Լիբանանահայութիւնը հաւաքաբար ոգեկոչեց Հայոց ցեղասպանութէան 96-ամէակը<br /> <br />


Լիբանանահայութիւնը հաւաքաբար ոգեկոչեց Հայոց ցեղասպանութէան 96-ամէակը

  • 26-04-2011 15:46:31   |   |  Հասարակութիւն
Լիբանանահայութիւնը Կիրակի, 24 Ապրիլ 2011-ի երեկոյէան ժամը 8:00-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Նահատակաց Ս. Ստեփանոս Մատրան դիմաց, հաւաքաբար ոգեկոչեց Հայոց ցեղասպանութէան 96-ամէակը: Ոգեկոչման ձեռնարկին կը հանդիսապետէր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ: Ներկայ էին համայնքապետեր, հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանը, ներկայ ու անցէալի երեսփոխաններ ու նախարարներ եւ բազմահազար հայորդիներ: Վեհափառ Հայրապետին նախագահութէամբ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստէան արարողութիւն, Հայոց Ցեղասպանութէան մէկուկէս միլիոն նահատակներու հոգւոց խաղաղութէան համար: Լիբանանահայ շեփորախումբերու կատարողութէամբ Լիբանանի ու Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում, ապա հանդիսութէան բացման խօսքը արտասանեց Աստղիկ Ճամպուլէան-գանտահարէան: Ան նշեց, որ Օսմանէան կայսրութէան ժառանգորդ Թուրքիան սկսած է իր ներկայութիւնը զօրացնել Միջին Արեւելքի մէջ, եւ այս հոսանքին դէմ պէտք է արթուն ու պահանջատէր դիրքերէն շարունակել մեր նահատակներուն դատը: Օրուան առաջին պատգամը Ռամկավար ազատական կ'ուսակցութէան անունով արտասանեց տոքթ. Վազգէն Ժամկոչէան, որ նշեց, թէ 96 տարիներ անցած են նենգամտօրէն ծրագրուած Ցեղասպանութենէն: Ան ըսաւ, որ այս հաւաքը ողբալու պահ չէ, այլ` վերարժեւորման պահ է, ուղին շարունակելու առիթ է: Ժամկոչէան հաստատեց, որ Ցեղասպանութէան ժխտումը նոյնինքն ցեղասպանութէան շարունակութիւնն է, եւ այս առումով, անընդունելի է Անգարայի մերժողական քաղաքականութիւնն ու Ցեղասպանութէան հարցը պատմաբաններուն եանձնելու մօտեցումը: Օրուան երկրորդ պատգամը Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակէան կ'ուսակցութէան անունով ուղղեց Եակոբ Կ'երկերէան, որ ըսաւ, թէ Հայ դատի հետապնդումը մեզի կը մղէ հայրենիքը ամէն բանէ վեր դասելու` ստեղծելու համար ամբողջական հայութէամբ ամբողջական Հայաստան: Կ'երկերէան հաստատեց, որ արդէն պահը հասած է հատուցման հարցը դարձնելու ազգային ու պետական քաղաքականութէան հիմնական մէկ մասը: Հայ յեղափոխական դաշնակցութէան անունով խօսք առաւ Գառնիկ Մկրտիչէան: Ան եայտարարեց, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը պատմական անժխտելի իրողութիւն է, անիկայ չէ դատապարտուած տակաւին, ոճրագործը կը շարունակէ մնալ անպատիժ, մեր դատը կ'ընթանա՛յ պահանջատիրական իր ուղիով` մեզ, համայն հայութիւնը ունենալով իբրեւ իր տէրը, որ հանգիստ պիտի չունենայ մինչեւ չեարգէ իր նահատակներուն կտակը եւ իր իրաւունքներուն լիուլի չտիրանայ: Հայկական երեք կուսակցութիւններու պատգամներէն ետք, խօսք առաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարէան: Ան ըսաւ, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը մեր պատմութէան ամէնէն դաժան եւ ամէնէն ողբերգական էջն է: Քոչարէան իր կարգին հաստատեց, որ Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութիւնը Եղեռնի շարունակութիւնն է, եւ այս քաղաքականութէան դէմ պէտք չէ ցուցաբերել թոյլ վերաբերում: Աշոտ Քոչարէան աւելցուց, որ պէտք է շնորհակալ ըլլալ ա՛յն պետութիւններուն, կառոյցներուն ու անհատներուն, որոնք ճանչցան Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ան կոչ ուղղեց շարունակելու նահատակներուն պատգամը` ծառայելով մեր ազգային ու համամարդկային արժէքներուն: Ան ըսաւ, որ պէտք է եաղթահարել արդի աշխարհի բոլոր մարտահրաւէրները` միասնականութէամբ եւ համերաշխութէամբ: Հայոց Ցեղասպանութէան պաշտօնական հանդիսութէան աւարտին իր հայրապետական պատգամը ուղղեց Վեհափառ Հայրապետը: Ան ըսաւ, թէ Ապրիլ 24-ը մեր ժողովուրդին համար այլեւս սոսկ մեր նահատակները յիշելու օր չէ, այլ նահատակներու նուիրական կտակին նկատմամբ մեր ունեցած եանձնառութէան հաշուետուութէան եւ վերահաստատման օրն է: Արամ Ա. կաթողիկոս եայտնեց, որ հայութէան իրաւունքներու սրբազան դատը պիտի շարունակուի եւ պէտք է շարունակուի վերանորոգ հաւատքով եւ վճռակամութէամբ: Վեհափառ Հայրապետը նշեց, որ պէտք է գիտակցինք, որ այսօր տարբեր է աշխարհը, տագնապներն ու պայմանները փոխուած են, հետեւաբար կուսակցութիւնները, Հայաստանի պետականութիւնը, եկեղեցին եւ ղեկավարները քննութէան առարկայ պէտք է դարձնեն նոր մարտահրաւէրներուն դէմ դնելու քաղաքականութիւնը: Այս գծով Արամ Ա. Կաթողիկոս երեք բառերու մէջ բնորոշեց եառաջիկայ աշխատանքները` արժեւորում, ներդաշնակում եւ վերակազմակերպում` ճշդելով առաջնահերթութիւնները: Նորին Սրբութիւնը հաստատեց, որ մինչեւ այսօր Հայկական Պահաջատիրութէան աշխատանքները ներդաշնակուած չեն, ուստի պէտք է զանազանութիւնները մէկտեղել եւ մշակել համահայկական մտածողութիւն ու հոլովոյթ: Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ, որ այսօր Հայ դատի հետապնդումը միջազգային շրջանակներուն մէջ կը պահանջէ ակադեմական եւ գիտական լուրջ մօտեցում: Այս գծով Վեհափառ Հայրապետը աւելցուց, որ պէտք է ունենանք մարդիկ, որոնք կը մասնագիտանան օսմանագիտութէան, թրքագիտութէան, Միջին Արեւելքի պատմութէան եւ միջազգային օրէնքին մէջ, եւ այս առնչութէամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը զօրակցի այն բոլոր համալսարանականներուն, որոնք պիտի հետեւին այս մասնագիտութիւններուն, պայմանաւ որ յետագային ծառայեն Հայ դատին: Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, որ շատ խօսուեցաւ Ցեղասպանութէան ճանաչման մասին, եւ պահը հասած է շեշտը դնելու հատուցման վրայ: Վեհափառը աւելցուց, որ Կաթողիկոսարանը պիտի սկսի ազգապատկան կալուածներու հաւաքագրման աշխատանքներուն: Նորին Սուրբ Օծութիւնը հաստատեց, որ մենք կը գտնուինք Ցեղասպանութէան հարիւրամէակին սեմին, եւ այս եօբելէանը պէտք է նշել տարբեր ոճով ու ոգիով: Այս շրջագիծին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս գնահատեց Հայաստանի Հանրապետութէան նախագահ Սերժ Սարգսէանի` Հայոց Ցեղասպանութէան 100-ամէակի ձեռնարկներու համակարգող եանձնախումբի կազմութէան վերաբերող հրամանագիրը: Խօսելով երիտասարդութէան դերին մասին` Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, որ այսօր մեր շուրջը գահեր կը կործանին, բռնակալներ կը տապալին, յեղաշրջումներ կը կատարուին, որոնց մէջ տիրական ներկայութիւն է երիտասարդութիւնը, եւ ուրեմն, մեր երիտասարդութիւնը իր կարգին մեծ ընելիք ունի: Արամ Ա. Կաթողիկոս աւելցուց, որ այսօր ցեղասպանը աներեւոյթ եւ երեւելի կերպով կը թափանցէ ամէնուրէք եւ այս երեւոյթին դէմ կարելի չէ անտարբեր մնալ: Իր Հայրապետական պատգամի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը կոչ ուղղեց քալելու մեր նահատակներուն հաւատքով եւ մեր ժողովուրդին վարդահեղեղ արշալոյսին տեսիլքով: Հայոց ցեղասպանութէան 96-ամէակի հանդիսութիւնը փակուեցաւ փողերախումբերու կատարողութէամբ «Սարդարապատ» եաղթերգով:
  -   Հասարակութիւն