ՏԱՎՈՒՏՕՂԼՈՒ ՊՈՌԱՑԵ՞Ր Է ՔԼԻՆԹԸՆԻ ՎՐԱՅ...


ՏԱՎՈՒՏՕՂԼՈՒ ՊՈՌԱՑԵ՞Ր Է ՔԼԻՆԹԸՆԻ ՎՐԱՅ...

  • 23-07-2010 17:11:20   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
«Րատիքալ», վկայակոչելով բրիտանական «Ֆայնանշըլ Թայմս» պարբերականը, կը հաղորդէ, որ «Ազատութեան նաւատորմիղ»-ի ու իսրայէլեան բանակի զինուորներու միջեւ տեղի ունեցած միջադէպէն ետք արտառոց դէպք մը պատահած է Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Արտաքին Նախարարներու հանդիպման ընթացքին: Ինչպէս ծանօթ է, «Կապոյտ Մարմարա»-ի վրայ կատարուած յարձակումէն անմիջապէս վերջ Տավուտօղլու 14 Յունիսին Ուաշինկթըն մեկնած էր` Ամերիկայի իր պաշտօնակից Հիլըրի Քլինթընի հետ «Կապոյտ Մարմարա»-ի ճամբորդները Թուրքիոյ յանձնելու առընչութեամբ բանակցութիւններ վարելու նպատակով: «Ֆայնանշըլ Թայմս» կը գրէ, որ այդ հանդիպման ընթացքին Տավուտօղլուն բարկանալով քանի մը անգամ բռունցքով հարուածած է սեղանի վրայ եւ պոռացած Ամերիկայի Արտաքին Նախարարի երեսին: Հետաքրքրական է, որ Տավուտօղլու չէ ուզած մեկնաբանել այս լուրը, պարզապէս յայտարարելով, որ «որեւէ երկիր օրէնքէն վեր պէտք չէ ըլլայ»:
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը