Յարութ Սասունեան. Թուրք Գործիչը Կը Խոստովանի, Որ Իրենց Համար Ծանր Հարուած Էր Թեքսաս Նահանգի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը


Յարութ Սասունեան. Թուրք Գործիչը Կը Խոստովանի, Որ Իրենց Համար Ծանր Հարուած Էր Թեքսաս Նահանգի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը

  • 16-08-2017 14:42:09   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Ամերիկահայերը գիտէին, որ իրենք մեծ յաղթանակ տարած են Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ, երբ Թեքսաս դարձաւ Ցեղասպանութիւնը ճանչցած Ամերիկայի 46-րդ նահանգը: Սակայն անոնք չէին գիտակցեր, որ Թեքսասի ճանաչումը կործանարար ազդեցութիւն ունեցած է այդ նահանգի թրքական համայնքի լոպիիստական ջանքերուն վրայ: 
 
Turkishnews.comի մէջ հրապարակուած յօդուածով մը դոկտոր Ֆերուհ Տեմիրմէն բացայայտեց յուսահատութեան այն աստիճանը, որ ինք եւ իր թուրք ընկերները ապրած են Թեքսասի մէջ, երբ նահանգի Ներկայացուցիչներու Պալատը ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը 2017 Մայիս 19-ին: Շատ յաճախ չենք հանդիպիր թուրք լոպիիստի մը, որ կ՛ընդունի իրենց կողմի ջախջախիչ պարտութիւնը հայ համայնքին կողմէ: 
 
Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի ընդունման համար Տեմիրմէն սկիզբը կը մեղադրէ իր թուրք ընկերները՝ «թրքական անտարբերութեան եւ կրաւորականութեան տարիներուն համար, համադրուած հայկական յարձակողականութեամբ եւ արեւմտեան նախապաշարումներով»: Ան նաեւ կ՛ընդունի Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի Յանձնախումբին աշխուժութիւնը՝ «քաղաքային հանդիպումներուն ընթացքին հայ գործիչներու (activists) մասնակցութեամբ շրջայցեր կազմակերպելու, նահանգի ընտրուած պաշտօնատար անձերը կարգով» այցելելու եւ «Տալասի, Օսթընի եւ Հիւսթընի մէջ» Հայ Դատի Յանձնախումբի մասնաճիւղեր ստեղծելու համար: 
 
Թուրք գործիչը Ցեղասպանութեան բանաձեւի յաջողութեան մէջ կ՛ընդունի նաեւ «Նահանգի ներկայացուցիչ Սքաթ Սէնֆըրտի աջակցութիւնը, որ միաժամանակ Թեքսասի Մկրտչական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւն է»: Իր յօդուածին համար մեծածաւալ հետազօտութիւն ընելով՝ Տեմիրմէն կը յիշեցնէ, որ «2016 Ապրիլին Տալասի Հայ Դատի Յանձնախումբի կազմակերպած հանդէսին, ներկայացուցիչ Սէնֆըրտ արժանացած է «Արդարութեան պաշտպան» մրցանակի՝ «Հայոց Ցեղասպանութեան մասին իրազեկութեան բարձրացման գործով իր ունեցած մեծ նուիրումին համար»: Հանդէսի ժամանակ կարդացուած է հանրապետական ծերակուտական Թէտ Քրուզի նամակը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին, կը գրէ Տեմիրմէն:
 
2017 Յունուար 26ին Սէնֆըրտ ներկայացուցած է Թեքսասի Ներկայացուցիչներու Պալատի HR-191 բանաձեւը Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու  մասին: Բանաձեւը առաջին անգամ ներկայացուած է Առեւտուրի եւ Միջպետական ​​Հարցերու Յանձնաժողովին (TIAC), որ կոչ ըրած է Ապրիլ 24ին հանրային քննարկումներ կատարել Օսթընի մէջ գտնուող նահանգի ​​Պալատը: Տեմիրմէն ափսոսանք կը յայտնէ, որ Թեքսասի օրէնսդիրը «հրապարակային լսումներու համար ընտրեց Ապրիլ 24ը, որ խորհրդանշական օր է հայկական անհիմն պնդումներու համար, [ինչը] առաջին նշանն էր, որ TIAC հայամէտ է իր հայեացքներով»:
 
