Յարութ Սասունեան. Արմին Վեկնըր Խնդրած Է Ֆրանց Վերֆելէն` Չգրել Իր «Մուսա Լերան Քառասուն Օրը» Վէպը ( Վերջին Մաս)


Յարութ Սասունեան. Արմին Վեկնըր Խնդրած Է Ֆրանց Վերֆելէն` Չգրել Իր «Մուսա Լերան Քառասուն Օրը» Վէպը ( Վերջին Մաս)

  • 25-09-2019 17:08:20   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Ասիկա պատմական երկու գործիչներու՝ Արմին Վեկնըրի եւ Ֆրանց Վերֆելի միջեւ նամակներու փոխանակման վերջին՝ չորրորդ մասն է։
Արմին Վեկնըր գրած է Ֆրանց Վերֆելի․ «Ի հարկէ, ես չեմ գիտեր Փոքր Ասիոյ հետ ձեր անձնական կապին մասին եւ կրնամ սխալ գուշակութիւն ընել: Թէեւ տարօրինակ է, բայց ես յայտնաբերեցի, որ հրէական հոգին գերմանական եւ փրուսական նկարագիրի շրջանակներու մէջ անոնց կու տայ կարելիութիւնը աւելի լաւ պատկերացնելու, քան այն, ինչ որ  գերմանացի բանաստեղծները կրնան, եւ որ այս ասիական հոգին սովորաբար շատ աւելի հեռու եւ աւելի խորթ կը մնայ եւրոպացի խաչակիրներու սերունդներուն համար: Ասիկա, հաւանաբար, հակառակութեան օրէնքին մէջ իր խորքային հիմքը ունի:
 
«Ես իրաւունք չունիմ խնդրելու, որ հրաժարիք ձեր նախագիծէն: Այդ, հաւանաբար, այնքան ալ չ՛օգներ: Բայց դուք, անշուշտ, երախտապարտ չէք ըլլար ինծի, եթէ ես, ով մեր հանդիպման առաջին իսկ պահէն, կրքոտ կերպով սիրեց եւ պաշտեց ձեր բանաստեղծական գործը, խնդրեմ ձեզմէ դիտարկել իմ բոլոր միտքերը, զորս ձեզի կը ներկայացնեմ հոս: Նոյն այն պատճառով, որ ես կը գնահատեմ ձեզ, ոչ միայն իբրեւ գրող, այլ նաեւ գիտեմ ձեր մարդկային ամբողջ խորութիւնը, ես ասիկա կրնամ ընել մաքուր խիղճով: Թերեւս այս մէկը կը ստիպէ ձեզի հրաժարի՞լ անաւարտ նախագիծէն, զոր նոր սկսած էք, կամ անցնիլ աւելի կարճ վիպական ուսումնասիրութեան մը մշակման, ինչպէս որ էր սկիզբը:
 
«Ես պէտք է շեշտեմ այն խորին երախտագիտութիւնը եւ խոր վստահութիւնը, զոր  կը բաւարարէ զիս, կարելիութիւնը ունենալով աւարտել եւ շուկայ հանել աշխատանքս՝ առանց վախնալու մրցակցութենէն: Անկեղծօրէն, ես չեմ կրնար հրաժարիլ իմ նախագիծէն, որ իմ առաքելութիւնը դարձած է իմ խորունկ եւ զօրեղ փորձառութեանս շնորհիւ, յանուն որուն ես զոհաբերած եմ աշխատանքով ծանրաբեռնուած տարիներ՝ մեծ դժուարութիւններու եւ պայքարի գնով, եւ յանուն անոր այսքան երկար կանգնած եմ վերջին տեղը»:
 
23 Դեկտեմբեր 1932ին Վերֆել պատասխանեց Վիեննայէն․ «Նախ թոյլ տուէք համառօտ պատմել իմ հայկական վէպի ձեւաւորման պատմութիւնը: Պատերազմէն ետք երկու անգամ եղած եմ Մերձաւոր Արեւելք (քանի մը ամիսով)․ առաջին անգամ՝ 1925 թուականին, երկրորդ անգամ՝ 1929ին։ Դամասկոսի մէջ ես ցնցող ապրումներ ունեցայ հայ մանուկներու հետ, ինչ որ, որոշ իմաստով, մէջս առասպելական անողոք ծրագիր մը յառաջացուց, որ արդէն գոյութիւն ունէր, երբ առաջին անգամ լսեցի այս բաներուն մասին, թերեւս ճիշդ պատերազմէն ետք: Հաստատ չեմ գիտեր, թէ որքա՞ն ժամանակ ետք։ Յաճախ, իմ գրելու եղանակով, թատերական եւ առասպելական ծրագիրները տարիներ շարունակ կը հասուննան մթութեան մէջ, նախքան բաւականաչափ ուժեղ դառնալը, որպէսզի դրդեն ինծի աշխատելու։ (Ես Վերտիի մասին վէպը մաս-մաս գրած եմ 1911ին եւ աւարտած՝ 1923ին)։ Հայերէն վէպիս պարագային, ես միայն անցեալ տարի սկսայ ուսումնասիրել եւ ուրուագծել զայն։ Ի հարկէ, ամրան ընթացքին աշխատանքը արագ յառաջընթաց ապրեցաւ, եւ այսօր ես արդէն աւարտած եմ գիրքին կէսէն աւելին (մօտաւորապէս 400 տպագիր էջ)։
 
«Ինչ ալ ըլլայ, բնականաբար, ես կը փափաքիմ նկատի ունենալ ձեր մտահոգութիւնը եւ խոնարհիլ ձեր առջեւ, քանի որ դուք ականատես մըն էք։ Այսուամենայնիւ, ես գրեթէ դժկամօրէն կը նշեմ, որ ստեղծագործական բնագաւառի մէջ չկայ նիւթական օրինաւորութիւն: Դուք քանի մը անգամ այս մասին կը  նշէք ձեր նամակին մէջ։ Թերեւս կան «անձնական» նիւթեր, որոնք կրնան պատկանիլ յստակ գրողի մը առանձնայատկութեան՝ Համաշխարհային պատերազմը, իր բոլոր գլուխներով, որոնցմէ մէկը հայկական ողբերգութիւնն է, որ ոչ մէկ պարագայի կրնայ հիմնուիլ այս նիւթերուն վրայ: Արդարացիօրէն հաշուի առնելով, որ ձեր ունեցած մեծ փորձառութեամբ եւ ճակատագրական կապուածութեամբ, դուք հսկայական առաւելութիւն ունիք իմ նկատմամբ, որ չի կրնար իր գործը ստեղծել՝ հիմնուելով փորձի, ուղղակի ազդեցութեան, զգայական ընկալման վրայ, այլ միայն երեւակայութեան, հնարամտութեան եւ այսպիսով պատմական որոշ փաստաթուղթերու հիման վրայ։ Հետեւաբար, այդպիսի մրցակցութեան պարագային աւելի շատ անհանգստութիւն պէտք է ըլլայ իմ կողմէս։
 
«Սակայն, յարգելի Վեկնըր, ես կը հաւատամ, որ երկուքս ալ կրնանք շատ հանգիստ ըլլալ, քանի որ մեր գործերը, անշուշտ, ամբողջութեամբ տարբեր կ՛ըլլան։ Իմ գործս կ՛օգտագործէ միայն մէկ դրուագի վաւերական փաստերը, որոնք քանի մը էջով ընդգրկուած են Լեփսիուսի «Ալսթըր» հաւաքածոյին մէջ: Դրուագը ինծի կը ծառայէ իբրեւ համընդհանուր մարդկային իրադարձութիւն, խորհրդանշական զարգացման, զուտ յօրինուած կերպարներու շրջանակ, բան մը, որ ինքնանպատակ չէ, այլ միայն հնարաւորութիւն: Իմ գիրքիս մէջ շատ չի խօսուիր վայրագութիւններու եւ կոտորածներու մասին: Ես մէկ կողմ կը դնեմ վաւերագրական բոլոր նիւթերը: Կարեւոր կ՛ըլլայ միայն յօրինուած կերպարներու մարդկային ճակատագիրը: Այն տեսարանը, որուն մասին ես նկատի ունիմ, որուն բովանդակութիւնը ձեզի յայտնի դարձած է թերթերու միջոցով, շատ քիչ կապ ունի իրական վէպին հետ: Ձեր բազմամեայ աշխատութիւնը կը ներկայացնէ հայկական ճակատագիրին հսկայական եւ հոյակապ պատկերը՝ տասը հազար մանրամասնութիւններով: Մինչդեռ իմս, յոյսով եմ՝ կ՛ըլլայ պատմութիւն, որ կը սահմանափակուի յստակ տարածաշրջանով եւ մարդերու փոքր հատուածով մը: Շեշտը պիտի դրուի մարդկային առասպելական կողմին վրայ, այլ ոչ թէ հայկական հարցի:
 
«Վերջապէս, ես զարմացած եմ այն մեղմ կասկածին վրայ, որ կը հնչէ ձեր նամակի որոշ տողերէն:
 
«Դուք կ՛ենթադրէք, որ ես լսած էի ձեր նամակագրութեան մասին Փրուսիոյ Կաճառի եւ Փօլ Զսոլնայի հրատարակչութեան հետ, եւ թերեւս ոգեշնչուած եղած եմ իմ հայկական վէպը գրելու համար: Իրականութեան մէջ, ես իմ կեանքիս մէջ առաջին անգամ ըլլալով 14 տարի առաջ մտած եմ բանաստեղծներու կաճառի նիստերու սենեակ, իսկ ինչ կը վերաբերի նամակագրութեան հրապարակման, ապա իմ սեփական նիւթերը արդէն բաւականաչափ ձանձրացնող են: 
 
«Բայց արդեօ՞ք կարելի է մտածել, որ դուք լրջօրէն կը հաւատաք, որ ձեր աշխատանքի փաստերը կրնային խթանել նիւթի իմ ընտրութիւնս եւ ձեզ հեռացնել աշխատանքէն: Դուք բանաստեղծ էք, եւ, հետեւաբար, գիտէք, որ մենք չենք ընտրեր նիւթը, այլ նիւթը կ՛ընտրէ մեզ: Չկայ աւելի խելամիտ բան, քան այն, ինչ որ ես կը գրեմ, ինչ որ կարեւոր է, այսինքն՝ կը թելադրուի ներսէն:
 
«Մինչեւ երէկ ես ձեր գիրքերէն ունէի միայն «Քաղաքներու դէմքը» գեղեցիկ հատորը, զոր ես կը սիրեմ եւ կը հիանամ ատով: Դժբախտաբար, ես չեմ կարդացած ձեր արձակներէն որեւէ մէկը: Քանի որ շատ կ՛աշխատիմ, գրեթէ ոչ մէկ վէպ եւ պատմուածք կը կարդամ: Ես պարզապէս ստացայ ձեր բաց նամակը՝ ուղղուած (նախագահ) Ուիլսընի: Ձեր խօսքերուն իրական փայլը խորապէս յուզեց զիս։ Կը Խնդրեմ, մի՛ գերագնահատէք մրցակցութիւնը մեր աշխատանքներուն: Անոնք կ՛երթան տարբեր ուղիներով:
 
«Ինծի համար եւ ամբողջ աշխարհի մէջ, դուք մեծ հեղինակութիւն էք հայկական հարցով՝ գիտելիքներու, փորձառութեան եւ կապուածութեան միջոցով: Ասիկա ես հասկցայ երէկ, ընդամէնը քանի մը էջ կարդալով: Սակայն այս էջերուն բուռն զգացումը նաեւ կը խօսի այն մասին, որ ձեր հրատարակիչը չի կրնար դժբախտ ըլլալ, նոյնիսկ այն պարագային, երբ  ուրիշ մը, ըլլայ ան  ոչ մասնագէտ կամ  արուեստագէտ, կը փորձէ իրականացնել նոյն առաքելութիւնը»:
 
Բարեբախտաբար, Վեկնըր չյաջողեցաւ համոզել Ֆրանց Վերֆելը՝ հրաժարելու «Մուսա լերան քառասուն օրը» գրելէն: Միւս կողմէ, Վեկնըր հրատարակեց իր ծրագրած քառահատորին միայն առաջին հատորը՝ աշխարհը զրկելով Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ականատեսի իր արժէքաւոր պատմութիւններէն:
 
Յարութ Սասունեան 
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
  -   Յօդուածներ