրք զինուորներու, ոստիկաններու եւ ապահովութեան պաշտօնեաներու կողմէ: Թուրք ժխտողականները անընդհատ կը բողոքեն, որ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով հայկական «քարոզչութիւն»ը կ՛արատաւորէ թուրքերու համբաւը ամբողջ աշխարհի մէջ, անտեսելով այն փաստը, որ նոյնինքն թուրքերը խաթարած են իրենց սեփական կերպարը՝ իրականացնելով զանգուածային սարսափելի յանցագործութիւններ:
 
Իրականութեան մէջ, թուրք յելուզակները խաղաղ ցուցարարներու վրայ Մայիս 16-ի նողկալի յարձակումով շատ աւելին ըրին՝ ամրապնդելու «սարսափելի թուրք»ի կերպարը, քան ըրած էին հայերը կամ ուրիշներ: Թրքական կառավարութիւնը ամէն տարի միլիոնաւոր տոլարներ կը ծախսէ հանրային կապերու հարցերով զբաղող ընկերութիւններու վճարելու համար, որպէսզի անոնք Թուրքիան ներկայացնեն աշխարհին՝ կարելի լաւագոյն լոյսի ներքոյ: Սակայն, վերջին միջադէպը, զոր դատապարտեցին Գոնկրեսի բազմաթիւ անդամներ եւ լայնօրէն լուսաբանուեցաւ ամբողջ աշխարհի լրատուամիջոցներու կողմէ, այն աստիճան սեւցուց Թուրքիոյ համբաւը եւ անոր ինքնակալ նախագահ Էրտողանը, որ քարոզչութեան համար նոյնիսկ 100 միլիոն տոլար ծախսելով կարելի չէ ետ շրջել անոնց վարկանիշին հասցուած վնասը:
 
Ահա Գոնկրեսի անդամներու խիստ մեկնաբանութիւններէն քանի մը հատը.
 
Ծերակոյտի Զինուած Ուժերու Հարցերով Յանձնաժողովի նախագահ, ծերակուտական Ճան ՄըքՔէյն (հանրապետական, Արիզոնա), ըսած է ABC Nightly News-ին եւ MSNBC-ին՝ «Պէտք է դուրս շպրտենք [Թուրքիոյ] դեսպանը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն…»:
 
Ասկէ բացի, ծերակուտական ՄըքՔէյն եւ Ծերակոյտի Հետախուզութեան Յանձնաժողովի դեմոկրատական կուսակցութեան ներկայացուցիչ ծերակուտական Տայան Ֆայնշտէյն (դեմոկրատ, Քալիֆորնիա), համատեղ նամակ մը յղած են Էրտողանի՝ պահանջելով ներողութիւն խնդրել:
 
Չորս հանրապետական ծերակուտականներ՝ Մարքօ Ռուպիօ (Ֆլորիտա), Թամ Քաթըն (Արիզոնա), Մայք Լի (Եութա) եւ Թէտ Քրուզ (Թեքսաս) հանդէս եկած են համատեղ յայտարարութեամբ՝ թրքական կառավարութենէն պահանջելով ներողութիւն խնդրել անյապաղ:
 
Դատապարտող յայտարարութիւններով հանդէս եկած են նաեւ՝ Ծերակոյտի դեմոկրատներու ղեկավար Չաք Շումէր (դեմոկրատ Նիւ Եորք), ծերակուտական Շելտըն Ուայթհաուս (դեմոկրատ, Ռոտ Այլընտ), ծերակուտական Ճէք Ռիտ (դեմոկրատ, Ռոտ Այլընտ), ծերակուտական Պէն Քարտին (դեմոկրատ, Մերիլենտ), ծերակուտական Փաթրիք Լիհի (դեմոկրատ, Վըրմոնթ) եւ ծերակուտական Պէն Սաս (հանրապետական, Նեպրասքա):
 
Ներկայացուցիչներու Պալատի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնաժողովի նախագահ Էտ Ռոյս նամակ յղած է պետական քարտուղար Ռէքս Թիլըրսընի եւ գլխաւոր դատախազ Ճէֆ Սեշընզի, յայտարարելով՝ «Օտար կառավարութիւններու գործակալները պէտք չէ անձեռնմխելի ըլլան յանցաւոր գործունէութեան համար քրէօրէն հետապնդուելու հարցով»:
 
Ներկայացուցիչներու Պալատի քանի մը անդամներ եւս հանդէս եկած են թրքական յարձակումը դատապարտող յայտարարութիւններով. Տան Պրէյըր (դեմոկրատ, Վիրճինիա), Էտըմ Շիֆ (դեմոկրատ, Քալիֆորնիա), Սթենի Հոյըր (դեմոկրատ, Մերիլենտ), Ֆրենք Փալոուն (դեմոկրատ, Նիւ Ճըրզի), Տէյվ Թրաթ (հանրապետական, Միչիկըն), Դաւիթ Վալաթաօ (հանրապետական, Քալիֆորնիա), Պրէտ Շերմըն (դեմոկրատ, Քալիֆորնիա), Ճէյմզ Մաքկավըրն (դեմոկրատ, Մասաչուսեց), Ճիմ Քոսթըն (դեմոկրատ, Քալիֆորնիա), Զօ Լեֆկրըն (դեմոկրատ, Քալիֆորնիա), Ռան Տեսանթիս (հանրապետական, Ֆլորիտա), Թէլսի Կէպըրտ (դեմոկրատ, Հաուայի), Թէտ Տոյչ (դեմոկրատ, Ֆլորիտա) եւ Քոլումպիոյ շրջանի պատուիրակ Էլեանորա Հոլմզ Նորթըն:
 
ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Սըմէնթա Փաուր, իր թուիթըրեան էջին մէջ գրած է. «Ակնյայտ է, որ Էրտողանի թիկնապահները ամբողջութեամբ կը զգան իրենց անպատժելիութիւնը՝ օգտագործելով բռնաճնշումներու այն գործիքները, զոր կը կիրառեն իրենց երկրին մէջ եւ գիտեն, որ ան կանգնած է իրենց թիկունքին, անկախ անկէ, թէ ինչ ըրած են իրենք»:
 
Այսուհանդերձ, ե՛ւ Ուաշինկթընի քաղաքապետը, ե՛ւ ոստիկանութեան պետը դատապարտած են երկրի մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցած կատաղի յարձակումը՝ Սպիտակ տան նախագահ Թրամփի հետ Էրտողանի ունեցած հանդիպումէն քիչ ժամանակ անց: 
 
Պետական քարտուղար Ռեքս Թիլըրսըն FOX News-ին ըսած է, որ թրքական յարձակումը «պարզապէս անընդունելի է» եւ հետաքննութեան տակ է: Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյի դեսպան Սերտար Քըլըչ Պետական Քարտուղարութիւն կանչուած է պետական քարտուղարի տեղակալ Թամըս Շենոնի կողմէ: Պետական Քարտուղարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է՝  թրքական կառավարութիւնը դատապարտելով «կարելի ամէնէն խիստ արտայայտութիւններով»: Wall Street Journal հաղորդած է, որ Պետական Քարտուղարութիւնը «ուղիներ կ՛ուսումնասիրէ արգելափակելու համար Էրտողանի թիկնազօրի անդամներու մուտքը Միացեալ Նահանգներ»: Այս նուազագոյնն է, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը պէտք է ընէ...: Որքան ալ տարօրինակ է, բայց դեսպան Քըլըչ բախումները կանխել փորձող ոստիկաններուն ըսած է՝ «դուք չէք կրնար մեզի ձեռք տալ», ակնարկելով հնարաւոր դիւանագիտական անձեռնմխելիութեան, որ տրուած է թրքական յատուկ անձնակազմի որոշ անդամներու: Անհաւատալի է, որ Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարարութիւնը կանչած է Անգարայի մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանը եւ բողոքի շեշտ ներկայացուցած՝ Ուաշինկթընի մէջ ոստիկանութեան պահուածքին համար...
 
Այս յարձակման ամէնէն լուրջ կողմը «Ամերիկայի ձայն»ի (թրքական լրատուական ծառայութիւն) կողմէ Էրտողանը տեսանկարահանելու փաստն է, երբ ան  ցուցարարներու վրայ յարձակելու հրահանգ տուած է իր ապահովութեան յատուկ անձնակազմին, կը տեղեկացնէ «Ուաշինկթըն Փոսթ»ը: Ցաւօք, սա առաջին դէպքը չէ, որ Էրտողանի թիկնապահները կը ներքաշուին ծեծկռտուքի մէջ՝ ծեծելով կամ սպառնալով մարդոց, անոր արտասահմանեան ուղեւորութիւններու ընթացքին:
 
2009-ին՝ այդ օրերու վարչապետ Էրտողանի ապահովութեան պաշտօնեաները ծեծկռտուքի մէջ ներքաշուած էին նախագահ Օպամայի գաղտնի ծառայութեան գործակալներու հետ: 
 
2011-ին՝ Էրտողանի թիկնապահները կոտրած էին Միաւորուած Ազգերու ապահովութեան պաշտօնեային կողերը, Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի կեդրոնական գրասենեակի վրայ յարձակման ժամանակ:
 
2014-ին՝ թրքական ապահովութեան ծառայողները Նիւ Եորքի մէջ սպառնացած էին լրագրողներուն եւ հրմշտած էին զանոնք, որոնք կ՛աշխատէին Էրտողանի հանդէպ ոչ բարեկամական թերթի մը մէջ:
 
2015-ին՝ Պրիւքսէլ կատարած այցելութեան ընթացքին, Էրտողանի թիկնապահները յարձակած էին պելճիքական կառավարութեան թիկնապահին վրայ:
 
2016-ի Փետրուարին՝ Էրտողանի թիկնապահները յարձակած էին երեք կնոջ վրայ, որոնք կը բողոքէին Բարձրագոյն Ուսումնասիրութիւններու Ազգային Հիմնարկի մէջ անոր ունեցած ելոյթին դէմ, Քիթոյի մէջ, Էքուատոր: Թուրքիոյ աապահովութեան պաշտօնեաները նաեւ ջարդած էին քիթը Էքուատորի խորհրդարանի երեսփոխանին, որ փորձած էր միջամտել: Էրտողան ամբարտաւանօրէն արդարացուցած էր յարձակումը. «Միշտ պէտք է համապատասխան արձագանգներ ըլլան անքաղաքավար մարդիկը կարգի հրաւիրելու համար»: Էքուատորի խորհրդարանի փոխխօսնակ Ռոզանա Ալվարատօ արձագանգած էր. «Մենք չենք փափաքիր Էրտողանը կրկին տեսնել մեր երկրին մէջ...»: 
 
2016-ի Մարտին՝ թուրք ղեկավարը հրաւիրուած էր ելոյթ ունենալու Ուաշինկթընի Պրուքինկզ հաստատութեան մէջ, անոր թիկնապահները յարձակած էին լրագրողներու եւ ցուցարարներու վրայ, դուրսը:
 
National Review Online-ի սիւնակագիր Թամ Ռոկըն, վերոնշեալ յարձակումներէն քանի մը հատը թուարկելէ ետք, եզրակացուցած է. «Քանի որ Էրտողան կեդրոնացուցած է իշխանութիւնը եւ կը յարձակի իր ընդդիմադիրներուն վրայ, TPPD-ն [Թուրքիոյ Նախագահական Պաշտպանութեան Վարչութիւն] իրաւապահ մարմնէն կերպարանափոխուած է կատարեալ յելուզակութեան»: 
 
Որպէսզի մոռացութեան մատնուին ամերիկեան հարիւրաւոր թերթերու, հեռատեսիլի ընկերութիւններու եւ կայքերու բացասական տեղեկատուութեան հեղեղը, ներառեալ «Ուաշինկթըն Փոսթ»ի մէջ հրապարակուած ջախջախիչ խմբագրականի քննադատութիւնները, Թուրքիան շատ երկար ժամանակի պէտք ունի: Էնտըրս Քոր գրելով Forbes ամսագրին մէջ, կ՛առաջարկէ, որ «յաջորդ անգամ, երբ Թուրքիան քաղաք գայ, պէտք է զօրաշարժի ենթարկել յատուկ նշանակութեան ոստիկանութեան ուժերը՝ Էրտողանի յելուզակ թիկնապահները վերահսկելու համար, եթէ անոնք չափը անցընեն»: «Նիւ Եորք Թայմզ»ի մէկ խմբագրականը դիպուկ կերպով նկարագրած է Մայիս 16-ի յարձակումը. «Պարոն Էրտողանի այցելութեան մնայուն պատկերը պիտի չըլլայ Սպիտակ Տան արարողութիւնը, այլ՝ անոր թիկնապահներուն եւ միւս աջակիցներուն կողմէ ցուցարարներու ծեծ ու ջարդը, Թուրքիոյ դեսպանի նստավայրէն դուրս»:
 
Էրտողանի թիկնապահները ամբողջ աշխարհին ցոյց տուին իրենց բնորոշ յանցագործ վարքագիծը: Անոնք Միացեալ Նահանգներու մէջ իրենք զիրենք պահեցին այնպէս, ինչպէս որ սովորաբար կը պահեն Թուրքիոյ մէջ... 
 
Երկու թուրք լրագրողներ, որոնք կը գրեն անկախ  Al-Monitor կայքի մէջ, շատ ճիշդ բնութագրած են Էրտողանի թիկնապահներու վերջին տհաճ միջադէպը. «Ուաշինկթըն կատարած այցելութիւնը աւարտեցաւ Թուրքիոյ կերպարը ծաղրող տեսարաններով», գրած է Ֆեհիմ Թաշթեքին: Փինար Թրըմփլէյն աւելցուցած է. «Էրտողանի ապահովութեան պաշտօնեաները ամբողջ աշխարհի տարածքին վատ համբաւ ձեռք բերած են՝ ցուցարարներու վրայ իրենց յարձակումներուն պատճառով, այդպիսով ներկայացնելով Թուրքիոյ դաժան դէմքը, բան մը, որ ոչ մէկ հակաթրքական լոպպի կրնար իրագործել մէկ օրուան մէջ»: 
 
 
 
Յարութ Սասունեան 
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան 
 
 
 
Յարութ Սասունեան 
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
www.TheCaliforniaCourier.com
  -   Յօդուածներ