Իւրաքանչիւրիս պարտքն է վերանորոգ կորովով, կիրքով եւ վճռականութեամբ նո՛ր զարթօնք շնորհել ազգային մեր գիտակցութեան եւ զգացումներուն


Իւրաքանչիւրիս պարտքն է վերանորոգ կորովով, կիրքով եւ վճռականութեամբ նո՛ր զարթօնք շնորհել ազգային մեր գիտակցութեան եւ զգացումներուն

  • 22-04-2011 20:17:02   | ԱՄՆ  |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Խունկի, Աղօթքի Եւ Ուխտի Օր 1915-ի Ապրիլ 24-ի չարաբաստ առաւօտէն սկսեալ, հայ ժողովուրդը ենթարկուեցաւ, մինչեւ այդ, մարդկային պատմութեան մէջ աննախադէպ եւ աննախընթաց, խելագարօրէն կատաղի կիրքով եւ վայրագ մոլեգնութեամբ կիրարկուած, թուրք ջարդարարներուն կանխածրագրած, ճիւաղային ցեղասպանութեան: Բարբարոսութեան գերաստիճան ժայթքումով արտայատուած անագորոյն այդ ծրագիրը կը հետապնդէր մէկ եւ միակ նպատակ. հայ ժողովուրդի բնաջնջումով ամբողջութեամբ հայաթափել Արեւմտահայաստանը, որպէսզի արմատապէս եւ մէկ անգամ ընդմիշտ լուծուած ըլլար թրքական պետութեան եւ անոր ղեկավարներուն համար մղձաւանջի վերածուած ,Էրմէնի մէսէլէսիե-ն: Մեծ Եղեռնը, անտարակոյս կը հանդիսանայ մեր ժողովուրդի աւելի քան երեքհազարամեայ պատմութեան ամէնէն արիւնաթաթախ ու աղիտալի իրադարձութիւնը, որուն հրալեզու, վշտառատ տարեգրութիւնը յարաճուն կերպով կը փոթորկէ ու պիտի փոթորկէ մեր բոլորին միտքերն ու հոգիները: Մենք երբեւէ չենք կրնար մոռնալ մեր բիւրաւոր անմեղ նահատակները, որոնք կոտորելու համար կիրարկուած արնախում գազանութեան միջոցները մարդկային բանականութեան ու խիղճին բացարձակապէս անյարիր եւ անմատչելի ոճրագործութիւններ էին, զորս անասնային սառնասրտութեամբ ծրագրեցին ու գործադրեցին ,ազատութեան, հաւասարութեան, եղբայրութեանե նշանաբաններով իշխանութեան տիրացած իթթիհատական ցեղասպանները: Թալաաթ, Էնվէր, Շաքիր, Նազըմ եւ միւս գազանները տանջամահ սպաննեցին շուրջ մէկ ու կէս միլիոն հայ մարդիկ, կիներ, ծերեր եւ երեխաներ: Խլեցին ու թրքացուցին տասնեակ հազարաւոր հայ աղուոր մանուկներ ու պատանիներ: Առաւել եւս գազանաբարոյ եւ հրէշային վերաբերում ունեցան բազմահազար հայ աղջիկներու եւ կիներու նկատմամբ, զանոնք ստորնագոյն կերպով առեւանգելով, գերեվարելով, վաճառելով, բռնաբարելով, անարգելով եւ սեփականացնելով: Իսկ եղեռնի գեհէնէն հրաշքով ճողոպրած խլեակները մեր ժողովուրդին, փողոտուած եւ անօթեւան որբեր, ծովացող արցունքով որդեկորոյս մայրեր, լլկուած հոգիներ, յուսաթափած, հայրենազուրկ եւ տարահալած, գաղթականացան օտար ափերու վրայ, տարիներ շարունակ տառապելով նաեւ վտարանդիի հոգեբանական բարդոյթով: Անհաշիւ էին նաեւ թալանն ու կողոպուտը: Օսմանեան պետութիւնն ու խուժանը մեզմէ խլեցին, յափշտակեցին եւ իւրացուցին աստղաբաշխական թուանշաններու արժողութեամբ մեր կալուածները, տուները, ինչքերն ու դրամական հարստութիւնները: Մեր ժողովուրդին ճակտի դարաւոր ու արդար քրտինքին արդիւնքը բռնագրաւուեցաւ եւ սեփականացուեցաւ թուրք ջարդարարներուն կողմէ: Կայ, սակայն, աւելի սարսափելին, առաւել եւս շշմեցուցիչը եւ անհանդուրժելին: Արեւմտեան Հայաստանը ամբողջապէս հայաթափուեցաւ: Կորսնցուցինք պապենական մեր հողերուն` սրբազան մեր հայրենիքին մեծագոյն մասը: Ցեղասպանները մեզմէ կորզելով յափշտակեցին դարեր շարունակ, տասնեակ սերունդներու քրտինքով ոռոգուած, տքնաջան աշխատանքով ծաղկեցուցած, հերոսական անթիւ խիզախումներով պաշտպանած մեր երկիրը, ուր կը հանգչին մեր պապերուն սուրբ աճիւնները: Մեզմէ խլեցին մեր հո՛ղը` անփոխարինելին, կարեւորագոյն ազդակներէն մէկը ազգութեան, պետութեան եւ քաղաքակրթութեան: Թրքական պետութիւնը, ցարդ, ո՛չ միայն սնապարծօրէն կուրանայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը, այլ` աղճատել կը փորձէ պատմութիւնն ու ճշմարտութիւնները, զանոնք արտառոց կերպով նենգափոխելով: Միաժամանակ, բարբարոս յանցագործի ծանօթ իր մոլուցքով, համակարգ կազմակերպուածութեամբ, հիմնայատակ կերպով կը կործանէ հայկական բռնագրաւուած հողերու ամբողջ տարածքին գտնուող պատմական եւ թանկարժէք մշակութային մեր բազմաթիւ յուշարձաններն ու կոթողները: Խունկի եւ աղօթքի օր է Ապրիլ 24-ը: Ազգովին պիտի ոգեկոչենք Մեծ Եղեռնով մարտիրոսացած մեր բոլոր նահատակներուն նուիրական եւ անմոռաց յիշատակը: Ուխտի՛ օր ալ է 24-ը: Իւրաքանչիւրիս պարտքն է վերանորոգ կորովով, կիրքով եւ վճռականութեամբ նո՛ր զարթօնք շնորհել ազգային մեր գիտակցութեան եւ զգացումներուն, որպէսզի շարունակենք պահանջատիրութեան նուիրական, անզիջում եւ անընկճելի մեր պայքարը, հաւաքաբար նուաճելու համար մեր Մեծ Երազի իրականացումը, այսինքն` բռնագրաւեալ մեր բոլոր հողերու ազատագրումով ամբողջական դարձած սրբազան մեր հայրենիքի հողին վրայ ապրիլ իբրեւ մէ՛կ եւ անբաժանելի ժողովուրդ: ՌԱՄԿԱՎԱՐ ՄԱՄՈՒԼ
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը