Յարութ Սասունեան.Գաղտնի Ձայնագրութիւններու Ճամբով Բացայայտուած Է Թուրքիոյ Աջակցութիւնը Ահաբեկիչներուն՝ Սուրիոյ Տարածքին


Յարութ Սասունեան.Գաղտնի Ձայնագրութիւններու Ճամբով Բացայայտուած Է Թուրքիոյ Աջակցութիւնը Ահաբեկիչներուն՝ Սուրիոյ Տարածքին

  • 15-02-2019 12:09:17   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Թուրք լրագրող Ապտուլլահ Պոզքուրթ  Սթոքհոլմի ազատութեան կեդրոնի հետաքննական կայքէջին վրայ բացայայտած է, որ «Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ գաղտնի աղբիւրներէ ստացուած հարիւրաւոր հեռախօսային գաղտնի լսումներու ձայնագրութիւնները ցոյց կու տան, թէ ինչպէ՛ս նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի իսլամական կառավարութիւնը թոյլ տուած եւ նոյնիսկ դիւրացուցած է օտարերկրեայ եւ թուրք զինեալներու տեղաշարժը Թուրքիոյ սահմանէն դէպի Սուրիա՝ Իրաքի եւ Լեւանթի իսլամական պետութեան (ԻԼԻՊ, յայտնի է նաեւ որպէս ԻՍԻՊ (ISIS) կամ Տահէշ) ճիհատիսթներու հետ կողք-կողքի կռուելու համար»։
 
Պոզքուրթի բացայայտած այս գաղտնի փաստաթուղթերը «ցոյց կու տան, որ ISIS-ի եւ թրքական ապահովութեան ծառայութեան պաշտօնեաներու միջեւ գոյութիւն ունեցող ծածուկ համաձայնութիւնը թոյլ տուած է մաքսանենգներուն՝ ազատօրէն գործել թուրք-սուրիական 822 քլիլոմեթրնոց անապահով սահմանի երկու կողմերուն՝ առանց Էրտողանի կառավարութեան կողմէ հետեւանքներու։ Համաձայնագիրը նաեւ թոյլ տուած է ISIS-ի՝ մատակարարման գիծեր անցընել սահմանի երկայնքով եւ վիրաւոր զինեալներու բուժման նպատակով զանոնք ետ տեղափոխել Թուրքիա»։
 
ISIS-ի այս չարամիտ, մաքսանենգ գործողութեան ղեկին Իլհամի Պալին է, ծնունդով սէուտցի 36-ամեայ թուրք մը, Ապու Պաքր ծածկանունով։ Ան նպաստած եւ կազմակերպած է «մեծ թիւով օտարերկրեայ եւ տեղացի զինեալներու շարժը թուրք-սուրիական սահմանի երկայնքով…: Պալի նաեւ ISIS-ի համար ապրանքներ տեղափոխած է սահմանէն, կօշիկ-հագուստէն սկսեալ մինչեւ ձեռնաշղթաներ, անօդաչու թռչող սարքերու մասեր, հեռադիտակներ, վրաններ, լուսարձակներ եւ նոյնիսկ նաւակներ։ Աւելի՛ն. գաղտնի լսումները ցոյց կու տան, որ թրքական  կառավարութիւնը գիտէր անուններն ու գտնուած վայրերը 33 թուրք քաղաքացիներու, որոնք խոստացած էին իբրեւ վարորդներ աշխատիլ ISIS-ի մաքսանենգութեան ցանցին մէջ», տեղեկացուցած է Պոզքուրթ։
 
Թուրք դատախազներու պաշտօնական մեղադրանքներուն համաձայն՝ «Պալի կը մեղադրուի՝ 2015ին Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ մահաբեր երեք ահաբեկչական գործողութիւններ կազմակերպած ըլլալու յանցանքով. գործողութիւններ, որոնք խլեցին 142 հոգիներու կեանքը։ Մէկ տարի անց, քրէական դատարանը Պալին ձերբակալելու մէկ հրահանգ եւս տուած է. Կասկած կայ, որ ան Անգարայի մէջ տեղի ունեցած ինքնասպանական ահաբեկչութեան մէջ ունեցած է դերակատարութիւն. ոճիրին թուականն է 2015 Հոկտեմբեր 10, եւ որ ամէնէն մահաբերն էր Թուրքիոյ պատմութեան մէջ։ Պայթիւնի հետեւանքով զոհուեցան 105 խաղաղ բնակիչներ, ներառեալ երկու ինքնասպան ահաբեկիչներ, քանի որ ISIS-ի զինեալներուն հարուածը ուղղուած էր հասարակական կազմակերպութիւններու եւ ձախակողմեան ու քրտամէտ կուսակցութիւններու կողմնակիցներուն, որոնք խաղաղ ցոյց կ՛իրականացնէին քաղաքի երկաթուղային գլխաւոր կայարանին մօտ՝ 2015 Նոյեմբեր 1-ի արտահերթ ընտրութիւններէն քանի մը շաբաթ առաջ», պարզաբանած է Պոզքուրթ։ Թէեւ թրքական իշխանութիւնները գիտէին Պալիի ճշգրիտ տեղը, եւ թրքական դատարանները զայն ձերբակալելու քանի մը հրահանգ տուած էին, սակայն Էրտողանի կառավարութիւնը թոյլ տուաւ, որ ան ազատօրէն տեղափոխուի Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ։
 
Հեռաձայնային գաղտնի լսումները նաեւ ցոյց տուին, որ ISIS «տաք» գիծ ունեցած է Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ ահաբեկիչներու միջեւ: Պալի վերահսկած է հեռաձայնային զանգերը եւ կազմակերպած զինեալներու փոխադրումը Թուրքիայէն դէպի Սուրիա։ Ձայնագրութիւններէն մէկուն մէջ, վրացի զինեալ մը՝ Լաշա Նատիրաշւիլի անունով, ըսած է Պալիի, որ չորս ճիհատիսթներ կը սպասեն Կազիանթեպի առեւտուրի կեդրոնին մէջ, ուրկէ մինչեւ սուրիական սահման մէկ ժամուան ինքնաշարժի ճամբայ է։ Պալի տեղեակ պահած է ճիհատիսթները նշանակուած հանդիպման վայրի մասին, ուրկէ պիտի առնէ զիրենք եւ օգնէ իրենց սահմանը անցնելու։ Մէկ ուրիշ ձայնագրութեան մէջ, ռուս ճիհատիսթ Ալեքսանտր Պուշչուք ըսած է Պալիի, որ Կազիանթեպի մէջ 11 հոգի կը սպասեն, որպէսզի զիրենք վերցնեն:
 
Գաղտնի ձայնագրութեամբ նաեւ լսած են, թէ ինչպէ՛ս Պալի կը զեկուցէ ISIS-ի՝ ճիհատիսթներու թուաքանակին մասին, որոնց օգնած է մաքսանենգութեան ճամբով  Սուրիա մտնելու։ «Ըստ հեռաձայնային զրոյցներու գաղտնի լսումներուն՝ միջին հաշուով՝ մէկ օրուան մէջ ISIS, մէկ անցակէտէ, մաքսանենգութեամբ, թուրք-սուրիական սահմանով անցուցած է 50է մինչեւ 100 զինեալ, բան մը, որ ամէնէն համեստ հաշուարկներով կը կազմէ տարեկան աւելի քան 15 հազար մաքսանենգ», գրած է Պոզքուրթ։
 
Պալիի՝ Ճիհատիսթներուն տրամադրած մէկ այլ կարեւոր ծառայութիւնը անոնց բուժումն էր Անգարայի Տանիշմանլիք (M.I.S. Danismanlik) հիւանդանոցին մէջ։ Պալիի եւ Տանիշմանլիքի սեփականատէր Սաւաս Տողրուի հեռաձայնային խօսակցութեան գաղտնի լսումէն պարզուած է, որ ISIS-ի 16 զինեալներու բուժման համար վճարուած է 62 հազար տոլար։ Մէկ այլ խօսակցութեան ընթացքին Տողրու բողոքած է՝ Սուրիայէն մաքսանենգութեան ճամբով տեղափոխուած ISIS-ի ահաբեկիչներու վիրահատութիւններուն համար չվճարուած 150 հազար տոլարի հաշիւներուն առնչութեամբ։
 
Գաղտնի լսումներով կը մեղադրուի նաեւ MIT (Թուրքիոյ ազգային հետախուզութեան կազմակերպութիւնը)՝ տեղական ոստիկանութենէն խուսափելու համար ճիհատիսթներուն օգնելու յանցանքով։ MIT-ի ղեկավար Հաքան Ֆիտան նախագահ Էրտողանի մտերիմ, վստահելի անձն է։ 2014-ին MIT-ի պաշտօնեաները բռնուած էին սահմանի վրայ՝ զէնքով բարձուած մաքսանենգուած բեռնատարներով, որոնք նախատեսուած էին Սուրիոյ ճիհատիսթներուն համար։ Թուրքիոյ կառավարութիւնը շատ արագ ազատ արձակեց  MIT-ի պաշտօնեաները եւ դաւաճանութեան մէջ մեղադրեց մաքսանենգուած զէնքերը բացայայտած լրագրողին։  
 
Պալիի եւ թուրք զինուորի խօսակցութեան ձայնագրութեան մէջ, Պալիի ըսած են, որ ան կը ստանայ այն, ինչ որ իրեն անհրաժեշտ է։ Երկու կողմերը համաձայնած են, որ ISIS-ի եւ թրքական անվտանգութեան պաշտօնեաներու միջեւ որեւէ առճակատում չկայ։
 
Հետաքրքրական է, որ այդ օրերու վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու հեռատեսիլով յայտարարած է, որ կառավարութիւնը չէր կրնար ձերբակալել ինքնասպան ահաբեկիչները մինչեւ գործողութիւնը, հակառակ անոր, որ Թուրքիա նախապէս զգուշացուած էր եւ ունէր հնարաւոր ինքնասպան ահաբեկիչներու անուններու ցանկը։ Այս ինքնասպանութիւններով ուղեկցուած պայթիւնները, փաստօրէն, բարձրացուցին Էրտողանի իշխող կուսակցութեան վարկանիշը 2015 Նոյեմբերին կայանալիք Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններու նախաշեմին…
 
Այնուհետեւ, Պոզքուրթ յայտարարած է, որ լուրջ հարցեր կան «ISIS-ի, Ալ Քայիտայի եւ այլ զինուած ճիհատիսթական խումբերու դատական գործերուն վերաբերեալ, որոնք կը հետաքննուին, կը հետապնդուին եւ կը դատուին Թուրքիոյ մէջ։ ISIS-ի գործով՝ զարմանալիօրէն սակաւաթիւ մեղադրականները ցոյց կու տան, թէ ինչպէ՛ս թրքական կառավարութիւնը չ՛ուզեր յաջողութեամբ վարել ISIS-ի դատական գործերը»։
 
Պոզքուրթ ճիշդ  նշած է, որ Էրտողանի կառավարութիւնը կ՛օգտագործէ ամէնէն խիստ միջոցները՝ անմեղ լրագրողները, իրաւապաշտպանները, դասախօսները, քաղաքական ընդդիմադիրները ձերբակալելու համար, սակայն շատ մեղմ կը վարուի իրական ահաբեկիչներուն հետ. «Այն փաստը, որ շատ դէպքերու մէջ ISIS-ի եւ Ալ Քայիտայի ձերբակալուած անդամները ազատ կ՛արձակեն պարզ ապտակով մը, կարելի է բացատրել միայն քաղաքական քողարկմամբ եւ կառավարութեան կողմէ տրամադրուած պաշտպանութեամբ»։
 
Կը կարծեմ, որ եւրոպական երկիրները եւ Միացեալ Նահանգներ պէտք է խիստ միջոցներու ձեռնարկեն՝ Էրտողանի կողմէ Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչներու աջակցութիւնը սահմանափակելու համար: Տարօրինակ է, որ Թուրքիա՝ իբրեւ ՆԱԹՕ-ի անդամ, կը զօրակցի  ահաբեկիչներուն եւ կը զինէ զանոնք, որոնք սպանութիւններ կ՛իրականացնեն ՆԱԹՕ-ի անդամ շարք մը երկիրներու մէջ։ Պետք չէ թոյլ տալ, որ այս իրականութիւնը շարունակուի։ Նախագահ Թրամփի յայտարարութիւնը՝ Սուրիայէն ամերիկեան ուժերու հեռացումը այն պատճառաբանութեամբ, որ թրքական զինուած ուժեր կը շարունակեն ISIS-ի դէմ պայքարը, վտանգաւոր որոշում է, այն իմաստով, որ թոյլտուութիւն կու տայ Թուրքիոյ՝ զօրացնելու ահաբեկիչները Սուրիոյ մէջ եւ այլուր…
 
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
Յարութ Սասունեան      
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
  -   Յօդուածներ