ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ԿԸ ՄԵՐԺԷ ԸՆԴՈՒՆԻԼ ՓԷԹԷՐՍՊՈՒՐԿԵԱՆ ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐԸ


ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ԿԸ ՄԵՐԺԷ ԸՆԴՈՒՆԻԼ ՓԷԹԷՐՍՊՈՒՐԿԵԱՆ ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐԸ

  • 23-07-2010 17:15:20   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Ատրպէյճանի Արտաքին Նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան բանբեր Էլհան Փոլուխով, մեկնաբանելով Նախագահ Սարգսեանի այն յայտարարութիւնը, թէ ղարապաղեան հակամարտութեան բանակցային գործընթացի մէջ գոյութիւն ունին առաջարկներ, որոնք ներկայացուած են Փէթէրսպուրկի մէջ, Հայաստանի, Ատրպէյճանի ու Ռուսաստանի Նախագահներու հանդիպման ընթացքին, ըսաւ, որ Փէթէրսպուրկեան հանդիպման մասնակցած է Մինսքեան Խմբակի միակ համանախագահող երկիր մը` Ռուսաստան, ինչ որ կը նշանակէ, թէ հոն հնչած առաջարկները Մինսքեան Խմբակի նախաձեռնութեանց արդիւնք չեն: «Ղարապաղեան հակամարտութեան գործընթացի ձեւաչափը կ’ենթադրէ երեք համանախագահող երկիրներու` Ռուսաստանի, Ամերիկայի ու Ֆրանսայի, միջեւ համաձայնեցուած առաջարկներու ներկայացում»,- շեշտեց Փոլուխով ու աւելցուց. «Ռուսաստանի կողմէ պարզապէս կատարուած էր աշխատանքային առաջարկ մը, որ ո'չ մէկ ձեւով կ’ազդէ Մինսքեան Խմբակի յառաջ քշած մատրիտեան նորացուած սկզբունքներու վրայ»: Միւս կողմէն Ատրպէյճանի Նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Նեւրուզ Մամէտով, անդրադառնալով Ալմաթայի հանդիպման, շեշտեց, որ հոն ցանկալի արդիւնք կարելի չեղաւ ձեռք բերել: «Կը սիրեմ յուսալ, որ գործընթացը կանգ չ’առներ: Այժմ միջազգային հանրութեան բոլոր շրջանակները համատեղ քայլեր կ’առնեն: Հայկական կողմը ուշ կամ կանուխ պէտք է պատասխանէ: Հայկական կողմը յաճախ նմանօրինակ գործողութիւններ կ’ընէ ժամանակ շահելու նպատակով, սակայն միջազգային հանրութիւնն ու համանախագահ երկիրները պէտք է շօշափելի քայլեր պահանջեն Հայաստանէն: Հայկական կողմը այլ ելք մը չունի: Մենք կը սպասենք Մատրիտեան նորացուած սկզբունքներու պատասխանին»,- ըսաւ Մամէտով:
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը