Զեկոյց կրօնական ժողովոյ<br />


Զեկոյց կրօնական ժողովոյ

  • 03-08-2010 16:24:40   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
«Նոր Մարմարա» - Կրօնական Ժողովս հարկ զգացած է հրատարակել հետեւեալ լուսաբանութիւնը ի մասին Պատրիարքական / Աթոռակից Պատրիարքի / Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդի ընտրութեան շուրջ մամլոյ մէջ եւ համացանցային դրութեան վրայ ստեղծուած վէճերուն։ Կրօնական Ժողովը, նկատի ունենալով Ստանպուլի Կուսակալութենէն հասած 29/06/2010 թուակիր եւ 31941 համար պաշտօնագիրը, որոշած էր Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդի ընտրութեան ձեռնարկել։ Առ այդ, ժողովի հրաւիրած էր Եկեղեցական Համագումարը, որ 1 Յուլիս 2010ի նիստին կատարած էր ընտրութիւն եւ արդիւնքը հրապարակած՝ մերազն ժողովուրդին։ Ժողովոյս նախապէս հրապարակուած որոշումը, թէ «Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Բ. Պատրիարք կը մնար ցկեանս իբրեւ Պատրիարք», կը մնայ ի զօրու եւ ըստ այնմ պիտի չձեռնարկուի որեւէ ընտրութեան։ Ժողովս, նկատի ունենալով մեր աւանդութիւնները հարկ չի տեսներ այլ ձեռնարկներու դիմել։ Աթոռակից Պատրիարքի ընտրութիւնը կարելի չէ եղած իրագործել, որովհետեւ «Աթոռակից Պատրիարքի Ընտրութեան Նախաձեռնարկ Մարմին»ը խեղաթիւրելով իրեն յանձնուած պարտականութիւնը դիմած է օրինական հիմքէ զուրկ միջոցառումներու։ Սոյն կացութենէն Կրօնական Ժողովը պատասխանատու նկատել, միակողմանի մերձեցում մըն է։ Այս գծով, տեղին պիտի ըլլայ հարցադրել այն նպատակը, որ որոշ շրջանակներ կը միտին հետապնդել։ Համայնքային եւ Թաղային Մարմիններու վարչութեանց ներկայութեան, 30/06/2010 թուակիր եւ 9167 համար գրութեամբ «Աթոռակից Պատրիարքի Ընտրութեան Նախաձեռնարկ Մարմին»ին յանձնուած է նամակ մը, որ կը տեղեկացնէ Կրօնական Ժողովոյ որոշումը՝ Ստանպուլի Կուսակալութենէն հասած պաշտօնագրի «…նկատի ունենալով, թէ Պատրիարքական Աթոռը թափուր չէ, նոր Պատրիարքի կամ Աթոռակից Պատրիարքի ընտրութեանց համար նախաձեռնարկ մարմնի կազմութիւնը զուրկ է օրինական հիմքէ» տրամադրութեան հիման վրայ։ Յետ այսու խնդրոյ առարկայ չէ «Նախաձեռնարկ Մարմին» անուան տակ գործող որեւէ մարմնի մասին խօսիլ։ Հետեւաբար, ամէն տեսակի ձեռնարկ, որ կը կատարուի «Նախաձեռնարկ Մարմին» անուան տակ յաչս Աթոռոյ պիտի նկատուի անվաւեր ու անկ՝ անհատներու։ Նաեւ այն պնդումները, որոնք կը տարածուին որոշ շրջանակներու կողմէ, թէ «Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքը այլեւս համայնքին կողմէ պիտի չընտրուի» բոլորովին անհիմն են, կողմնակալ եւ խեղաթիւրեալ։ Յստակ է, թէ յետ Նորին Ամենապատուութեան կենաց օրերուն, Կրօնական Ժողովս բնականաբար պիտի կատարէ Պատրիարքական ընտրութեան պատշաճ դիմումները՝ ըստ կարգաց եւ կանոնաց Սուրբ Եկեղեցւոյս։ Այս մասին անտեղի է մտահոգուիլ։ Կը յայտարարենք, թէ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքի Ընտրութիւնը ըստ նախընթացի պիտի կատարուի Թրքահայ Համայնքի կարգաց եւ կանոնաց համաձայն։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքի ընտրութիւնը Կրօնական Ժողովոյ կամ Համայնքային Վարչութեանց կողմէ կատարելու ուղղութեամբ որեւէ Պետական պահանջք եւ կամ որեւէ մարմնէ որոշում կամ պարտադրանք չկայ։ Անկարելի է նոյնիսկ մտաբերել, թէ Կրօնական Ժողովս, որ կը պահէ ու կը պահպանէ Սրբազան աւանդութիւնը ու Եկեղեցւոյ կարգ ու կանոնը, կրնայ կայացնել նման որոշում մը։ Արդէն իսկ, մեր աւանդութիւններն ու սովորութիւնները չեն թոյլատրեր նման քայլերու։ Ինչպէս անցեալին, ապագային եւս Կրօնական Ժողովը վճռակամ է պահպանելու Թուրքիոյ Հայոց քուէարկութեան իրաւունքը՝ Պատրիարքական ընտրութեան մը պարագային։ Իսկ ներկայ կացութիւնը լուծում մըն է իբրեւ հետեւանք՝ անտեղի ձեռնարկներուն պատճառաւ կասեցուած Աթոռակից Պատրիարքի ընտրութեան գործընթացին։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան վարչական դրութեան մէջ Պատրիարքական Փոխանորդի առընթեր գոյութիւն ունեցած է նաեւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ, որ ի բացակայութեան Պատրիարքի, գործած է Պատրիարքական լիազօրութեամբ։ Երբ Պատրիարքական Փոխանորդը կը կատարէ Պատրիարքի կողմէ յանձնուած պարտականութիւնները, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդը ունի Պատրիարքական լիազօրութիւն։ Այժմու Պատրիարքական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արքեպս. Սվաճեան թէ Եկեղեցական Համագումարին եւ թէ այլ առիթներով բազմիցս յայտնած է, թէ տարիքի բերմամբ չէր փափաքեր պաշտօնավարել։ Այս պարագային, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդութիւնը, որ ինքնին լիազօրուած փոխանորդութիւն է եւ ընդունելի՝ նաեւ Պետութեան կողմէ, նկատուած է որպէս լուծում։ Պետական պաշտօնագրի տրամադրութիւնը կ’ընդգծեր, թէ յարմար պիտի ըլլար ընտրութիւնը կատարել Պատրիարքարանի իրաւասու մարմիններու կողմէ։ Հակառակ անոր, որ Կրօնական Ժողովը ճանաչում ունեցող իրաւասու մարմին էր, նոյնքան եւ աւելի իրաւասու մարմնի՝ Եկեղեցական Համագումարի որոշում կայացուց, որպէսզի լայնախարիսխ ընտրութիւն մը տեղի ունենայ։ Համառօտաբար, արդէն գոյութիւն ունեցող Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդութեան համար Եկեղեցական Համագումարի կողմէ ընտրութիւն կատարուած ու առկայ պարապութիւնը լեցուած է։ Նկատելով, որ Պատրիարքի կամ Աթոռակից Պատրիարքի ընտրութիւն կարելի չէր կատարել, դիմուած էր այս լուծման, որով կարելի կ’ըլլար դիմագրաւել վարչական հարցերը։ Այս որոշումներու կայացման ընթացքին որդեգրուած են անցեալէն փոխանցուած վարչային կանոնաւորումներ։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդի ընտրութիւնը, ըստ աւանդութեան կատարուած է Ստանպուլի մէջ պաշտօնավարող հոգեւորականաց մասնակցութեամբ գումարուած Եկեղեցական Համագումարէն, առանց աստիճանի խտրութեան եւ առանց թեկնածու յայտարարելու, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան հոգեւոր իրաւասութեան սահմաններուն մէջ պաշտօնավարող հոգեւորականաց ցանկէն եւ գաղտնի քուէարկութեամբ։ Իսկ, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդի «Արտաքոյ Եկեղեցւոյ եւ արարողութեանց սգեմ կրելու» արտօնութիւնը կը միտի Ընդհանուր Փոխանորդին ապահովել իբրեւ Պատրիարքական Աթոռի ներկայութիւն եւ հաւասար դիրք, այլ համայնքներու միջեւ՝ պաշտօնական ընդունելութեանց ընթացքին։ Արդէն իսկ, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան բազմիցս յայտարարած է, թէ նման արտօնութեան մը պարագային այդ իրաւունքը պիտի գործածէ միայն վերոյիշեալ պարագաներուն։ Հետեւաբար. Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդի Եկեղեցական Համագումարի կողմէ ընտրութիւնը լուծում մըն է, քանի կարելի չէ եղած մնայուն լուծում մը գտնել։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան երբ «Արտաքոյ Եկեղեցւոյ եւ արարողութեանց սգեմ կրելու» արտօնութիւն ստացուի, այդ իրաւունքը պիտի գործածէ միայն վերոյիշեալ պարագաներուն։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքը յետ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի կենաց օրերուն, պիտի ընտրուի ըստ նախընթացի՝ Սուրբ Եկեղեցւոյս կարգաց եւ կանոնաց համաձայն։ Որեւէ փոփոխութիւն խնդրոյ առարկայ իսկ չէ։ Յետ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի կենաց օրերուն կատարելի Պատրիարքական ընտրութենէն առաջ պիտի ձեռնարկուի նախաձեռնարկ մարմնի կազմութեան։ 02 Օգոստոս 2010 9202 ԴԻՒԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՅ
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը