Յարութ Սասունեան. Անձի Պաշտամունքը Ատրպէյճանի Մէջ. Նախկին Նախագահ Հէյտար Ալիեւ Կուռքի Վերածուած


Յարութ Սասունեան. Անձի Պաշտամունքը Ատրպէյճանի Մէջ. Նախկին Նախագահ Հէյտար Ալիեւ Կուռքի Վերածուած

  • 01-08-2018 18:04:36   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Ատրպէյճանի նախկին նախագահ Հէյտար Ալիեւի երկրպագութիւնը այնքան չափազանցուած է, որ ամերիկացի պլոկըր Անտրէաս Մոզըր Պաքու եւ Գեանջա կատարած իր այցի ժամանակ ամենուրեք բախած է «մեծ առաջնորդի» յուշարձաններուն եւ շէնքերուն: Մոզըր իր պլոկին մէջ երգիծական զեկոյց գրած է, որմէ հատուածներ կը ներկայացնենք՝ մեր ընթերցողներուն զուարճութեան համար… 
 
Մոզըր իր ծաղրական յօդուածը սկսած է հետեւեալ կերպով. «Նախքան Ատրպէյճան երթալը, ես ալ, ձեզի պէս, չէի գիտեր Հէյտար Ալիեւը։ Բայց յետոյ, երկրորդ օրը, արդէն ձանձրացած էի իրմէ...: Անկախ այն բանէն՝ կ՛ուզէք, թէ՞ ոչ, Հէյտար Ալիեւ ձեր ընկերակիցը կ՛ըլլայ եւ մնայուն​​ուղեկիցը՝ Ատրպէյճանի մէջ։ Երբ կը թռչիք Պաքու, դուք կը ժամանէք Հէյտար Ալիեւի օդակայանը: Երբ գնացքով կու գաք, դուք կը ճամբորդէք Հէյտար Ալիեւի ճեպընթացով, կ՛իջնէք Հէյտար Ալիեւի կայարանը, կը քալէք Հէյտար Ալիեւի պուլվարով՝ դէպի Հէյտար Ալիեւի հրապարակ, կ՛անցնիք Հէյտար Ալիեւի հիմնադրամներու, Հէյտար Ալիեւի դպրոցներու  եւ Հէյտար Ալիեւի համալսարաններու քովէն։ Եթէ կ՛ուզէք հանգստանալ Հէյտար Ալիեւէն եւ այդ պատճառով կը նախընտրէք ինքնաշարժով ճամբորդել Ատրպէյճանի լայնքին, միեւնոյնն է, դուք բոլոր խաչմերուկներուն, բոլոր շրջադարձերուն, բոլոր շրջանցիկ ճամբաներուն վրայ կը տեսնէք նախկին նախագահին լուսանկարները»։
 
Մոզըր իր ճամբորդութիւնը սկսած է այցելելով զբօսայգի, բնականաբար Հէյտար Ալիեւի անուան, որ «աւելի մեծ էր, քան որոշ անկախ երկիրներ...: Երբ դուն կ՛անցնիս աշխարհի ամէնէն լայն փողոցը [12-գիծերով], տասը վայրկեան երթէ ետք կը հասնիս կայանատեղի. ինքնաշարժի կայանատեղի՝ Ողիմպիական մարզադաշտի դիմացինին նման։ Անիկա այնքան մեծ էր նախագծուած, որպէսզի Ատրպէյճանի բոլոր մեքենաները կարողանային միաժամանակ կանգնիլ հոն։ Սակայն անիկա դատարկ է։ Քաղաքի հրապարակները նոյնպէս չափազանց մեծ չափերու էին, սակայն հոս՝ հիւսիս-քորէական մակարդակի վեհութեան մոլուցք կը տիրէր…: Անմիջապէս որ դուք անցնիք յաղթանակի կամարը (այնքան մեծ, ինչպիսին Փարիզի մէջ է, եւ կասկածները փարատելու համար ըսեմ՝ զարդարուած Հէյտար Ալիեւի անունով), որ իրական մուտքն է, դուք պէտք է մօտաւորապէս 2 քիլոմեթր եւս քալէք՝ մինչեւ Հէյտար Ալիեւի թանգարան հասնիլը։ Ճիշդ այնպէս, ինչպէս մարդիկ ստիպուած էին քալել թագաւորական պալատի երկար սրահով, նախքան թագաւորին հետ հանդիպիլը»։
 
