ՔԷԶՊԱՆ ՀԱԹԷՄԻ ՊԱՀԱՆՋԵՑ ՈՐ ՏԻՆՔԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՆ<br /> ՉԵՐԹԱՅ


ՔԷԶՊԱՆ ՀԱԹԷՄԻ ՊԱՀԱՆՋԵՑ ՈՐ ՏԻՆՔԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՆ
ՉԵՐԹԱՅ

  • 19-08-2010 08:15:26   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա- Յայտնի փաստաբան Քէզպան Հաթէմի արձագանգ հանդիսանալով Տինք ընտանիքի հետ համաձայնութեան երթալու Տավուտօղլուի յայտարարութեան, ըսաւ հետեւեալը. »Յարգելի Նախարարը կը նշէ թէ ինք մեծապէս անհանգստացեր է պետութեան անունով ներկայացուած պաշտպանողականէն։ Բայց այնպէս կը թուի թէ պիւրոքրաթները ճիշդ տեղեկութիւններ չեն տար Նախարարին։ Խնդրոյ առարկայ պաշտպանողականը անմիջապէս ետ պէտք է քաշուի, այս առընչութեամբ որեւէ արգելք չկայ։ Կը կարծեմ նաեւ որ Տինք ընտանիքը համաձայնութեան չ’երթար։ Պիւրոքրաթներու կողմէ պատրաստուած պաշտպանողականը դատական նիւթ մըն է եւ Տինք ընտանիքը մինչեւ վերջ պէտք է գործածէ իր այդ իրաւունքը«։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը