Յարութ Սասունեան. Թուրքիա Կը Գտնուի Ցեղասպանութիւն Գործելու Հաւանականութիւն Ունեցող Երկիրներու Առաջին Տասնեակին Մէջ


Յարութ Սասունեան. Թուրքիա Կը Գտնուի Ցեղասպանութիւն Գործելու Հաւանականութիւն Ունեցող Երկիրներու Առաջին Տասնեակին Մէջ

  • 19-01-2019 01:49:51   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ



Ըստ Միացեալ Նահանգներու Ողջակիզման յուշահամալիր-թանգարանի Վաղ նախազգուշացման ծրագիրին՝ Թուրքիա ութերորդն է զանգուածային սպանութիւններու իրականացման ամէնէն բարձր վտանգը ունեցող երկիրներու շարքին: Ատրպէյճան անճշդօրէն աւելի ցած՝ 87րդ դիրքի վրայ է, իսկ Հայաստան իրաւամբ կը զբաղեցնէ նոյնիսկ աւելի ցած՝ 102րդ դիրքը: Թուրքիա կը գնահատուի իբրեւ 11.2 տոկոս կամ  իննէն մէկ հնարաւորութիւն ունեցող երկիր՝ 2019ին զանգուածային նոր սպանութիւններ իրականացնելու առումով:
 
Վաղ նախազգուշացման ծրագիրը յայտարարած է, որ «ցեղասպանութիւնները երբեք ինքնաբուխ չեն, անոնց միշտ կը նախորդեն վաղ ահազանգումի շարք մը նշաններ: Եթէ այդ նշանները յայտնաբերուին, անոնց պատճառները կրնան ջնջել՝ կանխելով աղէտալի յառաջընթացի հնարաւորութիւնը»:
 
Միացեալ Նահանգներու Ողջակիզման յուշահամալիր-թանգարանի հիմնադրման կանոնադրութեան մէջ, զոր գրած է՝ Հոլոքոսթը վերապրած Էլի Վիզէլ, կ՛ըսուի, որ «միայն անցեալի սխալներէն սորվելու գիտակցուած, ջանադիր փորձը կրնայ կանխել անոնց կրկնութիւնը՝ ցեղային, կրօնական, էթնիքական կամ ազգային որեւէ խումբի նկատմամբ: Եթէ որեւէ յուշահամալիր չ՛արձագանգեր ապագայի դէպքերուն, կը նշանակէ, որ կ՛ոտնահարէ անցեալի յիշողութիւնը»:
 
Թուրքիոյ կողմէ կրկին ցեղասպանութիւն իրականացնելու բարձր վտանգը հիմնուած է անոր անցեալ եւ ներկայ գործողութիւններուն վրայ: Թրքական կառավարութիւնը ոչ միայն մէկ դար առաջ իրագործած է ցեղասպանութիւն հայերու, ասորիներու եւ յոյներու դէմ, այլեւ կը շարունակէ զանգուածային սպանութիւններ կատարել իր երկրին մէջ փոքրամասնութիւն հանդիսացող քիւրտերու դէմ: Աւելի մտահոգիչ է այն փաստը, որ Թուրքիոյ ղեկավարները կը ժխտեն զանգուածային սպանութիւններու պատմութիւնը եւ անամօթաբար կը մնան չապաշխարած, ինչ որ կը յանգեցնէ մարդկութեան դէմ նոր ոճիրներու կատարման...
 
Թուրքիոյ՝ ցեղասպանութիւն գործելու վտանգը թերագնահատուած է, քանի որ ուսումնասիրութիւնը կը ներառէ միայն երկրի ներսը կատարուած զանգուածային սպանութիւնները, բացառելով միջ-պետական ​​հակամարտութեան զոհերը: Քանի որ Թուրքիա ներգրաւուած է Սուրիոյ եւ Իրաքի տարածքին քիւրտերու դէմ զինուած լայնածաւալ յարձակումներու մէջ եւ կը սպառնայ ընդլայնել ռազմական գործողութիւնները Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ, ապա, զանգուածային ոճրագործութիւններու վտանգը շատ աւելի բարձր է, քան ինչ որ նշուած է ուսումնասիրութեան մէջ:
 
Վաղ նախազգուշացման ծրագրին մէջ կը բացատրուի, որ 2016ին Թուրքիոյ մէջ ձախողած յեղաշրջման փորձը բարձրացուցած է զանգուածային սպանութիւններու հնարաւորութիւնը: Աւելի քան 100 հազար զինուորական եւ քաղաքացիական աշխատողներ հեռացուած են, իսկ տասնեակ հազարաւորներ բանտարկուած, շատերը՝ առանց դատավարութեան: «Այլ [թրքական ցեղասպանութեան] վտանգի գործօնները կը ներառեն մարդոց շարժման ազատութեան բացակայութիւնը, երկրին անոքրաթիք վարչակարգի տեսակը [բռնատիրական եւ ժողովրդավարական յատկանիշներու խառնուրդ], մեծաթիւ բնակչութիւնը, զանգուածային սպանութիւններու պատմութիւնը եւ շարունակուող հակամարտութիւնը կառավարութեան ու քիւրտ ապստամբներու միջեւ»:
 
Թուրք լրագրողը բանտարկուած է ճշմարտութիւնը ըսելուն համար
 
Սթամպուլի դատարանը թուրք լրագրող Փելին Ունքերը դատապարտած է 13,5 ամսուան բանտարկութեան, զայն մեղադրելով երկրի նախկին վարչապետն ու անոր երկու որդիները զրպարտելու յանցանքով: 2018 Յունուար 8ին ան նաեւ տուգանքի ենթարկուած է 1615 տոլար գումարով:
 
Ունքեր յօդուած մը գրած է թրքական «Ճումհուրիէթ» թերթին մէջ, բացայայտելով, որ նախկին վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ եւ անոր երկու որդիները Մալթայի մէջ ունին նաւային հինգ ընկերութիւններ: Երկու տարի վարչապետի պաշտօնը զբաղեցնելէ ետք, Եըլտըրըմ դարձաւ Թուրքիոյ խորհրդարանի խօսնակ: Ան ներկայիս թեկնածու է Սթամպուլի քաղաքապետի պաշտօնին՝ նախագահ Էրտողանի «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան կողմէ:
 
Եըլտըրըմի ընտանիքին ընկերութիւններու սեփականութիւնը Մալթայի մէջ բացայայտուած է «Դրախտի փաստաթուղթեր»-ու (Paradise Papers) կողմէ եւ տպագրուած է աշխարհի տարբեր թերթերու մէջ: Ինչպէս որ ես տեղեկացուցած էի 2017 Յունիսին գրած իմ յօդուածիս մէջ, Եըլտըրըմի ընտանիքին կը պատկանին 140 միլիոն տոլար արժողութեամբ հետեւեալ նաւային եւ այլ օտարերկրեայ ունեցուածքներ. 
 
 
– 18 նաւ (հոլանտական խտացած ընկերութիւններ՝ մասամբ կամ ամբողջութեամբ սեփականացուած).
 
– 1 նաւ (Հոլանտական Անթիլեան ընկերութիւն).
 
– 4 մալթական ընկերութիւն.
 
– 7 սեփականութիւն Հոլանտայի մէջ.
 
– 8 նաւ Հոլանտայի մէջ.
 
– 3 նաւ Մալթայի մէջ:
 
Տարօրինակ է, որ Եըլտըրըմի ունեցուածքի բացայայտման համար Փելին Ունքեր միակ պատժուած լրագրողն է: Ունքեր յայտարարած է, որ պիտի բողոքէ անարդար դատավճիռին դէմ, քանի որ Եըլտըրըմ դատարանին մէջ խոստովանած է, որ ստուերային տուրքերէ ազատ գօտի գտնուող այդ ընկերութիւնները կը պատկանին իրեն: 2017 Նոյեմբերին նախկին վարչապետը եւ անոր որդիները դատ բացած էին  Ունքերի դէմ, զայն մեղադրելով «պետական պաշտօնեան վիրաւորելու եւ զայն զրպարտելու յանցանքով»:
 
Անկախ լրագրողներու միջազգային ընկերակցութեան (ICIJ) տնօրէն Ճերըրտ Ռէյլ դատապարտած է Ունքերի պատժումը որպէս «եւս մէկ խայտառակ յարձակում խօսքի ազատութեան վրայ, Թուրքիոյ մէջ»: Ռէյլ աւելցուցած է. «դատավճիռը անտեսած է «Դրախտի փաստաթուղթեր»ու հետաքննութեան ճշմարտութիւնը եւ կրնայ ճնշիչ ազդեցութիւն ունենալ Թուրքիոյ մէջ մնացած մամուլի չնչին ազատութեան վրայ: Այս անարդար դատավճիռը կայացուած է արդարացի եւ ճշմարիտ լրագրութիւնը լռեցնելու համար: Ուրիշ ոչինչ: ICIJ կ՛ողջունէ Փելին Ունքերի հետաքննութեան մասին խիզախ եւ ճշմարիտ հաշուետուութիւնը եւ կը դատապարտէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի բռնակալ իշխանութեան ներքոյ լրագրողական ազատութեան այս վերջին յարձակումը»:
 
«Լրագրողներ առանց սահմաններու» կազմակերպութեան  2018ի Աշխարհի ազատ մամուլի ցանկին վրայ, Թուրքիա՝ 180 երկիրներու շարքին, գրաւած է 157րդ դիրքը: Այդ կազմակերպութիւնը Թուրքիան բնութագրած է իբրեւ՝ «մասնագէտ լրագրողներու համար աշխարհի ամէնէն մեծ բանտը»:
 
 
 
 
Յարութ Սասունեան      
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
 
 
 
  -   Յօդուածներ