Ի Սրտէ Շնորհաւորանք՝ 120 Տարեկան Երիտասարդ Մեր «Հայրենիք»-ին. Գէորգ Պետիկեան


Ի Սրտէ Շնորհաւորանք՝ 120 Տարեկան Երիտասարդ Մեր «Հայրենիք»-ին. Գէորգ Պետիկեան

  • 11-01-2020 13:29:38   | Հայաստան  |  Մեկնաբանութիւն

 
Այս տարի «Հայ Մամուլ»ի տարի հռչակուեցաւ՝ պաշտօնապէս։
Սփիւռքեան գրիչներ արդէն լայն ձեւով այս խապրիկը տարածեցին եւ ապա լիարժէք կերպով ալ շեփորեցին, կրկնելով, թէ հայ մամուլը մեր գոյութեան վկան եղած է եւ է՛ տակաւին։
Ու գեղեցիկ պատահականութեան իբրեւ արդիւնք, տեսանք, որ այս տարի նաեւ կը զուգադիպի Պոսթընի մեր «Հայրենիք» շաբաթաթերթին ծննդեան 120-ամեակը։
Արդ, այս կարճ նախաբանէն ետք, կ՚ուզեմ հանդարտ անկեղծութեամբ յիշեցնել, որ սոյն շաբաթաթերթի ծնունդը ծրագրուած ու իրականացած էր շնորհիւ հաւատաւոր այն նուիրեալներու ճիգերուն, որոնք մտահոգուած էին հայու լուսաւոր վաղուան։
Ուստի, հայրենի մայր հողէն եւ շունչէն հազարաւոր մղոններ հեռու, այս հսկայ լայնատարած երկրին մէջ, հայու ոգեղէն կամքով եւ հաւատքով կեանքի կոչեցին «Հայրենիք»-ը։
Ու ահա, տասնամեակներ շարունակ, իրարաջորդ խմբագիրներ, աշխատակիցներ եւ հայ գրիչներ համեստօրէն եւ արդար եկան, իրենց մտքի մաքուր հոսքը թափեցին այս մամուլի էջերուն վրայ, յանուն հայու բեկորները արթուն եւ գիտակ պահելու մեծ նպատակին։
Ու գրեթէ ամէն օր եւ ամէն առիթով անոնք գրական, քաղաքական, ազգային եւ ընկերային չափանիշներ հաստատեցին այս նորածին թերթի սիւնակներուն վրայ, միեւնոյն ատեն հայ անկախ պետութեան եւ պետականութեան գաղափարախօսութիւն սերմանեցին ընթերցողներու մտքերուն մէջ։
Աւելին՝ հայկական ինքնութիւն, ազգային պատանելիութիւն եւ մտածողութիւն քարոզեցին ու ամերիկահայ մամուլի այս նահապետը, Ամերիկայի ամբողջ տարածքին, հայ զանգուածները կապելու յստակ բանալին եւ հաստատ կապն ու կամուրջը դարձուցին։
«Հայրենիք» շաբաթաթերթ ըսի։ Յարգանքով պէտք է մօտենալ։ Յիշել եւ յիշատակել։ Որովհետեւ
ինքն էր, որ իբրեւ առաջինը՝ բոլորին համար դարձաւ խօսքի ու շունչի մաքուր բեմ մը, ուր հայը ինքզինք փնտռեց ու նաեւ իր մէջ փնտռեց իր հայութիւնը, հայրենիքի կարօտի կողքին։
Այսպէս, «Հայրենիք»ը, պատիւ իրեն, նաեւ հայութեան կապը ամրապնդելու համար ենթահող պատրաստեց։ Պարզեց ճշմարտութիւնն ու հետաքրքրութիւնը հանդէպ հայրենիքի եւ Սփիւռքի իրավիճակներուն, օրուան ազգային տագնապներու կողքին։ Հայ ապրումներ եւ համոզումներ ներկայացուց։ Մեծ յանձնառութիւններու տակ մտաւ ու հոսող ժամանակին դէմ թիավարեց հոսանքն ի վեր, ուժ ունենալով միայն իր ժողովուրդի ծոցէն ծնած մեծ կազմակերպութեան ներքին հաւատքը, գաղափարակից ընկերներու զօրակցութիւնը եւ ազգին պատկանելիութեան հուրն ու հայուն խաթարումներէ հեռու մնալու նախաձեռնութիւնը։
Եւ տակաւին՝ ցեղային մեր իսկութիւնը հաստատ պահելու տենչով, ան հաւատք եւ վստահութիւն դրաւ ժողովուրդին վրայ։ Ոգեկան հայրենիք կառուցեց իր հաւատաւոր ընթերցողներու հոգիներուն մէջ։ Հայութեան աւիշ, սէր, համբերութիւն սերմանեց ու այս ձեւով դաստիարակեց։
Մէկ խօսքով, ունեցաւ բարի ու սրբազան նպատակ, որ կը միաւորէր բոլոր հայերը։
Իր ամէնօրեայ, երկօրեայ եւ կամ շաբաթօրեայ իրավիճակներով, ան նաեւ հայկականութիւն բուրող տենդով, տողերով, սիւնակներով ջերմացուց հայու սառած միտքն ու հոգին։
Թէեւ յաճախ համտեսեց ցնցումներ, տեղաշարժեր, լեղի ու դառն օրեր, բայց երբեք ու երբեք չյուսահատեցաւ։ Որովհետեւ ինք գիտակից էր իր կոչումին, իր ներկայութեան էականութեան ու հրամայականին։
Ընդունինք կամ ոչ, ան միշտ մերժելով նահանջող հոգիներու ինքնարդարացումները, ժողովրդավար ձեւաւորումով, դար մը եւ աւելի՝ սէր եւ նոյնքան ալ դար մը եւ աւելի՝ հաւատարմութիւն սնուցանեցեւ տակաւին։ Արթնցուց եւ արթուն պահեց մեր հաւաքական գիտակցութիւնը։ Դէպի երկիր եւ անոր ազատ հողի պաշտամունքը, շունչն ու ոգին փչեց սփիւռքներու տարածքին։
Ու մինչեւ օրս, հակառակ անոր, որ շատ արեւներ անցան եւ զանազան աստղեր կառչեցան իր վրայ, իր խմբագրականներով, ազատ-անկախ-միացեալ հայրենիքի մը տեսլականը արդարօրէն նստեցուց հայու սրտին վրայ։ Դարձաւ յստակ եւ մաքուր ձայն մը, որ մեզ միշտ տուն կանչեց։ Գոյնզգոյն օղակներով մեր կեանքի պատմական դէմքերուն եւ դէպքերուն իմաստ տուաւ ու փորձեց նորոգել մեզմէ շատերու հաւատքի մաշած ոտնամանները։ Սրբեց անոնց հոգիի ժանգը։ Քաղաքական հարցերու կողքին ազգայինն ալ միշտ առաջնահերթ դարձուց ու հոգեկան հաճոյք բերաւ մեզի ու այս ձեւով ամէն շաբաթ ցեղին հաւատարիմ զաւակ մնալու իր կնիքը քանդակեց։
«Հայրենիք» շաբաթաթերթ։
Շատ «բաներ» կրնանք ըսել, յիշել, խօսիլ, բացայայտել։ Ինք՝ իբրեւ մեր հայ տարեց մամուլի ներկայացուցիչը, ամէն շաբաթ մեր արարքները շարունակեց գնահատել, առանց խտրականութեան։ Ու միշտ մեզի հետ ապրեցաւ եւ շնչեց։ Մեզի հետ ուրախացաւ եւ տխրեցաւ, որովհետեւ ինք մեր հայելին դարձած էր։ Մեր պատկերը։ Մեր հայու կամքի գաղտնի խորհուրդը։ Նոյնիսկ իբրեւ մնայուն արժէք, հայրենիքի, եկեղեցիի, դպրոցի, մշակոյթի եւ բոլոր ազգին բաղադրիչ մասնիկներով տագնապեցաւ ու այս բոլորին նոր յոյս եւ շունչ տալով, կերտեց մեր ազգային ու հաւաքական կարծիքը։
Վերջապէս՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթ։
Ինծի համար զինուոր մը։ Արթուն պահակ՝ որ կը շարունակէ ծառայել յանուն գաղափարին եւ իտէալին։ Ան մեր ազգային եւ կուսակցական ձգտումներուն խմորումը իր վաստակին մէջ, միշտ պատնէշի վրայ պայքարեցաւ եւ տակաւին արժանապատիւ գիտակցութեամբ եւ մանաւանդ խիզախութեամբ ու ճշմարիտ խօսքով կը շարունակէ իր ճամբան։
Ան մեզի համար միայն լուսաւոր ու պայծառ աշխարհին վրայ բացուող պատուհան մը չեղաւ, այլ մեր գոյութիւնը իմատաւորող, իր դերին գիտակցութիւնը սքանչելի հաւատարմութեամբ ճանչցող եւ հայու տագնապը ապրող փրկարար նախաձեռնութիւն մը դարձաւ, որ տակաւին կը շարունակէ քալել մեր կեանքին մէջ։
Անոր համար մեր ազգային կեանքէն ներս, ան արժանի է մեր բոլորի մեծարանքին, յարգանքին, գնահատանքին եւ անսակարկ քաջալերանքին եւ հոգածութեան։
Ու հիմա.- ո՞վ չի կրցաւ ճանչնալ «Հայրենիք»ը եւ կամ ո՞վ կրնայ ըսել, թէ իրապէս կը ճանչնայ այս շաբաթաթերթը, որ բոլոր իր գաղափարակից մամուլի սպասարկուներու նման, շարունակ մեզի շունչ տուաւ, նկարագիր կերտեց, հաւաքական առողջ կարծիք յայտնեց, հալածեց մութը, մեր միտքը հարստացուց, մեր ուխտը նորոգել տուաւ, մեր ժողովուրդի ստեղծագործ ուժը գնահատեց, հայութիւն փնտռեց եւ հայրենի երկրի ազատութեան ոգին շեփորեց եւ մեր՝ միւս ազգերէն տարբեր եւ դարերու մշակոյթ ունեցող մեր՝ ժողովուրդ մը ըլլալը հաստատապէս քանդակեց բոլորիս մտքերուն մէջ։
Վեհ ձգտում եւ նոյնքան ալ օրինակելի
Կեցուածք ու տեսակէտ ունեցող մեր այս թերթը, մեր բոլորին գուրգուրանքին այժանի պէտք է դառնայ։ Պէտք է շարունակել ընդունիլ զինք մեր տուներէն, մեր համացանցերէն։ Պէտք է հանդիպիլ իրեն։
Կարդալ, ընթերցել։ Նաեւ՝ սիրել եւ արժեւորել։ Մէկ խօսքով, քաջալերել եւ զօրավիգ կանգնիլ։ Փնտռել։ Տէր կանգնիլ, որովհետեւ ան մեր պատմական հարստութիւնն ալ է։
Արդ, յարգանքի, գիտակից եւ հաւատաւոր հայու ու երախտաւորի այս տողերուս, բարի մաղթանք մըն ալ կը կցեմ հայութիւն բուրող եւ հայ դատի եւ մայրենի լեզուի պաշտպան, կեցուածքի ու տեսակէտի տէր՝ մեր «Հայրենիք»ին, որպէսզի ան միշտ մնայ պատնէշի վրայ եւ յաջողութեամբ շարունակէ իր հիմնադիրներու գծած ուղին։
Ծնունդդ շնորհաւոր 120-ամեայ երիտասարդ «Հայրենիք»։
Բարի եւ յարատեւ երթ։
 
Գէորգ Պետիկեան
 
 
  -   Մեկնաբանութիւն