Յարութ Սասունեան. Հայեր Սթամպուլէն Նիւ Եորք Կը Թռչին՝ Մասնակցելու Համար Թրքական Քարոզչութեան


Յարութ Սասունեան. Հայեր Սթամպուլէն Նիւ Եորք Կը Թռչին՝ Մասնակցելու Համար Թրքական Քարոզչութեան

  • 13-11-2019 16:03:59   | Հայաստան  |  Յօդուածներ

Զարմանալի է, թէ ինչեր կ՛ընէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը՝ Պոլսոյ հայ հոգեւորականութիւնն ու աշխարհիկ մարդիկը իր քարոզչական արշաւին մէջ ընդգրկելու համար։
 
5 Նոյեմբեր 2019ին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի Հաղորդակցութեան գրասենեակը ցուցահանդէս կազմակերպած է Նիւ Եորքի մէջ՝ ներկայացնելով Արեւմտեան Հայաստանի (ներկայիս արեւելեան Թուրքիա) Աղթամար կղզիին մէջ, Վանայ լիճի ափին գտնուող հայկական Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ լուսանկարները։
 
Ցուցահանդէսի բացման ներկայ էր ոչ միայն Նիւ Եորքի մէջ Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոս Ալփեր Աքթաշ, այլեւ, որքան ալ զարմանալի էր, կը մասնակցէին շարք մը հայ ղեկավարներ, ինչպէս նաեւ Սթամպուլէն ժամանած քրիստոնեայ այլ հոգեւորականներ։ Մասնակիցներու շարքին էին Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի տեղապահ Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեան, Պոլսոյ հոգեւորական Շիրվան Միւրզեան, Պոլսոյ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիր, Ծնունդ Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ ատենապետ Մեսութ Օզտեմիր, Պոլսոյ Գուզկունճուքի Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ատենապետ Եդուարդ Այվազեան, Պոլսոյ Սուրբ Գրոց միութեան Թուրքիոյ մասնաճիւղի տնօրէն Թամար Քարասու, «Լոյս» երկշաբաթաթերթէն Արամ Քուրան, Պոլսոյ հայկական Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Պետրոս Շիրինօղլու եւ անոր կինը, Թուրքիոյ ազգային փոքրամասնութիւններու համայնքի հիմնադրամի ներկայացուցիչ Մորիս Լեւի, Ասորական հնագոյն եկեղեցւոյ հիմնադրամի նախագահ Սայիթ Սուսին, Ամերիկեան յունական ուղղափառ եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոս Էլփիտոֆորոս Լամպրինատիս, եւ հայկական ու թրքական համայնքներու շարք մը ներկայացուցիչներ: Ես ուրախ եմ, որ Միացեալ Նահանգներու Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւորականներէն ոեւէ մէկը չմասնակցեցաւ Նիւ Եորքի ցուցահանդէսի բացման արարողութեան:
 
Թէեւ հասկնալի է, որ հաշուի առնելով Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միջեւ առկայ լարուած յարաբերութիւնները, Թուրքիոյ կառավարութիւնը կ՛ուզէր Միացեալ Նահանգներու մէջ քարոզարշաւ իրականացնել՝ իր արատաւորուած կերպարը բարելաւելու նպատակով, սակայն առաւել քան անընդունելի է հայ աշխարհիկ մարդոց եւ հոգեւորականութեան, ինչպէս նաեւ ասորի ու յոյն  ղեկավարներու մասնակցութիւնը։ Կարելի է արդարացնել Պոլսոյ ղեկավարներու մասնակցութիւնը, հաշուի առնելով, որ անոնք պատանդ են թրքական կեղեքիչ վարչակարգին ձեռքը։ Եպիսկոպոս Մաշալեանի պարագային, այսուամենայնիւ, կրնայ ըլլալ, որ ան յօժարակամ եկած է, նկատի առած, որ ան Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքական աթոռին համար Դեկտեմբերին կայանալիք ընտրութիւններու գծով երկու թեկնածուներէն մէկն է։ Եպիսկոպոսը լաւ գիտէ, որ Թուրքիոյ կառավարութեան ցանկութեան ընդդիմանալը կրնայ իր վրայ շատ սուղ նստիլ՝ զրկելով զինք պատրիարքական աթոռէն։
 
Հակառակ Էրտողանի կառավարութեան՝ Ամերիկայի մէջ քարոզչութիւն իրականացնելու խիստ փափաքին, անիկա չկրցաւ օգտուիլ այդ կարելիութենէն։ Թուրքիա մեծ ծախսեր ըրաւ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ 88 լուսանկարները Նիւ Եորք բերելու, ցուցահանդէսի դահլիճ վարձելու Մէնհեթընի մէջ, Սթամպուլէն Նիւ Եորք  մէկ տասնեակէ աւելի հիւրեր տեղափոխելու եւ տեղաւորելու, ինչպէս նաեւ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մասին պատմող՝ «Յայտնի կը դառնան Անաթոլիոյ մէջ թաքնուած յուշարձանները․ Աքտամար» ֆիլմը նկարահանելու համար, որ ցուցադրուեցաւ ցուցահանդէսին։ Այսուամենայնիւ, Թուրքիոյ կողմէ վարձուած եւ բարձր վարձատրուող ամերիկեան լոպիիստական ընկերութիւններէն չէին խնդրած կամ անոնց չէր յաջողուած ամերիկեան լրատուական միջոցներով տարածել ցուցահանդէսի մասին քարոզչութիւն։ Երկրորդ, Թուրքիոյ կառավարութիւնը չէր մտածած ցուցահանդէսի բացումը յետաձգել մէկ շաբաթով, որպէսզի Էրտողան, որ այս շաբաթ պիտի գտնուի Ամերիկա, կարենար մասնակցիլ ժապաւէնը հատելու պաշտօնական արարողութեան։ Սեպտեմբերին Էրտողան ներկայ գտնուած էր Նիւ Եորքի մէջ աշխարհահռչակ պոլսահայ լուսանկարիչ Արա Կիւլերի լուսանկարներու ցուցահանդէսի բացման հանդիսութեան, որ եւս հովանաւորուած էր Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ։
 
Ահա այն պատճառները, թէ ինչու Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ լուսանկարներու ցուցահանդէսը կը նկատեմ թրքական քարոզչութեան դրսեւորում.
1)  Թրքական կառավարութիւնը Սուրբ Խաչը հռչակած էր թանգարան, ոչ թէ եկեղեցի, արտօնելով հայերուն հոն պատարագ մատուցել տարին մէկ անգամ՝ յատուկ թույլտուութեամբ։ Նիւ Եորքի մէջ ցուցահանդէս կազմակերպելու փոխարէն շատ աւելի կարեւոր կ՛ըլլար Սուրբ Խաչը պահել որպէս եկեղեցի, այլ ոչ թէ թանգարան։ Ինչո՞ւ հայ եւ միւս հոգեւորականները կը նշեն թանգարանի ցուցահանդէսի բացումը։ Եթէ անոնք քիչ մը  քաջութիւն ունենային, կը հրաժարէին ցուցահանդէսի բացման մասնակցելէ, մինչեւ որ զայն  դարձեալ վերածէին եկեղեցիի, որուն կառուցումը աւարտած է 921 թուականին, հայոց թագաւոր Գագիկ Արծրունիի հովանաւորութեամբ։ Այցելուները նոյնիսկ ստիպուած են վճարել «թանգարան» մուտք գործելու համար:
 
2)  2007ին, Սուրբ Խաչ տաճարի վերանորոգումէն ետք, Թուրքիոյ կառավարութիւնը թոյլ չտուաւ խաչ տեղադրելու եկեղեցւոյ գմբէթին՝ պատճառաբանելով, որ անիկա չափազանց ծանր է գմբէթի համար: Ի վերջոյ, շատ քննադատութիւններէ ետք, Թուրքիոյ կառավարութիւնը 2010ին թոյլատրեց խաչ տեղադրել Սուրբ Խաչ տաճարի վերեւը:
 
