ՄՖՐԱՆՍ-2մ ԿԱՅԱՆԸ «ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ» ՄԱՍԻՆ ԺԱՊԱՒԷՆ ՄԸ ՍՓՌԵՑ


ՄՖՐԱՆՍ-2մ ԿԱՅԱՆԸ «ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ» ՄԱՍԻՆ ԺԱՊԱՒԷՆ ՄԸ ՍՓՌԵՑ

  • 27-07-2010 17:41:29   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
«Արմէնփրէս» գործակալութիւնը կը հաղորդէ թէ ֆրանսական «Ֆրանս-2» հեռատեսիլի կայանէն սփռուած է «հայոց ցեղասպանութեան» մասին պատմող ժապաւէն մը։ Ժապաւէնը նկարահանուած է ֆրանսահայ երիտասարդ բեմադրիչ Նիքոլա Թակեանի կողմէ եւ կը կոչուի «Ազատ»։ Շարժանկարը կը ներկայացնէ բեմադրիչիՆ 1915ի դէպքերէն մազապուրծ փրկուած մեծհօր պատմութիւնըՆ ձեռագրերու հիման վրայ։ Թակեան այս ժապաւէնով կը բացայայտէ իր ինքնութեան արմատները։ «Ազատմը» երիտասարդ արուեստագէտի առաջին շարժանկարն է։ Նիքոլա Թակեան արդէն քանի մը մրցանակներ շահած է Ֆրանսայի մէջ։ «Նոր Մարմարա»
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը