ԵՐԲ ՕՐԴ ԱՒԵԼԻ ԼԱՒ ԱՒԱՐՏ ՉԻ ԿՐՆԱՐ ՈՒՆԵՆԱԼ. Րաֆֆի Տուտագլեան


ԵՐԲ ՕՐԴ ԱՒԵԼԻ ԼԱՒ ԱՒԱՐՏ ՉԻ ԿՐՆԱՐ ՈՒՆԵՆԱԼ. Րաֆֆի Տուտագլեան

  • 06-11-2019 23:51:30   | Հայաստան  |  Մեկնաբանութիւն

 
 
 
 
Ընկերս՝ Աբոն եւ ես, այսօր առաւօտ հեռախօսով իրար հետ կապուեցանք եւ որոշեցինք կէսօրին միասին «թեթեւ» ճաշ մը ուտել: Երեւանի կեանքի ամէնէն հաճելի բանը այն է, որ կէսօրին կամ երեկոյան, ճաշի ընդմիջումին կամ գործէն դուրս գալուն, կրնաս հեռաձայնել ընկերներուդ կամ հարազատներուդ եւ շատ հեշտութեամբ ճաշի, սուրճի կամ բաժակ մը գինիի շուրջ հանդիպում կազմակերպել:
 
Պայծառ, արեւոտ երկինքը տեսնելով եւ շատ քալելու ու շարժունակ ըլլալու բժիշկիս խորհուրդները յիշելով, որոշեցի թաքսի չվերցնել եւ ոտքով երթալ մեր որոշած ճաշարանը:
Կէսօրուայ ժամուն դուրս ելայ եւ սովորական ճամբուն փոխարէն, ճաշարան տանող աւելի երկար ճամբայ մը ընտրեցի: Դեռ հարիւր մեթր չէի քալած, կողքի սրճարանին մէջ տեսայ Պէյրութի վաղեմի ընկերներէս՝ Ժան Ժագը եւ իր դիմաց նստած անծանօթ մը: Ժան Ժագ հեռուէն տեսաւ զիս եւ ձեռքով հրաւիրեց միանալու իրենց: Թէյ պատուիրեցինք եւ զրուցեցինք աջէն-ձախէն նիւթերու մասին: Տեղեկացայ, որ քանի մը տարի Տուպայի մէջ ապրելէ ու աշխատելէ ետք, Ժան Ժագ նորէն տեղափոխուած է Հայաստան եւ դերձակութեան իր գործին համար արդէն տեղ հայթայթած է ու պայմանագրերը կնքած: Իր ընկերը, Յովսէբը, կանանց հագուստի կարի գործարան բանալու համար նախնական աշխատանքները սկսած է եւ արդէն իրաւաբանի հետ պայմանաւորուած է, թղթաբանական եւ օրինական աշխատանքները վերջացնելու նպատակով: Ժան Ժագ շնորհակալութիւն յայտնեց ինծի՝ իրեն լաւ իրաւաբանի ծանօթացուցած ըլլալուս համար եւ յուշեց, որ ամիսներ առաջ կապի մէջ դրած էի զինք երիտասարդ, լաւ պատրաստուած փաստաբանի մը հետ:
 
Զրոյցը կրնայինք երկար շարունակել, բայց հազիւ թէյը խմած, ցտեսութիւն ըսի եւ արագ քայլերով հասայ ճաշարան ու միացայ Աբոյին: Որոշ տարիքէ ետք «թեթեւ» ուտելը պարտադիր կը դառնայ բոլորիս համար եւ մենք, ճաշացուցակի բոլոր համով կերակրատեսակները անտեսելով՝ որոշեցինք բաւարարուիլ աղցաններով: Ի վերջոյ, Հայաստանի բանջարեղէնն ու կանաչները այնքան համով են, որ նոյնիսկ միայն աղցաններով փառաւոր ճաշ ուտելու հաճոյքը կարելի է ստանալ: Հազիւ սկսած էինք ճաշել, երբ կողքի սեղանէն մեզի մօտեցաւ բարետես կին մը:
 
- Բարեւ ձեզ, անունս Գայանէ է, ես ձեր կնոջ հետ վերջերս ծանօթացայ: Թորոնթոյից ենք, նոր տեղափոխուեցինք Հայաստան: Աղջիկս արդէն ամերիկյան համալսարանում է սովորում, ամուսինս էլ շուտով կը միանայ մեզ...
 
Ուրախութեամբ ծանօթացանք Գայանէին եւ տեղեկացանք, որ տարիներ առաջ Հայաստանէն արտագաղթած էին Թորոնթօ եւ հիմա արդէն որոշեր են վերադառնալ Հայաստան, արդէն այստեղ են, որովհետեւ «հայի հայրենիքը Հայաստանն է, եւ ով կարող է՝ պէտք է գայ...»
 
Տեղեկացանք, որ Գայանէի ամուսինը Cyber Security-ի մասնագէտ է եւ Հայաստանի մէջ պիտի բանայ իր սեփական պիզնէսը: Իրենց երիտասարդ, համալսարանական աղջիկը յարմարուելու ժամանակ պէտք ունի, բայց սա լուծուող խնդիր է եւ այլ դժուարութիւններ չեն դիմագրաւեր: Յաջողութիւն մաղթեցինք Գայանէին ու կարճ, բայց հաճելի զրոյց ունենալէ ետք շարունակեցինք մեր ճաշը:
 
Գրասենեակ վերադարձած ատեն, ճամբուն վրայ երիտասարդ տղայ մը կանգնեցուց զիս:
 
- Բարեւ, ես Րաֆֆին եմ, Պէյրութէն: Քեզի Ֆէյսպուքէն գիտեմ: Ես մասնագիտութեամբ DJ եմ, արդէն մի քանի շաբաթ է Երեւան եմ: Դաւթաշէնէն տուն գնած եմ, մէկ-երկու հարցում ունիմ: Ջուրի եւ ելեկտրականութեան հաշիւները պէտք է անունիս դարձնեմ, ուրիշ բաներ ալ ունիմ ընելիք, ըսաւ երիտասարդը եւ խնդրեց, որ մասնագէտի ծանօթացնեմ իրեն:
 
Քիչ մը խօսեցանք Լիբանանի իրավիճակէն, Հայաստանի մէջ իր գործերէն եւ այլ նիւթերէ: Երբ կը պատրաստուէի մեկնելու, Րաֆֆին ըսաւ.
- Հաճիս թիւս գրէ, «DJ Րաֆֆի» գրէ, եթէ պէտք ըլլայ ես կրնամ օգտակար ըլլալ ձեր միջոցառումներուն:
 
«Անպայման», ըսի ու շտապեցի աշխատանքի: Լիքը գործերէն զատ՝ ժամը 4:00-ին ժամադրութիւն ունէի Սփիւռքի Հարցերով Բարձր Յանձնակատար Զարեհ Սինանեանին եւ Յանձնակատարի գրասենեակի ղեկավար Սարա Անճարկոլեանի հետ: Երբ ժամանեցի իրենց մօտ, անմիջապէս պատմեցի երեք պատահական հանդիպումներու եւ երեք հայրենադարձերու մասին:
 
- Այսօր իրապէս իւրայատուկ օր էր, ամէն օր այսպէս բան չի պատահիր: Առաջին անգամ ըլլալով է, որ մի քանի ժամուան ընթացքին երեք նոր հայրենադարձերու կը հանդիպիմ, երեքն ալ՝ դրական էներգիայով, աշխուժ անձնաւորութիւններ, որոնք տրամադրութիւնս բաւական բարձրացուցին, ըսի ես:
 
Սարա Անճարկոլեանը իր կարգին պատմեց, որ այսօր Աւստրալիայէն նամակ ստացած է. չորս երեխաներով ընտանիք մը կ'ուզէ տեղափոխուիլ Հայաստան եւ կը հետաքրքրուին գործի հնարաւորութիւններով:
Զարեհ Սինանեանն ալ գրասեղանին վրայէն վերցուց հեռախօսը եւ ցոյց տուաւ բազմաթիւ պատգամներ ու նամակներ, որոնք ուղարկուած էին իր messenger-ին: Բոլորն ալ հետաքրքրուած էին հայրենադարձութեամբ, կ'ուզէին տեղեկանալ պետական եւ այլ ծրագիրներու մասին:
 
Մեր գործերուն մասին խորհրդակցելէ ետք, երբ տուն կը վերադառնայի, արդէն տեղի ունեցաւ չորրորդ անակնկալը: GG թաքսի կանչեցի ու մի քանի րոպէ անց տեղաւորուեցայ ինքնաշարժին մէջ: Վարորդին հետ դեռ երկու բառ չէի փոխանակած, երբ անմիջապէս զգացի, որ հայրենադարձ է: Ուրկէ եկած ըլլալուն մասին հարցուցի ու իմացայ, որ Լիբնանացի է:
 
- Լիբանանէն եմ, Պէյրութէն: Գրեթէ տարի մըն է Հայաստան եմ արդէն: Երկու գործ կ'ընեմ, կոշիկի նորոգութիւն եւ վարորդութիւն: Փառք Աստուծոյ, ընտանիքս կը պահեմ, դժգոհութիւն չունիմ: Սկիզբը քիչ մը դժուար էր, ճամբայ չէի գիտեր, լեզուներն ալ տարբեր են... մեր խօսածին կէսը արաբերէն է, իսկ հոս ալ շատ ռուսերէն բառեր կը գործածեն: Հիմա արդէն ամէն ինչ կը հասկնամ, տուն ալ գնեցի, հանգիստ եմ, ինչ լաւ է ազատ անկախ հայրենիք ունենալը...
 
Երբ իջայ թաքսիէն, շէնքի մուտքին առջեւ կանգնած մնացի ու փորձեցի հասկնալ՝ այսօր տեսածներս ու լսածներս, հանդիպումներս ու զզրոյցներս իրակա՞ն էին, թէ...
 
Չէ, իրական էին: Հազուադէպ, բայց իրական:
 
Օրը ասկէ աւելի լաւ աւարտ չէր կրնար ունենալ:
 
Րաֆֆի Տուտագլեան
 
Գրեցէ՛ք ինծի:
rafdoud@aol.com
 
Նոյեմբեր 6, 2019
 
  -   Մեկնաբանութիւն