Հատելով զբօսայգին եւ անցնելով հաւաքարարներու ու քերողներու՝ «մաքրող մոլագարներու» ամբողջ բանակի մը մէջէն, Մոզըր յայտնուած է «մեծ առաջնորդի» չափազանց մեծ արձանին քով, որուն վրայ ոսկեայ տառերով փորագրուած էր անոր անունը,  եւ որ տեղադրուած էր Հէյտար Ալիեւի  թանգարանին դիմաց։ Մոզըր բացայայտած է, որ «թանգարանը երեք յարկանի է, ապակիէ գմբէթով, պատրաստուած՝ մեծ քանակութեամբ մարմարէ եւ ոսկիէ եւ սպիտակ կաշիէ բազկաթոռներով։ Բռնապետին բնորոշ անճաշակութիւն։ Եթէ դուք երբեւիցէ այցելած էք Քազզաֆիներուն, Հուսէյններուն կամ Թրամփներուն, ապա ծանօթ էք ատոր։ Ես միակ այցելուն եմ, եւ այդ փաստը այնքան զարմացուցած է գրասեղանի մօտ նստած մարդը, որ ան անջատեց իր «եութուպ»ի տեսահոլովակը, ցատկեց տեղէն եւ սկսաւ հետեւիլ իմ ամէն մէկ քայլին, 4-5 մեթր հեռաւորութեան վրայ եւ ամէն անգամ երբ կը նայէի իրեն, ան կը նայէր իր հեռախօսին։ Մենք երկուքով էինք ամբողջ շէնքին մէջ»։
 
Թէեւ Հէյտար Ալիեւի թանգարանի հսկայական շէնքը շատ տպաւորիչ է, սակայն հոն ոչինչ կայ, բացառութեամբ «մեծ առաջնորդի» մասին որոշ քարոզչութեան։ Թանգարանը միայն «Հէյտար Ալիեւի կեանքի մասին պատմող տասնեակ ցուցադրութիւններ ունի, հարիւրաւոր լուսանկարներով։ Քանի մը գիրքեր կան՝ անոր մասին եւ անոր կողմէ գրուած, որոնք պաշտպանուած են ապակիներով: Երկու մեթր լայնութեամբ հեռատեսիլի պաստառները պատրաստ են ցուցադրելու անոր կենսագրական լուսանկարները…»։ Մոզըր նաեւ տպաւորուած էր Հէյտար Ալիեւի լուսանկարներու մեծ հաւաքածոյով. «Հէյտար Ալիեւ դաշտի մէջ հողագործներու հետ, Հէյտար Ալիեւ զինուորներու հետ, Հէյտար Ալիեւ երեխաներու հետ, Հէյտար Ալիեւ իբրեւ հնագէտ, Հէյտար Ալիեւ՝ ձմերուկով, Հէյտար Ալիեւ բազմամարդ շուկային մէջ»։
 
Մոզըր ներկայացուցած է Հէյտար Ալիեւի կենսագրականը, վկայակոչելով մրցանակակիր լեհ լրագրող Ռիչըրտ Քափուսինսքին, որ գրած է. «Սկիզբը Հէյտար Ալիեւը Քա.Կէ.Պէ.ի ղեկավարն էր Ատրպէյճանի մէջ, իսկ յետոյ, եօթանասունականներուն՝ հանրապետութեան Համայնավարական ​​կուսակցութեան առաջին քարտուղարը: Ան եղած է հետեւորդը Պրեժնեւի, որ զինք նշանակած էր ԽՍՀՄ փոխ վարչապետ: 1987ին Գորպաչով զայն հեռացուց այդ պաշտօնէն։ Հէյտար Ալիեւ մաս կը կազմէր Պրեժնեւի շրջապատին, խումբի մը, որ աչքի կը զարնէր խորունկ կաշառակերութեամբ, ամէն տեսակի շքեղութեան նախապատուութեամբ եւ  համընդհանուր այլասերածութեամբ։ Անոնք կը բացայայտէին իրենց կաշառակերութիւնը մեծ յանդգնութեամբ, առանց ամչնալու»։
 