3)  Թուրքիոյ կառավարութիւնը թրքացուցած է կղզիին անուանումը՝ զայն Աղթամարէն փոխելով Աքտամարի (որ թրքերէն կը նշանակէ «Սպիտակ երակ»)։
 
4)  Իր ելոյթին մէջ, եպիսկոպոս Մաշալեան գովաբանեց նախագահ Էրտողանը՝ Նիւ Եորքի մէջ այս ցուցահանդէսը բանալուն համար․ «Նախագահի առաջնորդութեամբ, յատուկ ուշադրութիւն եւ հետաքրքրութիւն ցուցաբերուած է Աքտամար եկեղեցւոյ․․․: Ասիկա թուրք եւ հայ ժողովուրդներու միջեւ դժուարութիւնները յաղթահարելու համար մշակութային նախաձեռնութիւն մըն է, ինչպէս նաեւ բարի կամքի վրայ հիմնուած կամուրջ` աւելի լաւ ապագայի եւ փոխըմբռնման համար»։
 
5)  Սթամպուլի հայկական Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Պետրոս Շիրինօղլու յայտարարեց, որ «Նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան մեծ ջանքեր գործադրած է փոքրամասնութիւններու համայնքներուն համար...: Մենք կը փափաքէինք երախտագիտութիւն յայտնել անոր՝ իր ցուցաբերած բոլոր օգնութիւններուն համար եւ [նախագահի] Հաղորդակցութեան գրասենեակին, այս ցուցահանդէսին համար»։  
 
6)  Ամերիկեան յունական ուղղափառ եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոս Էլփիտոֆորոս Լամպրինատիս ուժեղացուց թրքական քարոզչութիւնը՝ ընդգծելով ցուցահանդէսին  ներկայացուած լուսանկարներու նշանակութիւնը՝ Թուրքիոյ մէջ քրիստոնեայ փոքրամասնութեան ցուցաբերուող կարեւորութիւնը մատնանշելու առումով՝ ըսելով․ «Թուրքիան կ՛ընթանայ ճիշդ ուղղութեամբ, եւ լաւ է այս մասին պատմել ամբողջ աշխարհին»:
 
7)  Նախագահ Էրտողան անցեալ շաբաթ թրքական լրատուական միջոցներուն հպարտութեամբ ըսաւ, որ Թուրքիոյ փոքրամասնութեան խումբերու 17 ներկայացուցիչներ այժմ կը գտնուին Նիւ Եորք՝ «Աքտամար եկեղեցւոյ» լուսանկարներու ցուցահանդէսին առիթով:
Եթէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը իսկապէս անկեղծ էր Աղթամարի մէջ գտնուող հայկական եկեղեցւոյ աջակցելուն մէջ, ապա ինչո՞ւ վերջերս թոյլ տուաւ խումբ մը ատրպէյճանցիներու՝ այցելել եկեղեցի եւ պնդել, որ անիկա կովկասեան ալպանական քրիստոնէական եկեղեցի է: Ասիկա հերթական սուտ է, որ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը կ՛օգտագործէ Ատրպէյճան  գտնուող բոլոր հայկական պատմական եկեղեցիները ներկայացնելու համար: Ատրպէյճանցի այցելուները Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ ներսը ծածանեցին ատրպէյճանական եւ թրքական դրօշակները, մինչ «ատրպէյճանցի քահանայ մը» իբր թէ կ՛աղօթէր։ Եկեղեցւոյ դրան առաջ ատրպէյճանցի ներկայացուցիչը հայերը մեղադրեց Ատրպէյճան ներխուժելու եւ վայրագութեան յանցանքով։ Թրքական կառավարութիւնը ներողութիւն պէտք է խնդրէ հայերէն` այսպիսի բացայայտ սուտ մը թոյլատրելուն համար․․․
 
 
Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
  -   Յօդուածներ