Ալին Օզինէան կը պախարակէր ոմանց այն պնդումը թէ «ինչ որ եղած է, եղած է, այլեւս պէտք է մոռնալ անցէալը եւ պէտք է սկսիլ ծայրէն»


Ալին Օզինէան կը պախարակէր ոմանց այն պնդումը թէ «ինչ որ եղած է, եղած է, այլեւս պէտք է մոռնալ անցէալը եւ պէտք է սկսիլ ծայրէն»

  • 27-04-2011 20:30:26   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա »Զաման« թերթի երէկուան ) 26 Ապրիլ_թիւին մէջ մեր ուշադրութիւնը գրաւեց հետազօտիչ Ալին Օզինէանի ստորագրութէամբ հրատարակուած յօդուած մը, որ կը պախարակէր Թուրքիոյ ու Հայաստանի միջեւ սահմաններուն փակ ըլլալու փաստը, նաեւ ոմանց այն պնդումը թէ »ինչ որ եղած է, եղած է, այլեւս պէտք է մոռնալ անցէալը եւ պէտք է սկսիլ ծայրէն«։ Մոռնա՛լ։ Մինչ մէկը կը սպասէ որ դիմացինը իր մեղքերը խոստովանի, միւսն ալ կը խօսի մոռնալու հրամայականին մասին։ Յօդուածին մէջ դիտել կը տրուի որ մոռնալը, կամ մոռցնել տալը թերեւս այս աշխարհագրութէան մէջ կը նկատուի ամէնէն շինիչ քայլը։ Շատերու կարծիքով, որպէսզի բացուի Թուրքիա-հայաստան սահմանը եւ որպէսզի պաշտօնական հիմերու վրայ դրուի այն բարեկամութիւնը որ հիմա կը մշակուի ծածուկ կերպով, պէտք ունինք ծննդէան նոր թուականի մը եւ ատոր համար պէտք է որ անցէալը մոռնանք։ Այս վարկածին դէմ է որ կը բողոքէ Ալին Օզինէան, որ կը հարցնէ թէ ինչու՞ երկու երկիրներու դիւանագիտական կապերու հաստատման համար պայման ըլլար որ դիմացի կողմը մոռնայ անցէալը։ Եթէ հայերը չդաւաճանեն իրենց յիշողութէան, այսինքն եթէ չմոռնան անցէալը, երկու երկիրներու միջեւ դիւանագիտական կապեր պիտի չհաստատուի՞ն։ Ալին Օզինէան, որ կ’անդամակցի Հայ-թուրք Գործարարներու Ու Ճարտարարուեստագէտներու Միութէան ու Թուրք-հայ Գործարարութիւնը Զարգացնելու Խորհուրդին, առիթը ունեցած է այցելելու Թուրքիոյ բազմաթիւ շրջանները ու տեսակցութիւններ ունեցած է գործարարներու հետ։ Բոլորն ալ նոյն կարծիքը կը եայտնէին, բոլորն ալ սահմաններուն բացուելուն կողմնակից էին։ Բայց ամէնուրեք խօսքը կը դառնար ու կը եանգէր նոյն կէտին։ Անցէալը մոռնալ, ապագային նայիլ։ Ալին Օզինէանի առարկութիւնը մոռնալու այս հրամայականին դէմ էր։ Ան իրաւամբ դիտել կ'ուտար որ մարդիկ կամ ազգեր կարգ մը բանէր չեն կրնար մոռնալ եւ սխալ է սպասել որ անոնք մոռնան այդ բաները։ Գալով Թուրք-հայ եարաբերութիւններուն, հիմա մոռնալու ժամանակը չէ այլեւս, այլ յիշելու ժամանակն է, կ’ըսէ ան։ Եւ յօդուածագիրը, որ պրպտող է, հետաքրքրական տուէալներ կը փոխանցէ անցէալի մէջ Թուրքերու ու Հայերու միջեւ գոյութիւն ունեցած եարաբերութիւններու մասին։ Կը պատմէ թէ երկու երկիրները շարունակ ներկայացուցիչներ ունեցած են իրարու մօտ։ 1921-ին Կարսի Համաձայնութէան ստորագրութենէն վերջ Հայերը հիւպատոսարան մը բացած էին Կարսի մէջ։ 1921 թուականին հայերը ամէն ինչ մոռցա՞ծ էին արդէն որ կարելի եղած էր հիւպատոսարան մը բանալ Կարսի մէջ։ Եւ եթէ այն ատեն այսպիսի հիւպատոսարան մը բացուած էր, հիմա ինչու՞ կարելի չըլլար դիւանագիտական կապեր հաստատել։ Ալին Օզինէան հետեւէալ խորհրդածութիւններով կ’եզրակացնէ իր հետաքրքրական յօդուածը. »Կարգ մը ցաւեր կան որոնք չեն թեթեւնար ո՛չ ժամանակի հոլովոյթով, ոչ ալ տնտեսական շահերով։ Եթէ մարդուս հոգին այրող ցաւը դիմացի կողմէն չի լսուիր ու չի տեսնուիր, այդ ցաւը շատ աւելի մեծ հրդեհի մը կը վերածուի։ Այս պատճառաւ է որ ցաւերը թեթեւցնելու միջոցը մոռնալը չէ, այլ մտիկ ընելն ու ցաւակից ըլլալն է։ Որքան ատեն որ հաղորդակցութիւն չկայ իրարու հետ, ականջները կը խլանան, սիրտերը կը կուրանան։ Որքան ատեն որ սահմանները չեն բացուիր, ամէն ինչ, նաեւ մարդոց խղճմտանքը կը կարծրանայ...«։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը