Յարութ Սասունեան․Թուրքիա Ինչո՞ւ Ընդունած Է Յորդանանի՝ Ազատ Առեւտուրի Համաձայնագիրը Վերանայելու Պահանջը


Յարութ Սասունեան․Թուրքիա Ինչո՞ւ Ընդունած Է Յորդանանի՝ Ազատ Առեւտուրի Համաձայնագիրը Վերանայելու Պահանջը

  • 11-04-2018 16:43:00   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Մինչեւ Թուրքիոյ եւ Մերձաւոր Արեւելքի շարք մը երկիրներու, այլեւ Եւրոպայի ու Միացեալ Նահանգներու միջեւ յարաբերութիւններու մէջ տեղի ունեցած վերջին ցնցումները, Սուրիա եւ Յորդանան Թուրքիոյ հետ կնքած էին ազատ առեւտուրի եւ առանց մուտքի արտօնագիրի այցելութիւններու մասին համաձայնագիր՝ յոյս ունենալով օգուտ քաղել անոր զարգացող տնտեսութենէն:
 
Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները արագօրէն վատթարացան 2011-էն սկսեալ, երբ Թուրքիա աջակցեցաւ իսլամական ճիհատիստներուն՝ ոտնահարելով Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգը: Տարեսկիզբին, քայլ մըն ալ առաջ երթալով, Թուրքիա յանդգնեցաւ ներխուժել Հիւսիսային Սուրիա, գրաւելով Աֆրին քաղաքը եւ յայտարարելով ներխուժումը ընդլայնելու իր մտադրութեան մասին:
 
Հետեւաբար, Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ փոխադարձ առեւտրային համաձայնագիրը եւ մուտքի արտօնագրային դրութիւնը չեղեալ յայտարարուեցան: Վերջերս, Յորդանան կասեցուց առեւտրային իր սեփական համաձայնագիրը Թուրքիոյի հետ, զայն բազմիցս նախազգուշացնելէ ետք այն մասին, որ այդ համաձայնագիրը միակողմանի էր եւ Թուրքիա ատկէ աւելի օգուտ կը քաղէր, քան Յորդանան: 2016 –ին, թրքական արտահանումը դէպի  Յորդանան կազմած է 710 միլիոն տոլար, իսկ Յորդանանինը՝ դէպի Թուրքիա՝ միայն 102 միլիոն տոլար: 
 
Յորդանան խոստացած է վերականգնել համաձայնագիրը, եթէ Թուրքիա համաձայնի որոշ փոփոխութիւններ ընելու, որոնց շարքին՝ «թրքական կողմի համաձայնութիւնը ի նպաստ պաշտպանական այն ձեռնարկներու իրականացման, որոնք կը մշակուին Յորդանանի կողմէ տեղական արդիւնաբերութեան պաշտպանութեան, այլեւ թրքական արհեստագիտական օժանդակութեան չափի բարձրացման՝ Յորդանանի ազատ առեւտուրի համաձայնագիրի համաձայն, եւ Թուրքիոյ կողմէ կիրարկուող՝ ծագման երկիրի «խիստ» կանոններու վերանայման համար», կը  տեղեկացնէ The Jordan Times:
 
Զարմանալիօրէն, Թուրքիա համաձայնած է վերանայիլ 2011-ին ստորագրուած ազատ առեւտուրի համաձայնագիրը: Ասիկա պարզապէս շեղում մըն էր Թուրքիոյ՝ սովորաբար յարձակապաշտ մարտավարութենէն՝ թէ՛ բարեկամներուն, թէ՛ հակառակորդներուն սպառնալով եւ ստիպելով ենթարկուիլ իր ցանկութիւններուն:
 
Յորդանանի կառավարութիւնը արժանի է գովասանքի՝ իր շահերուն պաշտպանութեան ի նպաստ ցուցաբերած կոշտ դիրքորոշման համար, հակառակ այն հանգամանքին, որ վերջին ամիսներուն շարք մը զարգացումներու իբրեւ արդիւնք ամրապնդուած էին Թուրքիոյ եւ Յորդանանի միջեւ յարաբերութիւնները: Երկու երկիրները խստօրէն քննադատած էին նախագահ Թրամփի որոշումը՝ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը Թել Աւիւէն Երուսաղէմ տեղափոխելու վերաբերեալ: Փետրուար 21-ին, երկու երկիրները նաեւ ստորագրած էին ռազմական համագործակցութեան մասին համաձայնագիր: Ատկէ բացի, Թուրքիա համաձայնած էր «մաքսատուրքերէ ազատել յորդանանեան 500 ապրանքներ», ըստ «Ալ-Մոնիթոր» լրատուական կայքի:
 
Փրոֆ. Փինար Թրեմպլէյ «Ալ-Մոնիթոր»-ի իր յօդուածին մէջ վերլուծած է այն չորս գործօնները, որոնք կրնան ազդել թուրք-յորդանանեան առեւտրային համաձայնագիրի վերանայման վրայ: 
 
Առաջին խոչընդոտը՝ Սէուտական Արաբիոյ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Եգիպտոսի դժգոհութիւնն է Թուրքիայէն՝ իրենց թշնամի Քաթարին աջակցելուն համար: Սէուտական Արաբիոյ թագաժառանգ Մուհամէտ պըն Սալման աւելի հեռուն երթալով՝ Թուրքիան անուանեց «Չարի եռանկիւն»ի անդամ՝ իսլամական զինեալներու եւ Իրանի հետ միասին...: Սէուտական Արաբիոյ, ԱՄԷ-ի եւ Եգիպտոսի հակաթրքական դիրքորոշումը ճնշում կը գործադրէ Յորդանանի վրայ՝ աւելի զգուշաւոր ըլլալու Թուրքիոյ հետ իր յարաբերութիւններուն մէջ: Պատճառը, որով Թուրքիա կը փորձէ բաւարարել Յորդանանի պահանջը, այն է, որ Թուրքիա կը փափաքի դուրս գալ արաբական սիւննի երկիրներու մեկուսացումէն:  
 
Երկրորդ խոչընդոտը՝ սիւննի առաջնորդներու թշնամանքն է Իրանի հանդէպ: Այս թշնամութիւնը յառաջացուցած է Սէուտական Արաբիոյ, ԱՄԷ-ի եւ Եգիպտոսի զայրոյթը Թուրքիոյ նկատմամբ՝ Իրանի հետ իր յարաբերութիւններուն պատճառով: Թուրքիա կը փորձէ խթանել իր յարաբերութիւնները Յորդանանի հետ, որովհետեւ արաբական աշխարհի մէջ կարիքը ունի դաշնակիցներու: Վերջին տարիներուն, Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան կը ձգտի դառնալ սիւննի մահմետականներու առաջնորդը՝ մրցակցելով իսլամական երկու սրբազան վայրերու՝ Մեքքէի եւ Մետինէի հայրենիք Սէուտական Արաբիոյ հետ:
 
Երրորդ խոչընդոտը՝ Սէուտական Արաբիոյ փափաքն է իր ազդեցութիւնը տարածել արաբական աշխարհի վրայ, բան մը, որ դէմ է թրքական բռնագրաւման քաղաքականութեան: Այդ իսկ պատճառով Սէուտական Արաբիա եւ Թուրքիա, ի թիւս ուրիշներու, կը մրցին Յորդանանի թագաւորութեան բարեկամութիւնը սիրաշահելու համար: Թրեմպլէյ կը հաղորդէ, որ «Դեկտեմբերի վերջաւորութեան, Թուրքիա 99 տարի ժամկէտով վարձած է Սուտանի Սուաքին կղզին՝ ընդլայնելով իր ներկայութիւնը Կարմիր ծովուն մէջ: Այս քայլը անհանգստացուցած է այն երկիրները, որոնք իրենք զիրենք կը համարեն «արաբական հակաահաբեկչական քառեակ» (Եգիպտոս, Սէուտական Արաբիա, ԱՄԷ եւ Պահրէյն): Ափրիկեան երկիրներու հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները ծաղկում կ՛ապրին: Ոչ բոլորը գոհ են նման զարգացումներէ, եւ այս իրողութիւնը կրնայ խնդիրներ յառաջացնել թուրք-յորդանանեան յարաբերութիւններու մէջ»: 
 
Չորրորդ մարտահրաւէրը՝ ըստ Փրոֆ. Թրեմպլէյի նիւթական է. «Թուրքիա կը ձգտի դէպի Յորդանանի շուկաներ, սակայն կը բախի Պարսից ծոցի երկիրներու կողմէ ստեղծուած արգելքներու: 2016 Մարտէն սկսեալ Թուրքիա եւ Յորդանան կը փորձեն, առանց յաջողութեան, ծովային երթուղի գործարկել թրքական Իսկենտէրուն եւ յորդանանեան Աքապա նաւահանգիստներու միջեւ՝ Ծոցի շուկաներ հասնելու համար: Սակայն առանց քաղաքական փոխզիջումներու, տնտեսական համագործակցութիւնը տարածաշրջանին մէջ անկայուն է: Թրքական օդանաւային ընկերութիւնները Մարտ 19-ին վերսկսած են ուղիղ թռիչքները՝ Սթամպուլի եւ Աքապայի միջեւ: Հետաքրքրական է, որ Մարտին իսկ Սէուտական թագաժառանգը կը գտնուէր Գահիրէ՝ քննարկելով Թագաւոր Սալմանի առաջարկուող բազմամիլիառ արժողութեամբ կամուրջը, որ իրարու  պիտի կապէ Եգիպտոսն ու Սէուտական Արաբիան՝ Աքապայի Ծոցի մուտքին. ոմանք ասիկա կը դիտարկեն իբրեւ պատասխան Աքապայի թռիչքներու եւ ծովային երթուղիի ծրագիրին: Մարտ 12-ին, ԱՄԷ-ի արտաքին գործոց նախարարը Յորդանանի մայրաքաղաք Ամման կատարած այցելութեան ժամանակ խոստացաւ օգնել Յորդանանի՝ իր դիմագրաւած տնտեսական զանազան մարտահրաւէրներուն մէջ եւ հաստատել տարածաշրջանային կայուն կապեր: Թուրքիա կը կարծէ, որ Յորդանանի կողմէ ազատ առեւտուրի համաձայնագիրի կասեցման ի հետեւանք են այս զարգացումները: Յորդանանի գործարարները եւ վերլուծաբանները համամիտ են, որ որոշման կասեցումը ԱՄԷ-ի եւ Սէուտական Արաբիոյ ձեռքերուն գործն է»: 
 
Թրեմպլէյ յանգած է այն եզրակացութեան, որ «Թուրքիոյ համար խիստ անհրաժեշտ է բազմացնել իր հնարաւորութիւնները արտաքին քաղաքականութեան մէջ: Անցեալի բազմաթիւ սխալները եւ սուղ վճարուած ձախողութիւնները զգալիօրէն սահմանափակած են անոր արտաքին քաղաքականութեան տարբերակները: Վերջին տասնամեակին Թուրքիոյ յաւակնութիւններն ու հռետորութիւնը չեն համապատասխաներ իր հնարաւորութիւններուն եւ ձեռքբերումներուն: Սակայն Յորդանանի հետ ազատ առեւտուրի համաձայնագիրի վերաբերեալ Անգարա ոչ միայն վճռական տրամադրուած է, այլեւ՝ լաւ կազմակերպուած: Եթէ Թուրքիա կարենայ յաղթահարել նշուած խոչընդոտները, ապա ազատ առեւտուրի համաձայնագիրի վերանայումը իսկապէս յաղթանակ կ՛ըլլայ Անգարայի համար»: 
 
Յարութ Սասունեան       
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
  -   Յօդուածներ