Մոզըր նշած է, որ լեհ լրագրողին նկարագրութիւնը «կրնայ ըլլալ թանգարանի, իրականութեան մէջ ամբողջ այգիին կամ, արդարեւ, ամբողջ երկրին կարգախօսը։ Ոեւէ մէկուն համար, որ համայնավարութեան ժամանակ արդէն յայտնի էր իր բացայայտ կաշառակերութեամբ, անկախ Ատրպէյճանը իր նաւթահանքերով պէտք է որ ըլլար անոր երազանքներուն գագաթնակէտը։ Այսպիսով, զարմանալի չէ Ալիեւներու ամբողջ ընտանիքին հանդիպիլ Փանամայի փաստաթուղթերու մէջ [ստուերային գաղտնի հաշիւներու մէջ]»։
 
Իր զուարթախոհական յօդուածը Մոզըր աւարտած է՝ յիշելով Հէյտար Ալիեւի այլ զբօսայգիները Պոտկորիսայի, Չեռնոկորիայի, Թբիլիսիի, Սթամպուլի, Անգարայի, Պուտափեշտի, Քիեւի մէջ, «եւ շուտով կրնայ ըլլալ ձեր հայրենի քաղաքին մէջ: Ասոր համար դուք պարզապէս պէտք է խօսիք ձեր քաղաքային խորհուրդին հետ, իսկ Ատրպէյճան կը վճարէ ամէն բանի համար»։
 
Իր վերջին նախադասութեան մէջ Մոզըր Ատրպէյճանը կոչած է «իբրեւ տարօրինակ երկիր: Բայց գոնէ ես այլեւս ստիպուած չեմ ըլլար այցելելու Հիւսիսային Քորէա»:
 
Մոզըրի յօդուածէն բացի, Ուիքիփետիան ամբողջ բաժին մը ունի՝ «Հէյտար Ալիեւի անձի պաշտամունքը» վերնագրով. «Ատրպէյճանի մէջ իւրաքանչիւր մեծ ու փոքր քաղաք ունի փողոց Հէյտար Ալիեւի անունով, ներառեալ մայրաքաղաք Պաքուի կեդրոնական պողոտաներէն մէկը։ Պաշտօնական տեղեկութեան համաձայն՝ Ատրպէյճանի մէջ կայ Հէյտար Ալիեւի 60 թանգարան եւ կեդրոն»։
 
Աւելին, աշխարհի տասնեակ աւելի երկիրներու մէջ կան Հէյտար Ալիեւի արձանները: Այնուամենայնիւ, Ատրպէյճան Մեքսիքոյի մայրաքաղաքին մէջ խայտառակուեցաւ, երբ անոր խելամիտ քաղաքային խորհուրդը որոշեց հեռացնել Հէյտար Ալիեւի յուշարձանը քաղաքի գլխաւոր պողոտային մէջ գտնուող զբօսայգիէն, որ վերանորոգուած էր Ատրպէյճանի միջոցներով։ «Իրաւապաշտպանները դէմ էին արձանին եւ կը մատնանշէին Հէյտար Ալիեւի իշխանութեան բռնակալական բնոյթը», հաղորդած է BBC Newsը:
 
Իմ խորհուրդը Հէյտար Ալիեւի ատրպէյճանցի երկրպագուներուն՝ աւելի շատ մտահոգուեցէք ոչ թէ մահացած Հէյտար Ալիեւի, այլ ներկայ նախագահ Իլհամ Ալիեւի ճակատագրով, քանի որ Հայաստանի մէջ վերջերս տեղի ունեցած «թաւշեայ յեղափոխութիւնը» կրնայ շուտով տարածուիլ Ատրպէյճանի մէջ եւ կրնայ շատ աւելի արիւնոտ ըլլալ, քան թաւշեայ…  
 
 
Յարութ Սասունեան 
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
 
Արեւելահայերէնէ թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
 
 
 
 
  -   Յօդուածներ