Յարութ Սասունեան. Միացեալ Նահանգներ Եւ Եւրոպա Պէտք Է Հետապնդեն Ատրպէյճանի՝ Դէպի Ահաբեկիչներ Զինամթերքի Առաքումները


Յարութ Սասունեան. Միացեալ Նահանգներ Եւ Եւրոպա Պէտք Է Հետապնդեն Ատրպէյճանի՝ Դէպի Ահաբեկիչներ Զինամթերքի Առաքումները

  • 12-07-2017 14:45:44   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

 
Պուլկարացի լրագրող Տիլեանա Կայթանճիեւայի ապշեցուցիչ քննութիւնը բացայայտած է, որ Ատրպէյճանի Silk Way օդանաւային պետական ընկերութիւնը դիւանագիտական թռիչքներու քողի տակ, վերջին երեք տարիներուն ընթացքին 350 թռիչք իրականացուցած է՝ զինուորական ծանր արհեստագիտութիւն եւ զինամթերք մատակարարելով ահաբեկիչներուն՝ ամբողջ աշխարհի տարածքին...: Ատրպէյճան դիմած է տարբեր երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութիւններուն՝ այդ թռիչքներուն դիւանագիտական բացառութիւն տալու՝ թոյլատրելով քաղաքացիական օդանաւներուն զէնք տեղափոխել, բան մը, որ իբրեւ կանոն, արգիլուած է Օդային Երթեւեկութեան Միջազգային Ընկերութեան կողմէ:  
 
Լրագրողին տեղեկութիւնները հիմնուած են անանուն աղբիւրներէ ուղարկուած՝ մեծ թիւով ելեկտրոնային նամակներու վրայ. «Բացայայտուած փաստաթուղթերը կը ներառեն Պուլկարիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Պուլկարիոյ մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան միջեւ նամակագրութիւնը՝ կցուած այնպիսի փաստաթուղթերով, որոնք կը վերաբերին զէնքի գործարքներու եւ թռիչքի եւ/կամ վայրէջքի դիւանագիտական ​​ձեւակերպումներու, Պուլկարիոյ եւ եւրոպական ուրիշ երկիրներու մէջ», ի լրումն Սուրիոյ, Իրաքի, Միացեալ Նահանգներու, Սէուտական Արաբիոյ, Արաբական Միացեալ Էմիրութեան, Թուրքիոյ, Իսրայէլի եւ այլ երկիրներու:
 
Ըստ Կայթանճիեւայի ձեռք բերած փաստաթուղթերուն՝ «Silk Way օդանաւային ընկերութիւնը դիւանագիտական ​​թռիչքներ առաջարկած է մասնաւոր ընկերութիւններու եւ զէնք արտադրողներու՝ Միացեալ Նահանգներէ, Պալքաններէ, Իսրայէլէ, ինչպէս նաեւ Սէուտական Արաբիոյ, Արաբական Միացեալ Էմիրութեան բանակներուն, Միացեալ Նահանգներու յատուկ գործողութիւններու հրամանատարութեան (USSOCOM) եւ Գերմանիոյ ու Դանիոյ զինուած ուժերուն՝ Աֆղանիստանի եւ Շուէտիոյ՝ Իրաքի մէջ: Դիւանագիտական ​​թռիչքները չեն ենթարկուիր ստուգումներու, ազատ կը կացուցուին ապրանքի արձանագրութենէ եւ հարկերէ, այսինքն՝ Silk Way-ի օդանաւները ազատօրէն հարիւրաւոր թոներով զինամթերք կը տեղափոխեն աշխարհի տարբեր շրջաններ, առանց կարգաւորումներու»:
 
Բացայայտուած փաստաթուղթերը նաեւ ցոյց կու տան, որ ամերիկեան զինամթերք արտադրող ընկերութիւնները Silk Wayի միջոցով առաքած են աւելի քան 1 միլիառ տոլարի զինամթերք: Ասոնք ամերիկեան ոչ սովորական զէնքեր էին, այսինքն՝ արտադրուած չէին Միացեալ Նահանգներու զինուած ուժերու կողմէ օգտագործուելու նպատակով: Երբ Silk Way օդանաւային ընկերութիւնը բաւարար քանակութեամբ օդանաւներ չէ ունեցած, ռազմական բեռերը տեղափոխած են Ատրպէյճանի ռազմական օդային ուժերու օդանաւներ, կը հաղորդէ Կայթանճիեւա:
 
Ըստ Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային պայմանագրերու արձանագրութեան՝ 2014ի Դեկտեմբերին Միացեալ Նահանգներու յատուկ գործողութիւններու հրամանատարութիւնը 26.7 միլիոն տոլարի պայմանագիր կնքած է  ամերիկեան Purple Shovel ընկերութեան հետ: Պուլկարիա նշուած է իբրեւ առաքուող զինամթերքի բեռնաթափման երկիր, իսկ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը՝ իբրեւ բեռը ստացողը: Մէկ այլ ամերիկեան ընկերութիւն՝ Orbital ATK, ստացած է 250 միլիոն տոլարի պայմանագիր՝ ամերիկեան ոչ սովորական զէնքեր արտադրելու համար:
 
Զարմանալի է, որ խիզախ պուլկարացի լրագրողը անցեալ տարուան Դեկտեմբերին մեկնած է Հալէպ, ուր «յայտնաբերած եւ նկարահանած է՝ ծագումով պուլկարական, ծանր զինատեսակներով լեցուն զինամթերքի ինը ստորգետնեայ պահեստներ: Ասոնք  օգտագործուած են «Ալ-Նուսրա Ճակատ»ի կողմէ («Ալ Քայիտա»յի մասնաճիւղը Սուրիոյ մէջ, որ ՄԱԿ-ի կողմէ որակուած է իբրեւ ահաբեկչական կազմակերպութիւն)»:
 
Կայթանճիեւա յայտնաբերած է, որ միայն 2017 Ապրիլին եւ Մայիսին, Ատրպէյճանի օդուժի օդանաւները դիւանագիտական տասը ​​թռիչքներով 282 թոն նռնակներ տեղափոխած են:
 
Ամերիկեան ոչ սովորական զէնքի մէկ այլ գնորդը Սէուտական Արաբիան է, որ չի կրնար օգտագործել այդ զէնքերը իր սեփական պաշտպանութեան համար, քանի որ ատոնք չեն համապատասխաներ արեւմտեան զէնքի իր զինանոցի որակին: 2016 եւ 2017 թուականներուն Պուլկարիայէն, Սերպիայէն եւ Ատրպէյճանէն զէնքեր կրող 23 դիւանագիտական ​​թռիչքներ իրականացուած են դէպի Ճետտա եւ Ռիյատ: Այդ զէնքերը Սէուտական Արաբիոյ թագաւորութիւն տեղափոխուած են Silk Way օդանաւային ընկերութեան միջոցով եւ Սուրիոյ ու Եմէնի մէջ յայտնուած են ձեռքը զինեալներուն, որոնց, ըստ Կայթանճիեւայի, Սէուտական Արաբիան կը զօրակցի պաշտօնապէս:
Այս տարուան Ապրիլ 28ին եւ Մայիս 12ին Silk Way օդանաւային ընկերութիւնը Պաքուէն երկու դիւանագիտական ​​թռիչք իրականացուցած է դէպի Պուրկաս-Ճիտտա-Պրազաւիլ (Քոնկոյի Հանրապետութիւն): Սէուտական Արաբիան վճարած է ռազմական բեռներով այս երկու թռիչքներուն համար: Օդանաւը բեռցուած եղած է ականանետերով եւ հակահրետանային նռնակներով: Այս նոյն զինամթերքը մէկ ամիս առաջ Իրաքի բանակի կողմէ յայտնաբերուած է Մուսուլի իսլամական պահեստի մը մէջ: Զարմանալի չէ, որ Իսլամական պետութեան ահաբեկիչները այդ զէնքերը ցուցադրած էին իրենց քարոզչական տեսանիւթերուն մէջ, ըստ Կայթանճիեւայի:
 
Նոյն իրավիճակը կը տիրէ Coyote գնդացիրներու առաքման հետ կապուած: Այդ գնդացիրները տեսնուած են Սուրիոյ մէջ զինեալ խումբերու կողմէ տեղադրուած առցանց քարոզչական տեսանիւթերու մէջ: Քանի մը ամիս առաջ այդ զէնքերը դիւանագիտական թռիչքով տեղափոխուած էին Թուրքիայէն եւ Սէուտական Արաբիայէն: Առկայ են նման առաքումներու ուրիշ շատ օրինակներ, որոնք ի վերջոյ յայտնուած են ահաբեկիչներու ձեռքը, ներառեալ՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հովանաւորած կարգ մը առաքումները:
  
2017 Փետրուարին եւ Մարտին, Սէուտական Արաբիա 350 թոն զէնք ստացած է Պաքուէն՝ Silk Way օդանաւային ընկերութեան դիւանագիտական թռիչքներով: Բեռը կը ներառէր 27 հազար 350 հատ 128 մ.մ. հրթիռներ եւ 10 հազար հատ 122 մ.մ. «Կրատ» տեսակի  հրթիռներ:
 
Այս առաքումներէն քանի մը հատին համար վճարումը կատարուած է կանխիկ  գումարով, ինչ որ  կրնայ բացատրել Ալիեւի եւ անոր ընտանիքին կուտակած հսկայական հարստութիւնը:
 
Նոյնքան մտահոգիչ են մեծ քանակութեամբ սպիտակ ֆոսֆորի (շուրջ 200 թոն) առաքումները, որոնք կրնան մահացու ըլլալ: Ծիծաղելի է, որ սպիտակ ֆոսֆոր ունեցող Ատրպէյճանը կը մեղադրէ Հայաստանը՝ արցախեան հակամարտութեան մէջ զայն կիրառելու համար:
 
Սա հերթական սովորական յօդուած չէ, որ պէտք է կարդալ եւ մոռնալ...: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսը եւ եւրոպական կառավարութիւնները պէտք է լսումներ իրականացնեն հսկայածաւալ զինամթերքի այս առաքումներուն գծով եւ հետապնդեն զանոնք, որոնց մեծ մասը նախատեսուած է իբրեւ աջակցութիւն ահաբեկիչներուն,  Մերձաւոր Արեւելքի մէջ թէ այլուր:
 
 
Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան 
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
 
 
 
Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
www.TheCaliforniaCourier.com
  -   Յօդուածներ