Յարութ Սասունեան. Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցով Թրամփ Նոյնքան Վախկոտ Է, Որքան Օպամա, Կրտսեր Պուշ, Քլինթըն Եւ Աւագ Պուշ


Յարութ Սասունեան. Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցով Թրամփ Նոյնքան Վախկոտ Է, Որքան Օպամա, Կրտսեր Պուշ, Քլինթըն Եւ Աւագ Պուշ

  • 01-05-2019 17:21:00   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Անցեալ շաբաթ «Հայոց Յիշատակի Օր»ուան կապակցութեամբ նախագահ Տանըլտ Թրամփ հանդէս եկաւ Ապրիլ քսանչորսեան իր երրորդ ուղերձով։ Եւ երեք տարի անընդմէջ ան չհամարձակեցաւ օգտագործել ճիշդ եզրը՝ «ցեղասպանութիւն», օսմանեան թրքական կառավարութեան կողմէ 1.5 միլիոն անմեղ հայ կիներու, մանուկներու եւ տղամարդոց բնաջնջումը նկարագրելու համար․․․
 
Հիմնականօրէն Թրամփ կրկնեց այն նոյն խօսքերը, զորս ան չնչին փոփոխութիւններով օգտագործած է վերջին երկու տարիներուն։ Ան կրկին օգտագործեց «Մեծ Եղեռն» հայերէն եզրը՝ զանգուածային սպանութիւնները «ցեղասպանութիւն» կոչելէ խուսափելու համար․․․: Մեծ Եղեռնը պարզապէս նկարագրութիւն է, որ հայ ժողովուրդը կիրարկած է մինչեւ Ռաֆայէլ Լեմքինի կողմէ «ցեղասպանութիւն» բառի ստեղծումը՝ 1940ականներուն, մինչդեռ «ցեղասպանութիւն»ը միջազգային իրաւունքի եզր է եւ ունի իրաւական հետեւանքներ։ Ասկէ անկախ, եթէ Թրամփ հաստատակամ է հայերէն բառ օգտագործելու հարցով, ապա ան պէտք է որ արտասանէ հայերէն «ցեղասպանութիւն» բառը․․․ 
 
Բազմաթիւ հայեր Թրամփի ընտրուելէն ետք յոյսեր կը փայփայէին, որ ապաւինելով իր անկանխատեսելի մղումներուն՝ ան հայերու զանգուածային սպանութիւնները կը նկարագրէ իբրեւ ցեղասպանութիւն՝ անտեսելով իր օգնականներուն խորհուրդը եւ իր նախորդներուն դիրքորոշումը։ Ցաւօք, Թրամփ շատ քիչ բան գիտէ ամերիկահայերու մասին եւ քիչ կը մտահոգուի անոնց հարցերով։ Ցեղասպանութեան հարցին Թրամփ ուշադրութիւն կը դարձնէ միայն այն ատեն, երբ ամերիկահայերը քաղաքական շատ աւելի մեծ ազդեցութիւն կ՛ունենան։
 
Թրամփի կողմէ մեծ խիզախութիւն չի պահանջուիր «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրը օգտագործելու համար, քանի որ նախագահ Ռանըլտ Ռէյկըն զայն արդէն օգտագործած է իր նախագահական հռչակագիրին մէջ, 22 Ապրիլ 1981-ին։ Իրականութեան մէջ, ամերիկահայերը կարիք չունին, որ Թրամփ որեւէ բան ըսէ Ապրիլի 24-ին, եթե ան չի կրնար եղածը անուանել «ցեղասպանութիւն»։ Միացեալ Նահանգներ արդէն  բազմիցս ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Ի յաւելումն Ռէյկընի յայտարարութեան՝ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատը Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող յաջորդաբար երկու բանաձեւ ընդունած է, 1975-ին եւ 1984-ին, իսկ ԱՄՆ կառավարութիւնը 1951-ին պաշտօնական փաստաթուղթ ուղարկած է Արդարադատութեան միջազգային դատարան (Համաշխարհային դատարան)՝ հայերու զանգուածային սպանութիւնները ճանչնալով իբրեւ ցեղասպանութեան օրինակ։
 
Այսուամենայնիւ, Թրամփի անլիարժէք յայտարարութիւնը Հայկական Հարցին համար ունի երկրորդական կարգի քանի մը օգուտներ․
1․ Անիկա սարսափելիօրէն կը զայրացնէ թուրք ղեկավարները, որոնք կարծես թէ կ՛ամչնան եւ կը վրդովին, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը աշխարհին կը յիշեցնէ «20-րդ դարու զանգուածային վատթարագոյն վայրագութիւններէն մէկ»ուն մասին՝ պնդելով, որ «1915-էն սկսեալ՝ Օսմանեան Կայսրութեան վերջին տարիներուն ընթացքին, մէկ ու կէս միլիոն հայեր զոհ գացած են տեղահանութիւններու, կոտորածներու եւ մահուան երթերու»: Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան եւ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու զայրոյթով եւ ժխտումով ընդունեցին Թրամփի Ապրիլ քսանչորսեան յայտարարութիւնը։ 
 
2․ Նախագահ Թրամփի եւ անոր նախորդներուն յայտարարութիւնները ամէն տարի  քաղաքական մեծ արձագանգ կ՛առաջացնեն ամբողջ աշխարհի տարածքին՝ միջազգային մամուլի մէջ ստեղծելով զանգուածային հրապարակայնութիւն, ինչ որ աւելի եւս կը բորբոքի թուրք ղեկավարներու ժխտումներով։
 
Ապրիլ 24, 2019-ին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կարեւոր յայտարարութիւն ըրաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցին կապակցութեամբ։ Զարմանալիօրէն, անոր յայտարարութեան մէջ Թուրքիա կամ Օսմանեան կայսրութիւնը չյիշատակուեցաւ իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութիւն իրագործող․․․: Ասիկա ցաւալի թերութիւն է վարչապետին եւ անոր օգնականներու կողմէ։ Ես չեմ կարծեր, որ ասիկա դիտաւորեալ եղած է, յատկապէս հաշուի առնելով, որ յայտարարութեան մէջ լուրջ յղում կատարուած է հայերու կողմէ՝ իրենց հայրենիքի կորստեան մասին՝ մարդկային կորուստներէն բացի: Նախապէս, Հայաստանի ղեկավարները ձեռնպահ մնացած են՝ Թուրքիայէն տարածքային պահանջներու հարց բարձրացնելու գծով:
 
Միաժամանակ, Ապրիլ 24-ին Անգարայի մէջ կազմակերպուած խորհրդաժողովի մը ընթացքին Էրտողան հանդէս եկաւ բացառիկ խայտառակ յայտարարութեամբ․ «Արեւելեան Անաթոլիայի մահմետական բնակիչներուն, անոնց շարքին՝ կիներ եւ մանուկներ կոտորող հայկական աւազակախումբերու եւ վերջիններուս աջակիցներուն աքսորը ամէնէն ողջմիտ քայլն էր, զոր կարելի էր իրագործել նման ժամանակաշրջանի մը մէջ»։
 
Էրտողան անամօթաբար կը մեղադրէ հայ զոհերը՝ ոճրագործ թուրքերու դէմ զանգուածային յանցագործութիւն կատարած ըլլալու յանցանքով։ Սա խայտառակ սուտ է, որ համարժէք է Ողջակիզումի ժամանակ հրեաները մեղադրելուն՝ գերմանացիներ սպաննելու յանցանքով.․․: Էրտողան կը տառապի հոգեկան լուրջ հիւանդութենէ.․.
 
Զարմանալի զարգացումով մը՝ վարչապետ Փաշինեան խստօրէն արձագանգեց Էրտողանի աղտոտ սուտերուն։ Փաշինեան Էրտողանի յայտարարութիւնը նկարագրեց իբրեւ «ատելութեամբ լի» եւ կոչ ըրաւ միջազգային հանրութեան, որ արձագանգէ․ «Այն օրը, երբ ամբողջ աշխարհի հայութիւնը կը սգար Օսմանեան Կայրսրութեան գործած Ցեղասպանութիւնը, Թուրքիա, այս երկրի նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, յայտարարութեամբ մը վերահաստատեց 20-րդ դարու ամենէն մեծ ոճրագործութեան ժխտումը, զայն անուանելով միայն «հայերու տեղահանութիւն»։ Օսմանեան Կայսրութեան ամբողջ հայ բնակչութիւնը, որ ենթարկուեցաւ զանգուածային սպանդի եւ տեղահանութեան մահուան երթերու, «հայ աւազակախումբեր եւ անոնց աջակիցներ» անուանելը, 1.5 միլիոն բնիկ բնակչութեան կոտորածը «ամէնէն ողջմիտ քայլ» որակելը ոչ միայն ժխտողականութեան նոր մակարդակ է, այլ նաեւ՝ ամբողջ ազգի մը սպանդի արդարացում։ Ապրիլ 24-ին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցին օրը կատարուած յայտարարութիւնը խորին վիրաւորանք է հայ ժողովուրդին եւ մարդկութեան համար, այլեւ ծայրայեղ ատելութեան խօսք՝ անձամբ Էրտողանի կողմէ։ Աշխարհը պէտք չէ լռէ»։
 
Մենք ոգեւորուած ենք, որ վարչապետ Փաշինեան բարձրացուցած է՝ Թուրքիայէն հայկական տարածքներու պահանջի հարցը. պահանջ, զոր Հայաստանի կառավարութիւնը պաշտօնապէս պէտք է հետապնդէ Արդարադատութեան միջազգային դատարանին մէջ.․․
 
 
Յարութ Սասունեան    
  
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
  -   Յօդուածներ