Տեմիրմէն դժգոհ է, որ «լսումները լաւ համակարգուած էին Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի Յանձնախումբի եւ ներկայացուցիչ Սէնֆըրտի կողմէ, եւ ի տարբերութիւն հայկական կողմի, որ կանուխէն գիտէր լսումներու մասին, թրքական կողմը հանդիպման մասին տեղեկացած է միայն քանի մը օր առաջ»: Ասոր ի հետեւանք, լսումներուն մասնակցած է միայն վեց թուրք (հինգը՝ Հիւսթընէն, մէկը՝ Տալասէն), մինչդեռ «հայկական կողմէ ներկայ էր մեծ բազմութիւն մը: Իբրեւ «դիտորդ» [TIACի մէջ] ներկայ էր նաեւ Սէնֆըրտ: Տեմիրմէն ափսոսանք կը յայտնէ, որ միայն չորս թուրք, ներառեալ՝ ինք, վկայութիւն տուած է Յանձնաժողովի մէջ, մինչ թիւով 21 հայ տուած է վկայութիւն: «Հայկական կողմը հինգ անգամ աւելի հնարաւորութիւն ունէր իր տեսակէտը ներկայացնելու, քան թրքական կողմը: Այսպիսով, հայկական կողմը լսումներու ժամանակ գերակշռեց ոչ միայն «ներկայութեան» առումով, այլ նաեւ տուած վկայութիւններով», խոստովանած է Տեմիրմէն: «Հայկական կողմէ վկայութիւն տուողներու շարքին էին Թեքսասի Հոլոքոսթի եւ Ցեղասպանութեան Յանձնաժողովի եւ Հիւսթընի Հոլոքոսթի թանգարանի ներկայացուցիչները», կը տեղեկացնէ Տեմիրմէն: Բացի ատկէ, «հարիւրաւոր նամակներ ուղարկուած էին նահանգի օրէնսդիրներուն: Թիւով աւելի շատ հեռախօսային զանգեր եղած էին հայկական համայնքի կողմէ»: 
 
Բանաձեւին դէմ վկայութիւն տուած թուրքերու առարկութիւններն էին. 1) «Թեքսասի օրէնսդիրներու անպատշաճ միջամտութիւնը՝ Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող հարցերուն, 2) վնասը, զոր բանաձեւը կրնայ հասցնել Թեքսասի եւ Թուրքիոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող առեւտրական յարաբերութիւններուն, 3) բանաձեւին պառակտող դերը, եւ ոչ միայն, 4) փաստը, որ բանաձեւը վիրաւորական կը համարուի Թեքսասի թուրք բնակչութեան կողմէ», բողոքած է Տեմիրմէն:
 
Այս առարկութիւններէն եւ ոչ մէկը ազդեցութիւն ունեցած է TIACի անդամներուն վրայ, որոնք Ապրիլ 24ին բանաձեւը միաձայնութեամբ ընդունեցին: Թեքսաս նահանգի Ներկայացուցիչներու Պալատը բանաձեւը ընդունեց Մայիս 19ին՝ կողմ քուէարկած 137 ձայներով հաստատելով զայն (ութ անդամ բացակայած է, հինգը ձեռնպահ մնացած է):
 
Խստօրէն յուսահատ, Տեմիրմէն այս արդիւնքը կը ներկայացնէ իբրեւ «Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի Յանձնախումբի կողմէ գլխաւորուած իրագործում, աջակցութեամբ Թեքսաս նահանգի Ներկայացուցիչներու Պալատի: Թէեւ բանաձեւը իրաւական ուժ չունի, սակայն բոլոր գործնական նպատակներու եւ լայն հասարակութեան համար անիկա հռչակագիր մըն է, որ օսմանեան թուրքերը կը նկատէ մեղաւոր՝ կատարուած սոսկալի ոճրագործութեան համար»: 
 
Տեմիրմէն կը խոստովանի, որ «թրքական արձագանքը HR-191ին, առնուազն ստորին մակարդակի վրայ, թոյլ էր...: Թուրքերը չեն կրնար մրցիլ հայերու հետ իրենց աշխուժութեամբ՝ «Ցեղասպանութեան» հարցի շուրջ...: Թրքական կողմը միայն ինքզինք պէտք է մեղադրէ՝ իր թուլութեան եւ անգործութեան համար»:
 
Թուրք գործիչը իր յօդուածը կ՛աւարտէ մեղադրելով ATA-Հիւսթընը (Ամերիկայի Թրքական Ընկերակցութիւն), որ ջանքեր չգործադրեց HR-191 բանաձեւը դիմակայելու համար: Ան խումբը կը կոչէ՝ «միասին ուրախ ժամեր անցընելու համար 1979 թուականին հիմնադրուած ընկերակցութիւն, որ հետաքրքրուած չէ Հայկական Հարցով...»:
 
Թէեւ Տեմիրմէն կը մեղադրէ Թեքսասի թուրքերը՝ իրենց անգործութեան համար, սակայն իրականութեան մէջ միայն մէկ պատճառ կայ, որ բանաձեւը ընդունուեցաւ. որովհետեւ անիկա ճշմարտութիւնը կ՛ըսէ...: Թեքսասի նահանգը վերջապէս ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը...
 
 
Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
 
 
 
 
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան 
  -   Յօդուածներ