Մէթիու Պրայզա չէ կրցած արտօնութիւն ստանալ այցելելու Նոր Ջուղայի հայկական գերեզմանատունը<br />


Մէթիու Պրայզա չէ կրցած արտօնութիւն ստանալ այցելելու Նոր Ջուղայի հայկական գերեզմանատունը

  • 22-04-2011 19:23:01   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Ատրպէյճանի մօտ Ամերիկայի դեսպանատունը կը տեղեկացնէ թէ 21 Ապրիլին դեսպան Մէթիու Պրայզա աւարտած է դէպի Նախիջեւան կատարած իր երկօրեայ այցելութիւնը, որու ընթացքին ան չէ կրցած արտօնութիւն ստանալ այցելելու Նոր Ջուղայի հայկական գերեզմանատունը, որուն հազարաւոր խաչքարերը քանդուած էին 2005ին, ազերի զինուորներու կողմէ։ Դեսպան նշանակուելէ առաջ, Պրայզա խոստացած էր այցելել հայկական գերեզմանատուն եւ տեղւոյն վրայ քննարկութիւններ կատարել, սակայն Նախիջեւանի իշխանութիւնները մերժեցին ընդառաջել անոր առաջարկին՝ բաւարարուելով միայն »յառաջիկայ ամիսներուն« այդպիսի այցելութիւն մը կարգադրելու խոստում տալով։ Նախիջեւանի մէջ Պրայզա կոչ ըրաւ պաշտպանելու մշակութային եւ կրօնական արժէք ունեցող ժառանգութիւնը, »ողբերգութիւն« որակելով հայկական գերեզմանատան քանդումը։ Ըստ Պրայզայի, ինք աշխատանք տարած է Վրաստանի մէջ հայկական եկեղեցիներ, ինչպէս նաեւ Շուշիի ու Աղտամի մէջ ատրպէյճանական մզկիթներ պաշտպանելու նպատակով։ Ան աւելցուց թէ այդպիսի վայրերու պահպանութիւնը գերադաս պէտք է նկատուի քաղաքական, մշակութային ու կրօնական բոլոր շահերէն։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը